Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Կիպրոսը Անպատժելիութեան Զոհեր Են» Ըսաւ Կիպրոսի Նախագահը

April 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11076_bԿիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի եւ Կիպրոսի պատմութիւնները փոխշաղկապուած են: «Մենք այստեղ ենք շատ յառաջատար գործիչներու հետ միասին` հայ ժողովուրդին հետ միասին յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին: Շատ դրական է, որ Կիպրոսն ու Հայաստանը միասնաբար կը դատապարտեն ցեղասպանութեան ոճրագործները: Կիպրոսը առաջիններէն էր, որ ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրիս ներկայութեան նպատակը վառ պահելն է այս ողբերգութեան զոհերուն յիշատակը, ուղերձ յղել, որ անպատժելիութիւնը չի կրնար անպատիժ մնալ:

«Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Կիպրոսը անպատժելիութեան զոհեր են, մեր պատմութիւնները փոխշաղկապուած են: Չեմ կրնար չյիշատակել, որ 100 տարի առաջ` Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք հայ տեղահանուածներու նաւերը` բեռնուած բազմաթիւ անձերով, ապահով ապաստան գտան Կիպրոսի մէջ», ըսած է ան:

«Կիպրացիները հպարտ են, որ այդ տեղահանուածներուն թոռներն ու երեխաները Կիպրոսի հասարակութեան աշխուժ անդամներն են, իրենց ծագումը կը պաշտպանեն արժանապատիւ կերպով: Ժամանակն է, որ պատմական փաստերը ճանչցուին, ատիկա կարեւոր է նաեւ դրացի երկրի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», ըսած է Նիքոս Անասթասիատիս:

«Մենք այստեղ ենք, որ յարգանքի տուրք մատուցենք հայ ժողովուրդին, որ իր ուժով կրցաւ կենդանի մնալ միլիոնաւոր նախնիներու կեանքին գնով: Մեծ եղեռնը յիշելը, վերապրողներու ուժին յարգանքի տուրք մատուցելը շատ կարեւոր է, եւ ամբողջ մարդկութիւնը կը կրէ այդ պարտաւորութիւնը: Մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք», յայտարարած է Կիպրոսի նախագահը:

 

 

 

Նախորդը

Նշելով, Որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումը Ֆրանսայի Համար Պարտաւորութիւն Է. Հոլլանտ. «Մենք Թուրքիայէն Այլ Խօսք Կը Սպասենք»

Յաջորդը

«Զանգուածային Սպանութիւնները Չեն Կրնար Արդարացուած Ըլլալ» Ըսաւ Փութին

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.