Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուիզա Ղամբարեանի Կարծիքով. «Երեխան Սպունգի Նման Է. Ի՛նչ Տաս, Այդ Կ՛ընդունի»

Ապրիլ 16, 2015
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

4-16-15_luizag2«Երաժշտութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի երեխաներու դաստիարակութեան մէջ: Երաժշտութիւնը կ՛օգնէ լիարժէք բացայայտել երեխաներու ընդունակութիւնները, զարգացնել երաժշտական լսողութիւնն ու կշռոյթի զգացողութիւնը»: Ահա այս խօսքերով դերասանուհի Լուիզա Ղամբարեան կը շեշտէ երեխայի մը երաժշտական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` «Երեւան նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Դերասանուհիին կարծիքով, գիտակից սերունդ ձեւաւորուելու համար անհրաժեշտ պայմաններ պէտք է ստեղծել, իսկ երեխային ընդհանուր ճաշակի ձեւաւորման մէջ ազգային երաժշտութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի: Ղամբարեան կ՛աւելցնէ. «Երեխան մինչեւ որ կարենայ ընկալել եւ սիրել թատրոնը, շարժապատկերի արուեստը եւ արուեստի այլ տեսակները, անոր ընկալողական դաշտին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ երաժշտութիւնը: Շատ կարեւոր է, թէ ի՛նչ կը լսէ երեխան»:

Ապա անձնական փորձառութենէն պատմելով` դերասանուհին կը յայտնէ, թէ իր 10 տարեկան աղջնակը օտար երգերու կողքին առանձնայատուկ կերպով կը սիրէ Սայաթ Նովայի երգերը եւ օրական մեծ հաճոյքով կ՛երգէ զանոնք:

Երեխան Պէտք Չէ Հեռանայ Ազգայինէն

Հայրենի դերասանուհիին կարծիքով, մենք կը թերանանք եղած մշակոյթը փոխանցելու առաքելութեան մէջ: Ամէն ինչ կախեալ է աւագ սերունդէն, թէ ան ինչպէս յաջորդ սերունդին պիտի հրամցնէ ունեցած հսկայական ժառանգութիւնը: Ան կ՛աւելցնէ` երեխան սպունգի նման է, ի՛նչ տաս այդ կ՛ընդունի: Եթէ անոր հրամցնես վատը, ապազգայինը, թրքականը, երեխան այդ կ՛ընդունի եւ իրեն չափանիշ կը դարձնէ: Իւրաքանչիւր ծնող պէտք է ունենայ մէկ նպատակ` ամէն ձեւով երեխան մօտեցնել ազգայինի, կարեւոր է, որ երեխան չհեռանայ ազգայինէն:

 

Նորաձեւութիւն.

Ձեւագէտ Լիլիթ Մարգարեանի Հաւաքածոն
Նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

4-16-15_lilit_margaryan_moda_lenta_1Ապրիլ 7-ին Երեւանի Մերիտիըն Էքսփօ Սենթըրին մէջ կայացաւ յայտնի հայ ձեւագիտուհի Լիլիթ Մարգարեանի «Կալըրի 100» հաւաքածոյին ցուցադրութիւնը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, կին անձնաւորութիւններ, լրագրողներ եւ այլն…

Հաւաքածոյին հիմքը հայ կնոջ կերպարն էր եւ անոր ոճին զարգացումը` պատմական եւ տարածքային բազմազան գործօններու ազդեցութեան ընդմէջէն: Ձեւագիտուհին կատարելիութեան հասցուցած էր 1915-ին վերապրած հայ կին-անհատը, որ ոչ միայն կրցաւ պահպանել բարոյական բարձր արժէքները, այլեւ դաստիարակել գեղարուեստի մեծ վարպետներու սերունդ մը:

Հաւաքածոյին հագուստներուն մէկ կարեւոր մասին վրայ պատկերուած էին Սարեանի, Յակոբեանի, Կալենցի, Մինասի եւ այլ մեծանուն նկարիչներու գործերէն բաժիններ: Եւ ամբողջ դարաշրջան մը ներկայացուած էր թափանցիկ շիֆոնի ծփանքներով, ներբերանգ քաշմիրով, կաշի ժանեակներով եւ թիւլով:

Հաւաքածոյին յաւելեալ փայլք եւ կշիռ տուած էին հայ ծանօթ արուեստագէտ Նուռի կողմէ պատրաստուած աքսեսուարները` մանեակներ, բայց մանաւանդ` հոյակապ զարդասեղներ:

Ստորեւ կու տանք «Կալըրի 100» հաւաքածոյին հետաքրքրական նմուշներ:

 

4-16-15_lilit_margaryan-f

 

 

 

Բոյսեր, Զորս Կարելի Է Կրկին Ու Կրկին Աճեցնել

Հազարը

4-16-15_RegrowVegetables2-(1)Հազարին աւազոտ, կոթի բաժինը կտրեցէք եւ զայն քանի մը օր 1,5 սմ ջուրի մէջ պահեցէք` մինչեւ որ նկատէք, որ նոր տերեւներ կը ծլին: Երբ այդ հանգրուանին հասնի, զայն հողին մէջ փոխադրեցէք եւ շատ չանցած կրկին հազար կ՛ունենաք: Եթէ առաջին քանի մը օրերուն նկատէք, որ ջուրը պակսած է, աւելցուցէք, մինչեւ որ ջուրին բարձրութիւնը միշտ 1,5 սմ ըլլայ:

***

4-16-15_RegrowVegetables6Կարոս

Դժուար է ուզած վայրկեանին կարոս ճարելը, հետեւաբար ձեռքի տակ ունեցէք կարոսի տունկ մը: Սկզբունքը նոյնն է. նախ կոթին բաժինը քանի մը օր ջուրի մէջ պահեցէք, եւ երբ նկատէք, որ նոր տերեւներ կը ծլին, զայն հողին մէջ ցանեցէք:

***

afa2da53e168435c650631a17af2591fՌեհան

Ռեհանը նոյնպէս շատ փնտռուած կանաչեղէն մըն է եւ կ՛արժէ զայն ձեռքի տակ ունենալ:

Ռեհանի քանի մը ցօղիկ բաժակ մը ջուրի մէջ դրէք եւ զետեղեցէք արեւոտ անկիւն մը, քանի մը օրէն ցօղունները արմատ կ՛արձակեն. այդ հանգրուանին` զանոնք փոխադրեցէք հողով լեցուն փոքրիկ թաղարի մը մէջ:

 

Խոհագիր

Պրիւքսէլեան Կաղամբով Եղինձ

11080288_673304429464571_178030471827717493_oԲաղադրութիւն

Պասմաթի բրինձ 1,5 բաժակ
Սունկ 400 կրամ
Պրիւքսէլի կաղամբ 200 կրամ
Սոխ 1 գլուխ
Ստեպղին 1 հատ
Սամիթ փունջ մը
Մշկընկոյզ
Բուսական իւղ
Աղ
Կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սոխը կիսօղակաձեւ կտրտել, բուսական իւղի մէջ տապկել` մինչեւ թափանցիկ դառնայ, աւելցնել բարակ ձողիկներու վերածուած ստեպղինը եւ թարմ, կտրտուած սունկը: Բոլորը միատեղ 5-6 վայրկեան եփել, ապա աւելցնել բրինձը, համեմել աղ ու պղպեղով: 3 բաժակ տաք ջուր աւելցնել երեսը մշկընկոյզ ցանել, կափարիչը գոցել եւ սպասել որ եռայ: Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ 15-17 վայրկեան եփել:

Մինչ այդ ուրիշ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, քիչ մը աղ աւելցնել եւ փոքրիկ, թարմ կաղամբները 8 վայրկեան եռացնել, ապա ջուրէն հանել, մէջտեղէն կիսել եւ աւելցնել եղինձին վրայ. զգուշօրէն խառնել, կրակը մարել, կաթսան կափարիչով ծածկել եւ ձգել 10 վայրկեան, որպէսզի հանգչի: Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ լեցնել եղինձը եւ զարդարել թարմ սամիթով, կամ որեւէ կանաչեղէնով (ըստ ճաշակի):

 

Որբը

4-16-15_49c

Վազգէն Շուշանեանի
Յուզիչ եւ ամբասիր յիշատակին

 Կը թափառէր` որբանոցէն խուսափած…
Ըմբոստ մ՛էր ան… Չէր հանդուրժեր որ կրկին
Դառնալէ վերջ ծոցն ազգութեան գրկաբաց,
Խեղճ ու ողորմ ու անթըռիչ տըւայտին…

Կը թափառէր… Յանկարծ, շեշտին հիացած,
Հայ մեծատուն մ՛ըսաւ. «Կ՛ըլլա՞ս իմ որդին:
Քեզի ուսում, քեզի պերճ կեանք, սիրոյ գանձ…
Կերպարանքիդ` տես, չի վայլեր ցնցոտին…»:

Լռեց տղան` խածած շրթունքը դողդոջ…
Եւ, երբոր ետ վանեց արցունք ու կսկիծ`
«Ոչ… ըսաւ ան… հայրս ալ հարուստ մ՛էր… ոչ,

Պիտի մընամ` ես որդեգիրն եմ ազգիս`
Լոկ ըլլալու համար անոր պարտական…»:
Եւ աւելցուց.- «Գիտեմ ես պարտքըս վաղուան…»:

ՎԱՀՐԱՄ ԹԱԹՈՒԼ

«Հին ու նոր տաղեր»

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Սրբուհի

RelatedPosts

Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ
Կնոջական

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Մայիս 8, 2025
Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով
Կնոջական

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Մայիս 1, 2025
Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով.  Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար
Կնոջական

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Ապրիլ 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?