Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակուած Են Օսմանահայ Մարմնամարզիկ Վահրամ Փափազեանի Յուշերը

Ապրիլ 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-15-15_papazyan-cover«Սէր, սէր, սէր» յուշագրութիւնը հազուագիւտ սկզբնաղբիւր է մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կեանքին մասին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ հրատարակած այս գիրքը պատմական բացառիկ աղբիւր է մարմնակրթութեան պատմութեան, Ողիմպիական խաղերու, Համաշխարհային Ա. պատերազմի, Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ բռնագաղթի մասին:

Օսմանեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ երկու հայ մարմնամարզիկներ` Վահրամ Փափազեանն ու Մկրտիչ Մկրեանը ներկայացուցին Օսմանեան կայսրութիւնը 1912-ին Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական հինգերորդ խաղերուն:

«1912-ին Սթոքհոլմի մէջ տեղի պիտի ունենային Միջազգային Ողիմպիական մրցումները, որոնց մասնակցելու հրաւէրը ստացեր էր նաեւ Թուրքիա: Բայց թուրքերը մարզիկ չունէին, որ ղրկէին, բայց հայերը ունէին. հայերը որոշեցին հայ մարզիկ ղրկել` ներկայացնելու հսկայ կայսրութիւնը եւ յաջողեցան, ու պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով Թուրքիա առաջին անգամ կը մասնակցէր այս կարգի միջազգային մրցումներու, իբրեւ ազգ, երկու հայերու շնորհիւ, ինչպէս յետոյ պիտի տեսնուի… Երբ առաւօտուն Սթոքհոլմ հասայ, տեսայ, որ փողոցները եւ մեծ հաստատութիւնները ողիմպիականներուն մասնակցող բոլոր մեծ ու փոքր ազգերուն դրօշակներովը զարդարուած էին, բայց թրքականը ամէն կողմ կը պակսէր:

Այս պարագան զիս շատ յուզեց. վերջապէս հայրենիքիս` Թուրքիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչն էի եւ ինծի համար տեսակ մը նախատինք էր հայրենիքիս հանդէպ ցոյց տրուած այս տգեղ վերաբերմունքը:

Ինծի յատկացուած բնակավայրս չգացած, ճամբորդութեան պայուսակները հետս առած, ինքնաշարժ մը առի եւ ուղղակի թուրք դեսպանատունը գացի` զայրոյթս յայտնելու եւ անմիջական դարման մը պահանջելու համար:

Թուրք դեսպանին ինքնութիւնս յայտնելէ եւ անոր շնորհաւորութիւնները ընդունելէս անմիջապէս յետոյ ըսի. «Պէյ էֆենտի, Սթոքհոլմի մթնոլորտը ինծի համար անշնչելի է, ես պայուսակներս շալկած կ՛ուզեմ կրկին հայրենիքս վերադառնալ: Ամբողջ Սթոքհոլմ օտար դրօշակներով զարդարուած է, բացի թրքականէն եւ այս պարագան նախատի՛նք մըն է ինծի համար եւ հայրենիքիս դէմ: Ես հոս կը մնամ միայն այն պայմանով, որ միջոցներ ձեռք առնէք եւ յաջողիք, որ իմ հայրենիքիս դրօշն ալ ծածանի բոլո՜ր միւս ազգերուն կողքին»:

Թուրք դեսպանը դէմս արձան կտրուեցաւ… Ուրիշ շա՜տ շատերու նման չէր հաւատար, որ հայ մը այսքան կը սիրէ, կը յարգէ իր թուրք հայրենիքը… Թերեւս այդ պահուն միտքէն ալ չանցաւ այն պարզ իրողութիւնը, թէ` հայը իր թուրք հայրենիքը միշտ սիրած է, բայց թո՛ւրքն է, որ չէ սիրած իր օրինակելի օսմանցի թուրք հայը եւ զայն հալածած է ամէն տեղ եւ ամէն առիթով…

Եւ արդարեւ, երկու ժամ վերջը, թրքական դրօշը ամէն կողմ սկսաւ ծածանիլ` շնորհիւ հայ երիտասարդի մը, որ քանի մը տարիներ յետոյ պիտի լար իրեն նման հայրենասէր ժողովրդի մը անթա՜ղ, միլիոնաւո՜ր դիակներու վրայ… ջարդուած թուրքէն»:

Փափազեանը, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եւ ականատես, ընթերցողին կարեւոր տեղեկութիւն կու տայ Ցեղասպանութեան մասին:

«Անարդարանալի զրպարտութիւն մըն ալ այն է, որ հայերը ջարդուեցան, որովհետեւ Ռուսիոյ կ՛օգնէին եւ անոր հաշուոյն լրտեսութիւն կ՛ընէին: Եթէ այս փաստարկութիւնը նոյնիսկ ճշդանման ըլլայ, Խարբերդի նման ազնիւ ու խաղաղ, հաւատարիմ եւ ուշիմ հայ զանգուած մը ինչո՞վ էր մեղաւոր, որ մինչեւ յետին երեխան սուրէ անցուեցան»:

Վահրամ Փափազեանի` առաջին անգամ անգլերէնով հրատարակուած յուշագրութիւնը խմբագրուած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեանի կողմէ: Գիրքին բնօրինակը լոյս տեսած է 1962 թուականին, Պէյրութի մէջ:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թուրք – Ազրպէյճանական Միասնական Քարոզչութիւնը` Անսահմանութեան Ձգտող Դատարկութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?