Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեխիոյ Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ապրիլ 15, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-14-15_che14 ապրիլին Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէն միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ ընդունած է: Վկայակոչելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 9 դեկտեմբեր 1948-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի» մասին ուխտը, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները, բանաձեւը կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք  բանաձեւի  ամբողջական թարգմանութիւնը:

Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը`

վկայակոչելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 9 դեկտեմբերի 1948-ի 260-րդ (III) բանաձեւը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ «Ցեղասպանութիւն յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին» ուխտը, եւ որ Չեխոսլովաքիոյ Հանրապետութեան մէջ հրապարակուած է արտաքին գործոց նախարարի 28 ապրիլի 1955 թուականի թիւ 32/1955  հրամանագիրով,

Հաշուի առնելով հասանելի փաստերը, ինչպէս նաեւ` չեխ ճանապարհորդ Քարել Հանսայի վկայութիւնները, նկատի ունենալով Եւրոպական խորհրդարանի, Ուրուկուէյի, Քանատայի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Արժանթինի, Ռուսիոյ, Վենեզուելայի, Սլովաքիոյ, Վատիկանի եւ այլ պետութիւններու  խորհրդարաններու եւ այլ օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու որոշումները,

Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, որ կ՛ոգեկոչուի ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ 24 ապրիլ 2015-ին,

Կը յայտնէ իր ցաւակցութիւնն ու համերաշխութիւնը աշխարհի հայութեան եւ, միեւնոյն ժամանակ, կ՛ոգեկոչէ նաեւ ասորիներու, Փոքր Ասիոյ յոյներու եւ եզիտիներու կոտորածները,

Կ՛անդրադառնայ այդ ժամանակին միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան արձագանգի անբաւարար վիճակին, որ կարելի դարձուց ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ ճնշումներու աննախադէպ աճը եւ նախանշեց 20-րդ դարուն նմանատիպ իրադարձութիւնները, որոնց շարքին` Ողջակիզումը,

Կը դատապարտէ նման գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ` այլ ցեղասպանութիւններու ծանրութեան նուազեցումը կամ ժխտումը,

Կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` կանխելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները աշխարհի որեւէ հատուածի մէջ եւ վէճերը կարգաւորելու խաղաղ միջոցներով:

 

 

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Այն Ցունամին Էր, Որուն Մասին Թուրքիա Մտահոգուած Էր»

Յաջորդը

Հակադարձելով Թուրք Ղեկավարներուն. «Մենք Չենք Կրնար Լռել Այն Ամէնուն Մասին, Ինչ Որ Տեսած Եւ Լսած Ենք» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?