Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «1915-ի մայիսին Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Ռուսիան հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն` հայ ժողովուրդին հետ կատարուողը որակելով մարդկութեան դէմ ոճիր: Առաջին անգամ ըլլալով մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած ոճիր հասկացողութիւնը մուտք գործեց պատմութեան մէջ»:
Ան նշեց, որ Ֆրանսա ընդունեց ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն մէկ մասը, որոնք Ֆրանսա հասած էին իրենց հետ իբրեւ միակ իր, գոյք, ճամպրուկ ունենալով իրենց յիշողութիւնը: «Կը փնտռէին նոր հայրենիք: Այդ նոր հայրենիքը պաշտպանեցին մեծագոյն քաջութեամբ, երբ կ՛ենթարկուէր նացիական յարձակումներուն: Իրենց տաղանդով, հանճարով նպաստեցին Ֆրանսայի բարգաւաճման` Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, սակայն առանց մոռնալու իրենց յիշողութիւնը, ինքնութիւնը»:
«Կը գիտակցինք նաեւ, որ 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացումով եւ անհետացումով մէկ դար առաջ ցեղասպանութիւն բառը յայտնագործուեցաւ: Լեմքինը 1944-ին յօրինեց ցեղասպանութիւն բառը: 2001-էն Ֆրանսան օրէնքի ամբողջ հանդիսաւորութեամբ հրապարակաւ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2001-ին որդեգրուած օրէնքը ճշմարտութեան անհրաժեշտ արարք էր, որովհետեւ միայն ճշմարտութիւնը կրնայ մեղմացնել ցաւը, հանգստացնել ներկաները, յիշողութեան տուրք մատուցել զոհերուն: Այդ օրէնքը նաեւ յարգալից օրէնք է, չի մեղադրեր ներկան անցեալի մեղքերուն պատճառով, կը համապատասխանէ Ֆրանսայի արժէքներուն, որովհետեւ Ֆրանսա միշտ կը փափաքի ըլլալ այն մարդոց կողքին, որոնք կը մարտնչին իրենց ամէնէն սուրբ իրաւունքներուն համար», ըսաւ Հոլլանտ` նշելով, որ Ֆրանսա կը պայքարի ժխտողականութեան դէմ, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ վերստին իրագործել կոտորածները, Ֆրանսա տարբերութիւն չի դներ ողբերգութիւններուն միջեւ. «Ֆրանսա միշտ ներկայ է, Ֆրանսա միշտ կը հակազդէ»:
Ան նաեւ դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւնը, որուն զոհ կը դառնան իսլամները եւ քրիստոնեաները, ներառեալ` սուրիահայերը: «Ահաբեկիչները կ՛ոչնչացնեն նաեւ մշակութային ժառանգութիւնը, որովհետեւ անոնք կը փափաքին սպաննել ոչ միայն այն, ինչ որ ներկայ է, այլ նաեւ անցեալը, արմատները», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:
«Այդ պատճառով կարեւոր է այսօր ըլլալ Երեւանի մէջ` կոչ ուղղելու բոլորին պաշտպանելու բոլոր փոքրամասնութիւնները, յատկապէս Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք Միջին Արեւելքի հարստութիւնն են: Մենք պարտաւոր ենք ցուցաբերել մեր համերաշխութիւնը, աջակցութիւնը, մենք պէտք է պաշտպանենք բոլոր ժողովրդավարական պետութիւնները` այդ շրջանին մէջ կերտելու համար միասնական ապագայ», ըսաւ ան:
Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, ոգեկոչել ցեղասպանութիւնը` կը նշանակէ ընդունիլ ողբերգութիւն մը, որ իր ամբողջ ծաւալով հարուածած է ամբողջ մարդկութիւնը, ոգեկոչել զոհերու յիշատակը` կը նշանակէ թոյլ չտալ, որ այլ ոճրագործութիւններ վերստին տեղի ունենան աշխարհի մէջ. «Այդ պատճառով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը Ֆրանսայի համար պարտաւորութիւն է` յիշեցնելու համար այդ ոճրագործութեան հսկայական ծաւալները, յիշողութեան տուրք մատուցել զոհերու յիշատակին, միաժամանակ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը փոխանցել հետագայ սերունդներուն»:
Ան նշեց, որ Ֆրանսա կը փափաքի ներդրում ունենալ նաեւ հաշտեցման մէջ, որովհետեւ յիշողութիւնը պէտք չէ օգտագործել մասնատուելու համար, այլ միաւորուելու: Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային ի զօրու պիտի ըլլան բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նուիրուած է խաղաղութեան` Հայաստանի, շրջանի, ամբողջ աշխարհի համար: 100-ամեակը կոչ է խաղաղութեան, հաշտեցման: Թուրքիոյ մէջ շատ կարեւոր բառեր կան, որոնք արդէն հնչած են, կան կարեւոր բառեր, որոնք տակաւին կը սպասեն հնչելու, կարեւոր են ցաւը մեղմացնելու համար: Կը վերահաստատեմ, որ Ֆրանսա իր բոլոր գործընկերներուն հետ միասին ամէն ինչ պիտի ընէ խաղաղ լուծում գտնելու համար: Ասիկա է Երեւանի ուղերձը` խաղաղութիւն բոլորին, խաղաղութիւն զոհերու յիշատակին համար, վերապրողներու յիշողութեան համար, Միջին Արեւելքի շրջանին, համար: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը խաղաղութեան արարք է», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը: