Յուշատօնի Յիսնամեակին Առթիւ
Տեսիլ Տէրունեան
Կ՛ըսուի, թէ թրքաբնակ գիւղաքաղաք մը տանող ճանապարհին վրայ յայտնուած է Հարցաքննիչ մը, որուն հոգիէն ու հագուստէն կը բխէր լոյս արծաթեայ:
Հասակագեղ էր, ողկոյզ ողկոյզ վարսերով, իսկ աչքերը քաղցրակապոյտ էին ու մոգութեամբ լի:
Պատմուճանեալ էր ճերմակ, ճաճանչաւոր կտաւով: Բաց էր գլուխը, ոտքերն ալ բոպիկ էին, ու հազիւ հողուն կը դպէին:
Հանդիպեցաւ համակրելի պատանիի մը, ձեռքը դրաւ անոր գլխուն վրայ եւ հարցուց.
– Տղա՛ս, քրիստոնեաներ կա՞ն այս աւանին մէջ:
Պատանին չլացաւ շնորհալի անձին տեսքէն ու խօսքէն, եւ պատասխանեց:
– Քրիստոնեանե՞ր… Ըսել կ՛ուզես` հայե՞ր… Մեծ հայրս կ՛ըսէ, թէ ժամանակին շատ ու շէն էին անոնք… Հիմա հազիւ քսան տուն են… Միւսները թուրքեր են…
– Ի՞նչ կ՛ընեն հայերը…
– Կ՛աշխատին: Արհեստաւորներ են` ատաղձագործ, երկաթագործ, բրուտ, հիւսն, որմնադիր, դերձակ, կօշկակար, ոսկերիչ…
– Հապա՞ թուրքերը…
– Անոնք ծուլութեան գործատեղիները կը հաւաքուին, այսինքն` սրճարանները: Կը քաշեն համրիչ, կլկլակ: Կը խմեն սուրճ, կը ծխեն, կը խօսին, կը վիճին ալ: Երիտասարդները կը խաղան, դրամի համար:
– Գոնէ կ՛աղօթե՞ն…
– Աղօթելը յոգնեցուցիչ կը գտնեն… Բայց դուն ի՞նչ ես… Չես նմանիր թուրքի… Հայ ալ չես, քանի որ հագուած ես նման գործաւորի… Բայց անպատճառ քրիստոնեայ ես…
– Իսկ դուն…
– Հայ քրիստոնեայ եմ:
– Դպրոց կ՛երթա՞ս, կը յաճախե՞ս եկեղեցի…
– Հայոց դպրոցը վերածուած է կառավարչատունի, իսկ մեր եկեղեցին` ախոռի: Մեր տաճարին մէջ, առաջ Աստուած կը բնակէր, իսկ հիմա թուրքերուն անասուններուն յատկացուած է: Եւ Աստուած ո՛չ կը պոռայ, ո՛չ կը պատժէ: Քանի՞ հարիւր տարի կը տեւէ համբերութիւնը Աստուծոյ…
Հարցաքննիչը աներեւութացած էր:
***
Կը յայտնուի Հարցաքննիչը թրքական դպրոցի մը պարտէզը, ուր կը խաղային տղաք: Պահն էր յետմիջօրէի դադարի:
Ուսուցիչը ընդ առաջ փութաց Հարցաքննիչին` զայն կարծելով հեռաւոր երկրէ ժամանած կրօնաւոր, ու հարցուց.
– Ի՞նչ կը փափաքիք…
– Ձեր աշակերտներուն մէջ կան թուրքեր ու հայեր: Զանոնք տեսնելու եկած եմ:
– Ձեզի ցոյց տամ:
– Հարկ չկայ: Տեսայ արդէն:
– Ինչպէ՞ս…
– Քարերով ու ցեխերով տնակներ շինողները հայեր են: Իսկ հայոց շինած տնակները քանդողները թուրքեր են… Ճիշդ չէ՞…
Հսկիչը շփոթած, երբ կը պատրաստուէր պատասխան մը ճարել, ա՛լ չտեսաւ հոգեւորականը:
Հարցաքննիչը աներեւութացած էր:
***
Յայտնուեցաւ Հարցաքննիչը բացաստանի մը մէջ ու ծերունիի մը հարցուց.
– Որո՞նք են այս թողլքուած հողերուն տէրերը…
– Նախապէս հայերուն հողերն էին: Հիմա կը պատկանին թուրքերուն:
– Ինչո՞ւ չեն մշակեր…
– Կ՛ըսեն, թէ քարքարուտ են:
– Քարէն հաց, քարէն ծաղիկ, քարէն շէնք հանելու մասնագէտները հայերն են: Ինչո՞ւ չեն յանձներ անոնց հողերը:
– Հայերը հողազուրկ են: Անոնց արգիլուած է հողամշակութիւնը: Միւս կողմէ, թուրքերն ալ չեն մշակեր, ինչպէս ըսի, առարկելով, որ հողը հին է ու յոգնած է եւ քարքարուտ է:
– Թուրքերուն առարկութիւնը ո՞րքան ճիշդ է…
– Թուրքերը կը հերկեն սրճարանները: Անոնք անընդունակ են քրտինք թափելու, անոնք արիւն թափողներ են, երբ մանաւանդ արիւն է քրիստոնեայի: Է՜, պատուական բարեկամ, քրիստոնեաները կը հետեւին Յիսուսի: Չէ՞ որ ան ալ իր արիւնը թափեց խաչին վրայ բեւեռուած` վասն փրկութեան աշխարհի…
– Բայց ապա, յարեաւ…
– Բայց բան մը փրկուեցա՞ւ…
Եւ Հարցաքննիչը աներեւութացաւ:
***
Հարցաքննիչը յայտնուեցաւ, գիշեր մը, աւերակոյտի մը մէջ:
Մայր մը կար գլխահակ ու տրտում, նստած` քարի մը վրայ:
Անոր հարցուց.
– Կի՛ն, ինչո՞ւ այստեղուանքը խոտ չէ բուսած…
Մայրը պատասխանեց.
– Որովհետեւ թուրքե՛րը անցան ասկէ…
– Իսկ աւելի հարաւը անապատ էր, ինչպէ՞ս ծաղկեցաւ: Հիւսիսը աւերակոյտ է. ինչպէ՞ս շինուեցաւ:
– Որովհետեւ հայերը անցան անկէ: Քանզի հայերը կը տքնին այնտեղ:
Եւ Հարցաքննիչը խօսեցաւ նման կէս հարցումի ու կէս հառաչանքի.
– Որպէսզի այս աշխարհը նորէն վերածուի դրախտի…
– Պէտք է Արդարութիւնը անցնի ասկէ…
Ծնրադրեց Հարցաքննիչը, համբուրեց Մօր ձեռքը, եւ բացագանչեց.
– Մա՜յր, աստուածարեալ ժողովուրդի…
Ապա, ելաւ ոտքի, կանգնեցուց կողքին Մայրը, պատմուճանելով պարուրեց զայն պինդ գրկած:
Սկսան երկուքը միասին քալել:
Հարցաքննիչը կը խօսէր…
Եւ ծագեցաւ արշալոյսը հրաշափառ, շողշողենի:
Շողերուն անհուն ովկիանին մէջ, անոնք նման էին սպիտակ առագաստի, որ կը թեւէր դաշտին կանանչ ծովուն վրայէն դէպի աստուածաշէն կոթողակղզին Արարատի…
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Մեր Խօսքը
Ընկերնե՛ր, բարեկամնե՛ր,
Յիսուն տարի առաջ, այս օրերուն, կը սկսէր գործադրութիւնը պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութիւն մը, որ հայ ժողովուրդին պիտի արժէր մէկուկէս միլիոնի մօտ մարդկային զոհեր, կորուստը` իր դարաւոր հայրենիքի կարեւորագոյն մասին, ինչպէս նաեւ` փճացումը նիւթական եւ քաղաքակրթական անգնահատելի հարստութիւններու:
Թուրք քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ յստակ կերպով նախագծուած ծրագրի մը համաձայն, սպանդը սկսաւ անճիտումովը հայ մտաւորականութեան, շարունակուեցաւ արեւելեան նահանգներուն մէջ` զանգուածային կոտորածներով, յանգելու համար հայաբնակ միւս շրջաններու ժողովուրդին ամբողջական տեղահանութեան: Աքսորի կարաւանները, անմարդկային պայմաններու տակ, ուղղուեցան դէպի սուրիական անապատը` այնտեղ ենթարկուելու համար դանդաղ մահացումի կամ նորանոր ջարդերու:
Պարագայական բարբարոսութեան արտայայտութիւն մը չէ Մեծ եղեռնը: Ճանչցուելու համար որպէս վաւերական ոճրագործ` թուրքը քաղաքակիրթ մարդկութեան տուած էր արդէն 1895-1896, ինչպէս նաեւ 1909-ի փաստերը: Ապրիլեան եղեռնը իրագործումը կը կազմէր ահաւոր պաղարիւնութեամբ մը կանխապատրաստուած քաղաքական դաւի մը, որ կը միտէր հայութեան ամբողջական բնաջնջման ճամբով Հայկական հարցի միանգամընդմիշտ վերացման` հարթելու համար ճանապարհը համաթուրանական ընդարձակ պետութեան մը ստեղծման:
Բայց տակաւին երէկ կիսով բնաջնջուած` հայ ժողովուրդը կրցաւ 1918-ին մէկ մարդու նման ծառանալ համաթուրանական յորձանքին դէմ ու մայիսեան կռիւներու արիւնով խլուած յաղթանակով հիմը դնել իր նոր պետականութեան: Ու մասամբ ամփոփուած իր մայր հայրենիքին մէջ, մասամբ ցրուած ի սփիւռս աշխարհի, հայ ժողովուրդի վերապրող կէսը, յաճախ ամենադժուարին պայմաններու մէջ, տոկաց, աճեցաւ ու վերածաղկեցաւ: Իր ազգային բնածին տաղանդով ան ստեղծագործեց ու կը շարունակէ ստեղծագործել:
Կարեւոր մէկ մասը հայ տարագիր զանգուածներուն` ապաստան գտաւ ու հաստատուեցաւ արաբական երկիրներուն մէջ: Արդէն իսկ դարձած հարազատ եւ իրաւապէս հաւասարազօր զաւակները իրենց նոր հայրենիքներուն, արաբական երկիրներու հայերը տասնամեակներէ ի վեր լծուած են խաղաղ ու շինարար աշխատանքի: Եղեռնի օրերուն իր ունեցած ազնիւ կեցուածքին եւ հետագային իր ցուցաբերած ասպնջականութեան բերումով` արաբ ժողովուրդը ընդմիշտ արժանացած է հայութեան անխախտ երախտագիտութեան:
Ընկերնե՛ր, բարեկամնե՛ր,
Ոճրային իր ծրագրի գործադրութեան միջոցին թուրքը խտրութիւն չդրաւ հայութեան դաւանական թէ քաղաքական հոսանքներուն միջեւ. անոր եաթաղանը հաւասար ուժգնութեամբ իջաւ հայ անունը կրող բոլոր մարդոց վրայ: Ու բոլոր հայ մարդիկն էին, որ հայութեան եւ հայոց հայրենիքի գերագոյն փրկութեան համար միասնաբար կռուեցան 1918-ի մայիսեան օրերուն:
Այսօր, Եղեռնէն յիսուն տարիներ ետք, բոլորիս համար անհուն գոհունակութիւն է նկատել, որ բոլոր հայ մարդիկը, անխտիր, միասնաբար կը խոնարհին նահատակներու յիշատակին առջեւ, որ` մայր հայրենիքէն մինչեւ ամենահեռաւոր զանգուածները տարագիր հայութեան, անխառն սուգի եւ երկիւղած ոգեկոչման համատարած հոգեվիճակ մը, համազգային վերանորոգուած գիտակցութեան մը հետ շաղկապուած, հայ հոգիները կը համաձուլէ: Միասնականութեան գեղեցիկ այս երեւոյթը, զոր սարսափով միայն կրնայ դիտել թուրքը, ամէնէն ապահով գրաւականն է հայ ազգային իտէալներու հետագայ կենսագործման:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անկեղծօրէն կը մաղթէ, որ Կարմիր յիսնամեակին առիթով վերստեղծուած հայ հոգիներու այս կապը ըլլայ ամուր եւ մնայուն, որ` ան չազդուի պատահական հովերէ, չփշրուի թշնամական անխուսափելի դաւերու դիմաց, այլ միշտ մնայ անխախտ` հայ ժողովուրդի հաւաքական արդար իղձերու իրականացման ի խնդիր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր անսակարկ, ամբողջական եւ առաջնորդող մասնակցութիւնն է բերած ե՛ւ Եղեռնի օրերու հայկական հերոսամարտերուն, ե՛ւ 1918-ի ազգային օրհասական մարտնչումներուն ու հայ ազգային անկախութեան դարբնումին, եւ, հետագային, դահճապետներու արդար պատուհասումին: Ան իր կազմակերպական բոլոր ուժերով, իր հնարաւորութիւններու ամբողջական սահմաններուն մէջ, անխոնջ հետապնդողը պիտի մնայ միշտ` հայ ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներու վերահաստատման եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու իրականացման սրբազան գործին:
Անթաղ մնացին մեր մեռելները, բայց իրենց հետ անթաղ պահեցին նաեւ հայ ազգային Դատը:
Թող յաւե՜րժ ապրի յիշատակը անոնց` որպէս զգաստութեան եւ ազգային գիտակցութեան անշէջ հուր` հայ սրտերէն ներս: Թող մարմնաւորուի եւ իրականութիւն դառնայ անապատի իրենց հոգեվարքին մէջ անոնց փայփայած ազգային Երազը Սրբազան:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ
Ոգեկոչումին Իմաստը
Այսօր, խորհուրդներով ու խոհերով գերազանցապէս յուզուած, ամբողջ հայ ժողովուրդը ոտքի է` խոնարհելու իր գլուխը մէկ միլիոնէն աւելի նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Այսօր նաեւ յարութիւնն է հայ ժողովուրդին, որ սրբացեալ նահատակներու աճիւններէն յառնեցաւ հայ ազգի անմահութիւնը իրարու աւետելու համար:
Յիսուն տարիներ առաջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած անմարդկային ոճիրին եւ այսօրուան միջեւ տարիները հայութեան համար անցած ու մոռցուած օրեր չեղան: Նոյն ճանապարհին վրայ հասակ նետեց ներկայ հայութիւնը` անհուն տառապանքի ամէնօրեայ ապրումներով:
Անոր հայրենի հողերը ոտնակոխ մնացին թուրքին, որ անպատմելի ոճիրը գործեց ու նահատակները անթաղ են մինչեւ այսօր
Անոր իրաւունքները չվերականգնեցան ցարդ: Սակայն այսօր, նահատակներու ժառանգորդ չորս ու կէս միլիոն հայեր այդ իրաւունքներուն տէրը կը հանդիսանան եւ միակամ ուխտեալներն են Հայ դատը հետապնդելու:
Հայ դատը պատմական հոլովոյթով եւ միջազգային ատեաններով լուծուած, բայց թրքական արիւնոտ սուրով առկախ կը մնայ: Հայոց հայրենի հողերը պէտք է ազատագրուին ու պիտի ազատագրուին միջազգային խղճին վրայ ծանրացած անարդարութիւնը վերացնելու եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութիւն պարգեւելու համար:
Պատմական այս ճշմարտութիւնը ըմբռնելի եղաւ շատ յաճախ միջազգային կեանքը վարող ուժերուն, բայց անըմբռնելի մնաց միայն թուրքին: Սակայն պատմութիւնը քաղաքական իր ճանապարհը ունի, ու մենք կը կարծենք, թէ Թուրքիան ուշ կամ կանուխ քաղաքական իրադարձութիւններու հարկադրանքին տակ օր մը պիտի ըմբռնէ իր սխալներն ու պիտի հարկադրուի ճանչնալ հայ ժողովուրդի իրաւունքները:
Արդ, այսօր, երբ ամբողջական հայ ժողովուրդը, հին ու նոր սերունդներով, գլուխը կը խոնարհէ իր մէկ միլիոն նահատակներու անշիրիմ աճիւններուն առջեւ եւ ինքզինք իրաւատէրը կը հռչակէ բռնագրաւուած հայրենի հողերուն, այդ ԿԱՄՔԻՆ համապատասխան արժանաւորութեամբ, լրջութեամբ եւ գիտակցութեամբ պիտի կատարէ այն յուշահանդէսը, որուն նմանը արձանագրուած չէ համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ:
Խօսքս ուղղելով հայ հայրերուն եւ մայրերուն, հայ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն` պիտի ուզէի, որ բոլորը իրենց կեցուածքով, առնուած քայլերով ու խօսքերով ծանր վեհութիւնը զգան մէկ միլիոն նահատակներու սուգին, ու իրենց աչքերը յառեն այն «վարդաշողշող արշալոյսին», որ պիտի ծագի օր մը` աւելի փառահեղօրէն, փարատելով այն սուգը, որ կ՛ապրինք այսօր ցեղովին:
Ազգային վերածնունդի այդ գերազանց նպատակը նոյնքան եւ աւելի լրջութիւն եւ արժանաւոր կեցուածք կը պահանջէ մեզմէ, ու մենք բոլորս պարտինք մեր խոհուն եւ վճռական նկարագիրը յայտնաբերել ապրիլեան Եղեռնի այս յիսնամեակի ոգեկոչումին:
Ոգի, վճռական կամք եւ ծանրախոհութիւն` միաձուլուած պատկերը պիտի ըլլան մեր քաղաքական գործելակերպին:
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ