ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընդունեցէք, որ ամէն մարդ նոյնը չէ, դուք ալ ուրիշին չէք նմանիր: Կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը այնպէս, ինչպէս որ դուք յարմար կը նկատէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիրներ ունեցէք, բայց` առանց երազային ձեւերու: Այս մասին բարձրաձայն յայտարարեցէք: Օրը պիտի անցնի խաղաղ եւ գոհ պիտի մնաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ ունիք այնպիսի տրամադրութիւն մը, որ ամէն ինչ զերոյէն պիտի սկսիք: Ձեր կեցուածքը քաջալերական է: Յաջողութիւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գիրքերը պիտի ըլլան ձեր առաջնակարգ եւ լաւագոյն ժամանցը: Ընթերցանութիւնը ձեր բարեկամը նկատեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ կարգադրութիւն մը պիտի դիւրացնէ ձեր աշխատանքը: Օրը պիտի անցնի շատ հաճելի պայմաններու մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մրցակցութիւնը դժուար պիտի ըլլայ ձեր աշխատանքին մէջ: Մրցունակ եղէք յարձակում կատարող մարդոց դիմաց:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր քունէն զեղչելով` աւելորդ գործեր մի՛ կատարէք: Չափազանցութեամբ մի՛ աշխատիք եւ մի՛ մրցակցիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սիրային յարաբերութիւն մը օր ըստ օրէ պիտի զօրանայ: Ուշադիր եղէք ձեր մտերիմ յարաբերութեան մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան վէճերը պիտի խանգարեն օրուան մթնոլորտը: Կապեր գտէք ձեզ միացնելու համար ձեր անցեալին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փոխադարձ ծանօթութիւնները օգտակար են եւ` կենսական: Արժեւորեցէք արժէքները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հիմա ժամանակը չէ ճոխ հարցերով զբաղելու: Քիչ գումարով կրնաք ապրանքներ գնել եւ ուրախանալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կատարեցէք այն գործերը, որոնք կը հետաքրքրեն ձեզ, եւ ոչ ոք պիտի այպանէ ձեզ: Կատարեցէք` ըստ ձեր պահանջին: