Յիսնամեակը Եւ Թուրք Թերթերու
Յանցապարտ Մեկնութիւնները
Թրքական թերթերը այս օրեր այնքան գրգռուած են, որ ամէն օր տարբեր ձեւով կը ներկայացնեն արտասահմանի հայութեան պատրաստութիւնները` յիսնամեակի տօնակատարութեան համար: Յաճախ մոռնալով չափի եւ ճշմարտութեան գիտակցութիւնը` ծիծաղելի մեկնութիւններ կու տան: Ստորեւ կու տանք Պոլսոյ «Հիւրրիէթ» թերթի (8 ապրիլ) ուշագրաւ խմբագրականը, որ յստակ կերպով ցոյց կու տայ թուրքերու յանցապարտ մտածողութիւնը.-
Ապրիլ 24-ին, ամբողջ աշխարհի հանրային կարծիքին առջեւ, Թուրքիոյ դէմ միջազգային նոր պայքար մը պիտի մղուի: Պէյրութի օրթոտոքս եկեղեցիին առաջնորդութեամբ, 24 ապրիլին, Փարիզի, Նիւ Եորքի, Աթէնքի, Լոնտոնի, Հարաւային Ամերիկայի զանազան քաղաքներուն մէջ «ջարդուած հայերու» յիշատակին սգահանդէսներ պիտի սարքուին: Պէյրութի օրթոտոքս եկեղեցին կը յայտարարէ, թէ 1915-ին Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայեր ջարդուած են, եւ «յիսնամեակ»-ի մը անունին տակ կ՛ուզէ այս դէպքը երեւան հանել:
Այս առթիւ մասնաւոր ծրագիր մը պատրաստուած է, որով 24 ապրիլին գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սգահանդէսներ տեղի պիտի ունենան զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու եւ «թուրքերու վայրագութիւնները ծանուցելու» համար: Մանաւանդ աշխարհի մեծ կեդրոններուն մէջ, կարգ մը գրգռիչներու դրդումով ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլներն ալ պիտի մասնակցին այս գործին, որպէսզի համաշխարհային բնոյթ ստանայ ան: Այս արարողութիւնները, ճառերը եւ հրատարակուած գրքոյկները պիտի սփռուին ռատիոներով եւ հեռատեսիլներով: Այս միջոցներով պիտի հասկցնեն, թէ անցեալին մէջ Թուրքիոյ հայերը ինչպէ՞ս ջարդուած են արիւնարբու կոտորածով մը, եւ օրինակներով ցոյց պիտի տրուի «թրքական վայրագութիւնը», աշխարհի հանրային դատաստանին առջեւ:
Անոնք, որոնք ուշի ուշով կը հետեւին այս պատրաստութիւններուն, կը տեսնեն, թէ հայերը գործիք կ՛ըլլան յոյներուն, եւ այս գրգռութեանց կեդրոնը Յունաստանի մէջ է, հայերը հոսկէ ուժ կ՛առնեն: Կիպրոսի դէպքերուն առթիւ, կղզիի թուրքերուն դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւնները լայն արձագանգ ունեցան եւ աշխարհի ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացած է ներկայիս: Ահա թէ ինչո՛ւ հելլէնները եզական անպատկառութեամբ մը սկսած են հիմա հին տետրակները «խառնշտկել»:
Հայոց ջարդերու յիսնամեակը տօնելու համար որեւէ պատրաստութիւն չկար նախապէս: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու յանկարծ ճառ մը խօսեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովին մէջ եւ ըսաւ. «Ելեր են Կիպրոսի մէջ յունական վայրագութիւններէն ճառելու: Ապրիլ 25-ին ամբողջ աշխարհ պիտի իմանայ, թէ թուրքերը հայերու դէմ ի՛նչ վայրագութիւններ գործած են, պիտի հասկնայ անոնց աստիճանը»:
Յոյներու նպատակը որոշ է. Կիպրոսի խժդժութիւնները մոռացութեան տալու եւ քողարկելու համար` շահագործել հայկական խնդիրները: Յոյներու կողմէ կազմակերպուած այս պայքարին մէջ օրթոտոքս եկեղեցիները առաջնակարգ դեր մը ստանձնած են:
Առիթէն օգտուելով` մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ թրքութեան դէմ գործող մեծահարուստ հայեր գերմարդկային ճիգեր կը թափեն ռատիոներէն եւ հեռատեսիլներէն օգտուելու համար: Անոնք նիւթական օժանդակութիւններ կ՛ընեն այս նպատակին հասնելու համար: Իրենց բուն նպատակը հայոց ջարդերու խնդիրը չէ, այլ` Կիպրոսի դէպքերուն վրայ նոր քող մը փռել:
Ինչպէս յայտնի է, առաջին ընդհանուր պատերազմին, ներքին զանազան խլրտումներու ընթացքին, հայերն ալ զանազան վայրերու մէջ ըմբոստութիւններ կազմակերպած, նոյնիսկ թուրքերու դէմ զուլումներ ըրած են: Այն ատեն թուրք կառավարութիւնը, որ դէմ յանդիման գտնուած էր այլազան խնդիրներու հետ, մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ միւս կողմէ դաշնակից Գերմանիոյ ազդեցութեան տակ մնալով` զսպողական շարժումներու ձեռնարկած էր: Թուրքեր սպաննուած էին հայերու կողմէ, հայերն ալ զսպումի ընթացքին մեռած էին: Մէկ մասը արտասահման փախած, միւս մասն ալ երկրէն դուրս հանուած էին:
Ծառերուն Խորհուրդը
Ասկէ առաջ արդէն, այլ տեղեկութեանց կարգին հաղորդած էինք, թէ ապրիլ 24-ին Հայաստանի մէջ 1,500,000 ծառեր պիտի տնկուին:
Յատուկ բացատրութեան կարիք չկար, թէ ի՛նչ նպատակով, կամ` ի՛նչ ըսելու համար:
Հայաստանի գրողները, սակայն, պահ մը կանգ են առեր ծառերը տնկելու խորհուրդին առջեւ, յատուկ «Բաց նամակ»-ով մը, որմէ առնուած հատուածներ կը հրատարակենք քովի սիւնակներուն վրայ:
«Հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքում իրեն վիճակուած բոլոր ողբերգութիւններին, բոլոր դժբախտութիւններին միշտ էլ պատասխանել է աշխարհաշէն գործերով», կ՛ըսեն Հայաստանի գրողները, որոնք յանձնառու են մասնակցելու 1,500,000 ծառ տնկելու գալիք արարողութեան` իւրաքանչիւրը ծառ մը տնկելով Վարուժանի՛, Զոհրապի՛, Սիամանթոյի՛, Սեւակի՛ եւ բոլոր միւս մե՛ծ նահատակներու յիշատակին:
Թարգմանը հանդիսանալով այն կամքին ու սրբազան կիրքին, որով համակուած է բովանդակ հայութիւնը այսօր, Հայաստանի գրողները արդէն իսկ կը պատկերացնեն, թէ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի առթիւ կանգնուելիք կոթողի կողքին պիտի կոթողուի անմեռ խորհուրդը, եւ Հայաստանը պիտի ծածկուի «կանաչ պուրակներով» ու «սաղարթախիտ անտառներով»` «Սեւանի ափին, Շիրակի դաշտում, Զանգեզուրի բարձունքներուն, Արագածի լանջերին, հայկական ողջ հողի վրայ…»:
Ի՞նչ ըսելու համար:
Որպէսզի այժմու քաղաքական քար լռութիւնը խզուի՛ եւ որքան ալ անուղղակի` Արդարութեան ձայնը լսողի, թէկուզ` իրաւատիրոջ բերնով:
Որքան աւելի ազնի՛ւ, որքան աւելի մարդկայի՛ն ու վսե՛մ պիտի ըլլար այս աշխարհը, եթէ գտնուէր անշահախնդիր այն երրորդը, որ կարգ մը պարզ բառերով, կարգ մը պարզ ճշմարտութիւններ ըսէր, թէ.
– Կարելի չէ՛ ազգ մը ամբողջ յօշոտել, յափշտակել անկէ անոր հազարամեայ հայրենիքը ու զայն մահաբոյր անապատի վերածել` յուսալով ու հաւատալով, թէ քաղաքական աշխարհի արդարութիւնը կոյր է, մունջ ու խուլ, ուստի ծպտուն իսկ պիտի չհանէ:
Հայութիւնը տակաւին կը սպասէ անշահախնդիր երրորդի մը նման մէկ խօսքին` ըսուած մեր առիթով, սակայն` յանուն համամարդկային Արդարութեան. ըսուած` մեր միլիոնաւոր նահատակներու մասին, սակայն` ընդհանրական Արդարութենէն մեկնելով. ըսուած` ի պաշտպանութիւն մեր իրաւունքի, սակայն` խորքով բոլորի՛ արդարութիւնը զրահող:
Եւ քանի դեռ չի խզուիր քաղաքական աշխարհի քար լռութիւնը յիսնամեակի առթիւ, եւ արդարութիւնը չունի ախոյեան, հայ ժողովուրդն է, որ կ՛ըսէ այն միեւնոյն խօսքը, որ թէ՛ դպրութիւն է, թէ՛ ազգային կենցաղ, թէ՛ խորհուրդ յաւերժութեան:
Կը կրկնէ այն անմեռ խօսքը, որ արտասանուեր է ծառի խորհուրդը ըմբռնած վաղնջագոյն, անդրանիկ մարդուն կողմէ:
Աւետարանային այն խօսքը, որով ծառ տնկողները կը դառնան ԵՂԲԱՅՐ` անկախ ցեղի, ազգի ու դաւանանքի տարբերութեանց: Եղբայր անո՛ր համար ու անո՛վ, որ թափանցած են նպատակիմաց, ստեղծագործ եւ կենարար այն խորհուրդին, որ «ծառ տնկել»-ն է` իբրեւ վկայութիւն գիտակի՛ց գործի, իբրեւ կանխամտածուա՛ծ ապահովութիւն ապագայի, իբրեւ հոգեկան հաղորդակցութիւն յաւերժահոս կեանքի:
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ տնկե՛լ, հսկել ծաղկումի՛ն, գուրգուրա՛լ, մեծցնե՛լ, հասունացնե՛լ եւ ապա՛ միասնաբար ալ պտուղը քաղե՛լ:
Հարկեցուցիչ իմացականութեամբ ասիկա կատարողները այլեւս հասած են շքեղ ու շինարար այն եղբայրութեան, որ ընդունակ է ամէն կնճիռ լուծելու եւ ամէն անհասկացողութիւն հարթելու:
Եւ ահա, յիսնամեակի առթիւ, Հայաստանի մեր եղբայրները անգամ մը եւս կը վկայեն մարդկութեան ու պատմութեան, որ հայ ժողովուրդը ծառ տնկող է ա՛յս գիտակցութեամբ, ա՛յս իմացականութեամբ, ա՛յս բովանդակութեամբ:
Իբրեւ առհաւատչեայ` համամարդկային եղբայրութեան, իբրեւ վկայութիւն` առա՛տ քրտինքի, անվհա՛տ ճիգի եւ արդա՛ր արդիւնքի, իբրեւ խորհուրդ` մարդկային մե՛ծ իտէալներու եւ անժամանցելի առաքելութեան:
Ծառ տնկող է հայ ժողովուրդը: Հոգ չէ, թէ փշրուին ծառ տնկող իր բազուկները, հոգ չէ՛, թէ յօշոտուին այդ խորհուրդով հմայուած անհատները, հոգ չէ, թէ անապատի ամայութեան մէջ ջարդուփշուր ընեն այն գլուխները, որոնց համար ծառ տնկողը եղբայր է ծառ տնկողին, եւ ատով իսկ` ՄԱՐԴ:
Թող չունենա՛նք մեր իրաւունքի միջազգային պաշտպանը: Թող չլսուի՛ մեր ձայնը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն: Թող չգտնուի մեր արդարութեան ախոյեանը:
Մենք` հայե՛րս, 1,500,000 ծառ պիտի տնկենք եւ անգամ մը եւս անժամանցելի այս խորհուրդին պիտի երկրպագենք:
Պիտի երդնունք հաւատալ, թէ տիեզերքի պատահականութիւններէն չէ, որ նման խորհուրդով յատկանշուող մարդը մե՛ծ իմաստներու, վեհագո՛րծ նպատակներու եւ անհասանելի՛ կատարելութեան միաժամանակ թէ` հեղինակն է թէ՛ ենթական:
Պիտի հաւատանք, որ ծառ տնկելո՛ւ, զայն խնամելո՛ւ, զայն խնամելո՛ւ, զայն սիրելո՛ւ, զայն ծաղկեցնելո՛ւ եւ պտղաբեր դարձնելու ընդունակ Մարդը ունի նաեւ այլ, նմանօրինակ յատկանիշներ եւ ընդունած է նոյնպէս ու նոյնքան խնամելո՛ւ, սիրելո՛ւ, ծաղկեցնելո՛ւ եւ պտղաբեր դարձնելո՛ւ համամարդկային ազատութիւնը, համամարդկայի՛ն հաւասարութիւնը, համամարդկայի՛ն եղբայրութիւնը:
Մեր տնկելիք 1,500,000 ծառերը վկայախօսները պիտի ըլլան մեր ա՛յս դաւանանքին. ազգային մեր ա՛յս պատգամաբանին մշտադալար մեր ՀԱ՛Յ ՀԱՒԱՏՔԻՆ:
«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»