Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զանգուածային Սպանութիւնները Չեն Կրնար Արդարացուած Ըլլալ» Ըսաւ Փութին

April 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11096_bԵրեւանեան այցելութեան ընթացքին Վլատիմիր Փութին մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման արարողութեան: «Մենք անկեղծօրէն կը ցաւակցինք մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը ապրած հայ ժողովուրդին: Սպաննուած է աւելի քան 1,5 միլիոն խաղաղ բնակիչ: 1915-ի իրադարձութիւնները ցնցած են ամբողջ աշխարհը, իսկ Ռուսիոյ մէջ ընդունուած են իբրեւ սեփական վիշտ: Հարիւր հազարաւոր անպաշտպան եւ անօթեւան հայեր ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ ապաստան գտած են եւ փրկուած», ըսաւ Փութին:

Քրեմլին կը հաղորդէ, որ Փութին ըսած է, «Ռուսական դիւանագիտութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած բռնութիւնը հասած է միջազգային քննադատութեան: Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Սազանովի նախաձեռնութեամբ` Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, իրենց միացեալ յայտարարութեամբ, տեղի ունեցածը կոչած են յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»:

«Հայ եւ ռուս ժողովուրդներու եղբայրական կապը դարերու պատմութիւն ունի: Այդպէս էր Հայրենական մեծ պատերազմի ընթացքին, այդպէս էր նաեւ Սպիտակի ողբերգութենէն ետք», յայտարարած է Փութին:

«Ռուսիոյ դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ հետեւողական: Մենք կը կարծենք, որ զանգուածային սպանութիւնները չեն կրնար արդարացուած ըլլալ: Ռուսիան նախաձեռնած եւ վաւերացուցած է շարք մը միջազգային փաստաթուղթեր` ուղղուած ողբերգութեան կրկնութեան անթոյլատրելիութեան», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Փութին կոչ ուղղած է յիշելու անցեալի ողբերգական իրադարձութիւնները եւ լաւատեսօրէն նայելու ապագային: «Յարգել զիրար, իրարու շահերը: Միայն այդպէս կարելի է աշխարհը աւելի լաւ ու կայուն դարձնել: Մենք ձեզի հետ ենք», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Թուրքիա դատապարտեց եւ մերժեց Փութինի արտասանած խօսքը:

 

 

 

Նախորդը

«Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Կիպրոսը Անպատժելիութեան Զոհեր Են» Ըսաւ Կիպրոսի Նախագահը

Յաջորդը

«Այդ Ողբերգութեան Ճանաչումը Կարեւոր Է Ատելութիւնը Եւ Այլատեացութիւնը Արմատախիլ Ընելու Համար» Ըսաւ Ռումանիոյ Նախագահը

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.