Խմբագրական
Սուրիացի Հերոս
Ժողովուրդին Ազգային Տօնը
(Օտար Ուժերու Հեռացման 20-Ամեակին Առթիւ)
Սուրիացի ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է: Վաղը` 17 ապրիլ 1965, քսանամեակն է այն հերոսական պայքարներուն, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի յանգէին ու յանգեցան Սուրիոյ բացարձակ անկախութեան եւ օտար ուժերու Սուրիայէն հեռացման:
Քսան տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, սուրիացի ժողովուրդը ապստամբութեան սրբազան դրօշը պարզեց ֆրանսական գրաւող ուժերուն դէմ, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ` պատրաստ իր արիւնը թափելու ի խնդիր ազգային գերիշխանութեան եւ վեհապետակաան իրաւունքներու:
Ու հոսեցաւ այդ արիւնը, առատօրէն, անսակարկ, Սուրիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ, յատկապէս Դամասկոս, որ ապրիլի վերջերուն գիշերային ռմբակոծումներու ենթարկուեցաւ: Այդ յարձակումները ոչ միայն չընկճեցին սուրիացի հերոս ժողովուրդին կորովը, այլ ընդհակառակն, աւելի պողպատեցին կամքերը եւ անտեղիտալի անզիջողութեան մը մղեցին զինք` վերջնականապէս ազատագրուած տեսնելու հայրենիքը օտար ուժերէն:
Ու ահա, այս ազնուական ժողովուրդի դիւցազնական խոյանքներուն առջեւ, օտար ուժերը, թէեւ գերազանց, տեղի տուին եւ քանի մը ամիս ետք ամբողջովին հեռացան սուրիական հողամասէն: Ազատութեան եւ անկախութեան արշալոյսը բացուեցաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը լծուեցաւ շինարար աշխատանքի մը` տասնամեակներու ակամայ ուշացումները դարմանելու համար:
1945-ի այս հերոսական պայքարները տրամաբանական եզրակացութիւնն էին այն կռիւներուն, որ սուրիացի ժողովուրդը, իր հայրենասէր զաւակներուն առաջնորդութեամբ, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, հոգատարութեան հաստատումէն ի վեր, մղեց օտար իշխանութիւններու դէմ` զոհելով իր բիւրաւոր զաւակներուն թանկագին կեանքը:
Ըմբոստ ու ազատասէր ժողովուրդ մըն էր, որ չէր հանդուրժեր օտար լուծին: Անհանդարտ էր, այնքան ատեն որ կաշկանդուած էին իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Ու սուրիական անկախութիւնը եղաւ այնքան թանկագին, որքան դժնդակ եղաւ պայքարը ի խնդիր այդ անկախութեան: Վերջին յիսնամեակի ընթացքին բազմաթիւ երկիրներ զանազան ձեւի պայքարներով տիրացան իրենց անկախութեան: Ոմանք արիւնով, ուրիշներ` դիւանագիտական ճնշումներով: Սուրիան կը պատկանի առաջիններու կարգին, արիւնով իրենց անկախութեան արժանացած ժողովուրդներու փաղանգին եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ չափազանց նախանձախնդիր է իր ազգային վեհապետական իրաւունքներու անաղարտ պահպանման հանդէպ:
Այս նախանձախնդրութիւնը ունեցան վերջին քսանամեակի սուրիացի ղեկավարները, ունին մանաւանդ այսօրուան վարիչները, որոնք ազատագրական պայքարներու լրիւ գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով վճռած են նորանոր նուաճումներու առաջնորդել սուրիացի ազնիւ ժողովուրդը, որ քաղաքականօրէն Միջին Արեւելքի ամէնէն հասուն եւ թրծուած ժողովուրդներու կարգին կը դասուի:
Սուրիան այսօր արաբական աշխարհի ամէնէն յառաջացեալ երկիրներէն մէկը կը նկատուի: Կեցած է մանաւանդ առաջին դիրքերուն վրայ` արաբական ազգի ընդհանրական դատի պաշտպանութեան համար:
Արաբական դատի դրօշակիրի պատիւը, որ այնքան նախանձախնդրութեամբ կը պատկանի սուրիացի ժողովուրդին, առաւել եւս կը մղէ Դամասկոսի վարիչները` արժանի ըլլալ այս սքանչելի ժողովուրդին, անձուիրաբար ծառայելու անոր իտէալին ու գաղափարներուն:
Ապրիլ 17-ի Իյտ էլ Ճելայի տօնին առթիւ, կ՛ողջունենք սուրիացի հերոս ժողովուրդը ու անոր արժանաւոր ղեկավարերը` նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով:
Թուրք Թերթի Մը Անամօթ Սուտը
Հայերը Ինչու «Գաղթած»
Են Թուրքիայէն…
Պոլսոյ «Հիւրրիէյթ» թերթը (8 ապրիլ) «Համայնագիտարան»-ի բաժնին մէջ հայոց մասին հետեւեալ յերիւրածոյ տեղեկութիւնները կու տայ.
Հակառակ անոր որ Կովկասի մէջ կ՛ապրին, ոչ թէ կովկասեան ցեղին, այլ հնդեւրոպական արիական ցեղին կը պատկանին: Միջին դարուն երկու հայկական թագաւորութիւն կար: Մին այժմու Հայաստանի ու Վանայ լճին շրջանին մէջ, միւսն ալ` «Փոքր Հայաստան» յորջորջուող Կիլիկիոյ մէջ: Առաջինին 1080-ին սելճուքները վերջ տուին, երկրորդն ալ մինչեւ տասներեքերորդ դար ապրեցաւ ու մեմլուքեան թուրքերուն կողմէ բնաջնջուեցաւ: Հայաստանի այժմու հողերը սելճուքներու կողմէ թրքացուած էին: Այս երկիրը, որ ատեն մը թուրքերուն կողմէ վարուեցաւ, առաւելապէս Իրանի կապուած մնաց: Վերջին շրջաններուն երբ Իրանի կապուած ինքնավար թրքական խանութիւն մըն էր, Ռուսիոյ անցաւ:
Տասնիներրորդ դարու վերջին կիսուն, մինչեւ այն ատեն թուրքերուն ամէնէն հնազանդ ազգը` հայերը, որոնք Պապը Ալիի կողմէ «Հաւատարիմ ազգ» կը յորջորջուէին, ռուսերու, քիչ մըն ալ անգլիացիներու դրդումով գլուխ բարձրացուցին: Անատոլուի արեւելակողմը տեղ տեղ ապստամբութեան, յելուզակութեան ջարդեր սկսան:
1878-ին, Պերլինի համաձայնութեան մէջ զետեղել տուին յօդուած մը, որ Թուրքիոյ կը պարտադրէր արեւելեան Անատոլուի մէջ բարեկարգութիւն ընել հայոց ի նպաստ: Բայց Ապտիւլ Համիտ Բ. չմօտեցաւ այս վտանգաւոր բարեկարգութեան, հայերը խստիւ պատժեց: Հայերը Ա. աշխարհամարտը առիթ նկատելով` ռուսերուն օժանդակութիւնով Թուրքիոյ դէմ ապստամբեցան: Ազատութեան պայքարին մէջ Քեազըմ Քարապեքիրի հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերը պահ մը Էրզրումը եւ Վանն անգամ գրաւած հայ հրոսախումբերը խուճապի մատնեցին, ասոր վրայ Անատոլուի հայերը հաւաքաբար Հայաստան, Լիբանան, Եւրոպա եւ Ամերիկա գաղթեցին: Մեր երկրին մէջ ներկայիս գրեթէ բոլորն ալ Իսթանպուլ բնակող 77,000 հայ կը գտնուի: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ալ մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար հայ կ՛ապրի: