Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաւի Հայութեան Տարագրութիւնն Ու Ջարդը – Արմենուհի Ճելալեանի Վկայութիւնը

Ապրիլ 14, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բալու
Բալու

Արմենուհի Ճելալեանը կը պատմէ, որ մինչեւ Ցեղասպանութիւնը իր ամուսնոյն եւ աղջկան հետ ապրած է Բալուի Հաւաւ գիւղին մէջ: Ամուսինը` Թովմասը, ամերիկացի քաղաքացի եղած է եւ մինչեւ 1914 զբաղած է կրթական եւ կուսակցական գործերով` սերտ կապեր պահպանելով դաշնակցական ղեկավարներու հետ: 1915-ի սկիզբը Թովմասը եւ գիւղի միւս երիտասարդները կը ձերբակալեն, այնուհետեւ կը տանին լերան մը գագաթը եւ կը սպաննեն: Արմենուհին երկու երեխաներու հետ կը բռնէ գաղթի ճամբան: Տարագրութեան ճանապարհին ան ստիպուած կ՛ըլլայ նորածին փոքրիկը լքել անապատին մէջ: Ստորեւ` իր վկայութիւնը, որ տպուած է Տիգրան Ս. Փափազեանի «Պատմութիւն Բալահովիտի» (Պէյրութ, 1963,  224 էջ) գրքին մէջ:

«Գաղթական հայ հարս մը կը ծննդաբերէ: Թուրք ոստիկանները նորածինը սուինին ծայրը անցընելով` կը սպաննեն»:

Արմենուհի Ճելալէան իր ամուսնոյն` Թովմաս Ճելալեանի եւ աղջկան հետ կ՛ապրի Բալուի Հաւաւ գիւղը: Թովմաս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի էր: 1914-ի պատերազմէն առաջ անոնք կը զբաղին կրթական եւ կուսակցական գործերով: Թովմաս սերտ յարաբերութեան մէջ էր դաշնակցական ղեկավարներ Ռոստոմի եւ Վռամեանի հետ:

1914-ի սկիզբները թուրքերուն համար Թովմաս արդէն կասկածելի անձ մըն էր: Անոր անունը առնչուած էր զէնք փոխադրող խումբին հետ, քիւրտ Մստոյին գլխաւորութեամբ:

1914-ի յուլիսին պատերազմ կը յայտարարուի: Անմիջապէս կը սկսին զօրահաւաքը, զինահաւաքը եւ պարէններու բռնագրաւումը: Քիւրտ Մստօ կը սպաննուի: 1915-ի փետրուարին գայմագամը իր մարդոցմով եւ զինուած քիւրտերով Հաւաւ գիղին մուտքը կը պաշարէ: Թովմաս քանի մը ընկերներով կը ձերբակալուի եւ բանտը կը դրուի: Արմենուհի անոր կ՛այցելէ բանտին մէջ: Թուրքերը կը խուզարկեն Թովմասի տունը: Անոնք բազմաթիւ երիտասարդներ կը ձերբակալեն: Շուտով Արմենուհի քաղաք կը փոխադրուի եւ կը մնայ Մայր Կռանեանի տունը: Քիւրտերը Հաւաւի մէջ հայոց տուներու վրայ կը յարձակին եւ կը ջարդեն հայերը:

Թովմասը եւ բոլոր բանտարկեալները Տիգրանակերտ ղրկելու որոշում կը տրուի: Այդ օրերուն Բալուէն կ՛անցնին հայ գաղթականներու կարաւանները: Առաջինը կ՛ըլլայ Քղիէն եկող կարաւանը: Կիներէն ոմանք կը յաջողին Բալու ապաստանիլ: Կարաւանի քղեցիները կը բողոքեն գայմագամին` քիւրտերու յարձակումներուն դէմ: Վերջինս կը խոստանայ Տիգրանակերտէն ուժեր բերել տալ` պաշտպանելու համար կարաւանը:

Հաւաւ գիւղէն վերապրող կիներ եւ երեխաներ Բալու կը հասնին: Կառավարութիւնը զանոնք եկեղեցոյ գաւիթը կը տեղաւորէ:

Արմենուհի յաճախ կ՛այցելէ գաղթականներուն եւ կը զրուցէ անոնց հետ: Կ՛որոշուի Քղիի կարաւանը ղրկել Խարբերդ:

Արմենուհի Մայր Կռանեանի տան մէջ մանչ մը կը ծննդաբերէ: Ծննդաբերութենէն ետք երրորդ օրը Արմենուհի եւ ուրիշ դրացուհիներ Մայր Կռանեանի տան պատշգամբէն կը դիտեն ոստիկաններու հսկողութեամբ շարքով քալող բանտարկեալները: Տիգրանակերտ տանելու պատրուակով զանոնք կը տանին Արածանիի կամուրջը եւ անկէ անդին, դէպի արեւելք գտնուող լերան գագաթը: Արմենուհի յստակօրէն կը տեսնէ իր ամուսինը` Թովմասը, որ կը քալէր կարաւանին հետ: Հոն, լերան գագաթը, բոլորն ալ կը գնդակահարեն: Նոյն գիշերը աւազակ քիւրտեր, թուրք ոստիկաններու պաշտպանութեան տակ, Մայր Կռանեանի տունը կը մտնեն եւ կը կողոպտեն: Յաջորդ գիշեր քիւրտերը եւ թուրք ոստիկանները աւելի բուռն յարձակում մը կը գործեն թաղի հայկական տուներուն վրայ: Տնեցիները իրենց կեանքերը ազատելու համար տունէն կը փախչին: Արմենուհի փողոց կ՛իջնէ եւ քիչ մը անդին ապրող Մարօ մայրիկին տունը կ՛ապաստանի: Առաւօտուն Արմենուհի կը վերադառնայ Մայր Կռանեանի տունը: Գիշերը ծերունի քիւրտ մը Տէրսիմէն կու գայ Մայր Կռանեանի տունը:

Ան իրենց բարեկամ էր, եւ Մայր Կռանեանն ու աղջիկը Տէրսիմ կը տանի: Արմենուհի կ՛ապաստանի դրացիին տունը, ուր քղեցի փախստական կիներ ալ կային: Արմենուհի կը մտադրէ քղեցի կնոջ մը ընկերակցութեամբ Հաւաւ երթալ: Սակայն ճամբան հայ կնոջմէ մը իմանալով, որ իրեն համար Հաւաւը ապահով չէ, կը վերադառնայ Բալու: Քղեցի կինը կը բաժնուի իրմէ: Ան իր երկու զաւակներով կ՛ապաստանի ուրիշ հայու մը տունը, Բալուի մէջ: Սակայն ոստիկաններու հետապնդումներէն հեռու մնալու համար Արմենուհի կ՛առնէ զաւակները եւ հոսկէ ալ կը հեռանայ: Բախտի բերմամբ, ան կը թակէ իրեն ծանօթ տիկին Վերոնիքա Եսայեանի դուռը:

Երկու օր ետք, գայմագամը, դարձեալ զինուած ոստիկաններու ուղեկցութեամբ, տուներէն կ՛անցնի մէկ առ մէկ եւ բնակիչները եկեղեցւոյ գաւիթը կը հաւաքէ: Գայմագամը եւ ոստիկանները կը հասնին Եսայեանենց տունը եւ Արմենուհին ու գաւակներն ալ կը տանին եկեղեցւոյ գաւիթը: Չորրորդ օրը, առաւօտուն, գաղթը կը սկսի:

Կարաւանը շատ մեծ բազմութեամբ յառաջ կ՛ընթանար: Բոլորն ալ ծանրաբեռնուած էին մանուկներով եւ ուտելիքներով: Մարօ անունով քղեցի կին մը իր թոռնիկը ազատելու համար զայն Արածանիի կամուրջէն վար կը նետէ: Ճամբուն վրայ առեւանգումներ տեղի կ՛ունենան: Տղամարդիկը կը զատեն եւ քիչ մը անդին կը ջարդեն: Շարունակելով ճամբան` կարաւանը կը հասնի Պաքըր Մատէն գիւղաքաղաքը: Ապա կրկին ճամբայ կ՛ելլեն: Գաղթական հայ հարս մը կը ծննդաբերէ: Թուրք ոստիկանները նորածինը սուինին ծայրը անցընելով` կը սպաննեն: Կը հասնին Սեւերակ: Հոս Արմենուհի կը ջանայ իր մանչը կնկայ մը յանձնել, բայց կը մերժուի: Կարաւանը ճամբան կը շարունակէ: Ոստիկանները սպառնալիքներով կը կողոպտեն ժողովուրդը: Քիչ մը անդին, Արմենուհի չդիմանալով կրած տանջանքներուն, գիրկին պզտիկը կը թողու անապատին մէջ: Աւելի անդին, կարաւանը արաբներու կը հանդիպի: Անոնք ձաւարի ճաշով կը հիւրասիրեն խեղճ գաղթականները:

Անխիղճ ոստիկաններու հրամանով գիշերը կրկին ճամբայ կ՛ելլեն եւ կը հասնին գետի մը եզերքը: Ուրֆա քաղաքին մօտեցած էին: Ուրֆայէն եկած ոստիկաններ յանձն կ՛առնեն կարաւանին հսկողութիւնը: Երբ այս ոստիկանները կը ստիպեն աւելի հեռուները երթալ եւ քաղաք չմտնել, ժողովուրդը կ՛ընդվզի եւ կը յամառի չքալել: Ոստիկանները կը սկսին ծեծել, մտրակել եւ խոշտանգել կիները: Այս միջոցին յանկարծ պատկառելի ծերունի թուրք փաշայ մը կը հանդիպի կարաւանին եւ կը սաստէ ոստիկանները. ծերունին կը կարեկցի հայ գաղթականներուն, ապա ոստիկաններուն կը հրամայէ չչարչարել եւ ապահով տեղ հասցնել կարաւանը: Ան կ՛առաջարկէ կարաւանին մէջէն կին մը ազատել իր տունը տանելու համար: Տիրուհի անունով քղեցի երիտասարդ հայուհի մը կ՛ընդունի փաշային առաջարկը:

Արմենուհի կը մտածէ փախուստի դիմել: Ոսկենազ անունով քղեցի հարս մը կը համաձայնի փախչիլ իրեն հետ: Արմենուհին իրեն հետ ունէր իր աղջիկը` Աննեկը, իսկ Ոսկենազը` իր տղան Զոհրապը:

Փաշան հեռանալէն վերջ ոստիկանները կրկին նոյն վայրագութեամբ կը վարուին գաղթականներուն հետ: Այս խառնիճաղանճին մէջ Արմենուհի եւ Ոսկենազ կը յառաջանան ճամբուն վրայ: Անոնք կը զատուին կարաւանէն եւ փոսի մը մէջ կը պահուըտին: Ապա կ՛ելլեն իրենց թաքստոցէն եւ արաբի մը տունը կ՛ապաստանին գիշերելու համար: Առաւօտուն Ոսկենազը Արմենուհիէն առաջ ճամբայ կ՛ելլէ` հետը առնելով անոր զարդեղէնը, որպէսզի չկողոպտուին: Կը համաձայնին Ուրֆայի հայկական եկեղեցիին մէջ հանդիպիլ:

Արմենուհի ճամբայ կ՛ելլէ եւ կը հասնի Ուրֆա: Դրան մը ետեւէն հայերէն խօսակցութիւն լսելով` հոն կը մտնէ: Հայ կիներ հոգ կը տանին իրեն: Անոնցմէ Մարիամ Քուրուկը աւելի հարազատ կը թուի իրեն: Անոնք Արմենուհին եւ աղջիկը կը տանին հայոց եկեղեցին: Արմենուհի հոս Ոսկենազը կը փնտռէ: Կ՛իմանայ, թէ ան կը գտնուի կառավարչատունը, մութասարրիֆին մօտ: Արմենուհի մութասարրիֆին տան մէջ կը գտնէ Ոսկենազը, որ իբրեւ սպասուհի կը մնար հոն: Արմենուհի կը վերադառնայ Մարիամ Քուրուկի մօտ: Ան կը հիւանդանայ եւ կ՛իյնայ Մարիամ Քուրուկի խնամքին տակ, որուն դարմանումներուն շնորհիւ քանի մը օրէն կրկին ոտքի կ՛ելլէ:

Ճիշդ այս ատեն կը սկսին Ուրֆայի ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Հայ կիները կռուող տղոց համար հաց կը թխեն:

Իրենց հետ առնելով բոլոր աքսորեալները, որոնք իրենց տուները ապաստանած էին, հայ մարտիկները ճամբայ կ՛ելլեն: Ուրֆացի կիները անձնատուր պիտի ըլլային եւ աքսորուէին: Այս միջոցին Արմենուհի բախտի բերմամբ կը հանդիպի հին ծանօթ կնկայ մը` Սուլթան անունով: Անոնք կը համաձայնին միշտ միասին մնալ, ուր որ երթան:

Կրկին կը բռնեն գաղթի ճամբան: Արմենուհի եւ Սուլթան միասին կը քալեն կարաւանին մէջ: Կը հասնին Սկէլէճիկ գիւղը, Եփրատի եզերքը: Շարունակելով` կը հասնին Նիզիպ: Հոս կարճ ժամանակ մը խաղաղ կեանք կ՛ապրին: Սակայն շուտով խլրտումները կը սկսին: Օրին մէկը թուրք զինուորներ կը հաւաքեն հայ կիները մզկիթին մէջ` բռնաբարելու միտումով: Արմենուհի կը փախչի եւ կ՛ապաստանի իրեն շատ ծանօթ բարեկամ թրքուհիի մը տունը: Բարի թրքուհին Արմենուհին թաքստոցը կը պահէ: Թուրք գազանները տան դուռը կը բախեն ուժգին կերպով եւ հայ «կեաւուր» Արմենուհին կը պահանջեն: Թրքուհին կը յիշեցնէ չարձակողներուն, թէ իր ամուսինը Ուրֆայի մութասարրիֆին քարտուղարն է: Ան անսասան կը մնայ: Դուռը հարուածողները դժգոհ կը հեռանան: Այսպիսով, Արմենուհին ստոյգ մեծ վտանգէ մը կ՛ազատի: Արմենուհի այս թրքուհիին սկիզբէն ծանօթացած էր` բաւական ժամանակ անոր տան մէջ աշխատած ըլլալով:

Այս դէպքէն ետք Արմենուհի կ՛որոշէ դէպի Հալէպ փախչիլ: Ան ծանօթացած էր Արտեմիս անունով կնկայ մը հետ: Անոնք կ՛որոշեն միասին փախչիլ: Արկածախնդրութիւններով լեցուն ճամբորդութենէ մը ետք կը հասնին Հալէպ: Արմենուհին, կարնեցի ըլլալով, կը հանդիպի ուրիշ կարնեցիներու, սակայն իր ծնողաց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կրնայ քաղել:

Հալէպի մէջ Արմենուհի բալուցի երկու կիներու կը հանդիպի: Անոնք նոյն կարաւանին մէջն էին: Կարաւանէն Արմենուհիի բաժնուելէն ետք շատ գէշ սպանդ մը գործադրուած էր կարաւանի գաղթականներուն վրայ: Այս երկու կիները հնարամտութիւն մը գործած էին: Անոնք երկու թուրք ոստիկաններու ըսած էին, թէ Բալուի մէջ պահուած ոսկիներ ունին եւ անոնց տալ կը խոստանային: Ապա ոստիկաններուն հետ ապահով կերպով գացած էին Բալու: Ոստիկանները կրցած էին ոսկիի կարասը գտնել եւ տիրանալ ոսկիներուն: Այս յաջողութենէն ետք ոստիկանները այս երկու կիները ապահով կերպով Հալէպ բերած էին:

Նախորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Յաջորդը

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզանքի Երրորդ Կեդրոնին Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը` Ֆանարի Մէջ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?