Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ծոռնորդին` Տոնալտ Ուիլսըն Պուշը, որ կը հանդիսանայ «Վուտրօ Ուիլսընի ժառանգութիւն» հիմնադրամի նախագահը:
Հանդիպման, որուն կը մասնակցէին «Այբ» կրթական հիմնադրամի համահիմնադիր Աշոտ Ասլանեան եւ խորհուրդի նախագահ Արտաշէս Շիրիկեան, քննարկուած են Արցախի պատմութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ հայ ժողովուրդը յատուկ յարգանք կը տածէ Վուտրօ Ուիլսընի նկատմամբ` բարձր գնահատելով անոր քաղաքական եւ մարդասիրական ժառանգութիւնը: