Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Ապրիլ 14, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-14-15_bundestagՀայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ, Գերմանիոյ խորհրդարանը ապրիլ 24-ին մէկ ժամ տեւողութեամբ նիստ պիտի հրաւիրէ: Օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն մշակմամբ զբաղուող խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չորս կուսակցութիւններու պատգամաւորներէ կազմուած յատուկ աշխատանքային խումբ ձեւաւորուած է:

Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, գերմանական «Թակեսշփիկըլ» թերթը գրած է, որ ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ կուսակցութիւններուն միջեւ բուռն քննարկում սկսած է` բանաձեւի նախագիծին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործման վերաբերեալ: Ըստ աղբիւրին, ընդդիմադիր Ձախերու եւ Կանաչներու կուսակցութիւնները կողմ են «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման, մինչդեռ իշխող կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից խորհրդարանականները համաձայն չեն:

Իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւններուն կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուցած միացեալ նախագիծին վերնագիրին մէջ տեղ գտած է «ցեղասպանութիւն» բառը: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանի կուսակցական խումբերու միջամտութեան պատճառով եզրը հանուած է վերնագիրէն, սակայն պահուած է հիմնաւորման բաժինին մէջ:

Կը նշուի, որ տասը տարի առաջ եւս Գերմանիոյ խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ նմանատիպ որոշում վաւերացուած է:

Գերմանական թերթին գնահատումով, յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումը կրնայ դիտուիլ իբրեւ յարձակողական քայլ` Թուրքիոյ նկատմամբ, յատկապէս երբ Թուրքիա «կարեւոր գործընկեր» կը նկատուի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ:

Ապրիլ 21-ին տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն` որոշելու համար իշխող խմբակցութեան բանաձեւի վերջնական տարբերակը: Կը նախատեսուի, որ ապրիլ 24-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կայանալիք քննարկման իշխանական եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ պիտի ներկայացուին բանաձեւի երեք տարբեր նախագիծեր, սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ, որ մինչ այդ համաձայնութեան գալով` կուսակցութիւնները հանդէս գան մէկ նախագիծով:

Նախորդը

Ազրպէյճանին Լկտիացնողը Գերտէրութիւններն Են. Դրանից Էլ Դեսպան Սիւլէյմանովը Կորցրել Է Յիշողութիւնը

Յաջորդը

Հաւաւի Հայութեան Տարագրութիւնն Ու Ջարդը – Արմենուհի Ճելալեանի Վկայութիւնը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?