Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1965)

Ապրիլ 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վիեթնամեան Ողբերգութիւնը

Ասիական հարաւ-արեւելքը հրաբուխի վրայ կ՛ապրի այն օրէն ի վեր, որ ամերիկացիք, դիմագրաւելու համար հետզհետէ ծանրացող համայնավարական վտանգը, ստիպուեցան ուղղակիօրէն միջամտել վիեթնամեան պատերազմին` իրենց օդային, ծովային ու ցամաքային ուժերով:

Անցեալ օգոստոսին ամերիկացիք առաջին քայլը առին գործողութեան մը, որ ռազմագէտներու լեզուով հետագային պիտի կոչուէր «մագլցումի» գործողութիւն, նկատի ունենալով, որ ամերիկեան հարուածները կը տրուէին հետզհետէ աւելի հիւսիս` աստիճանական մագլցումով:

Ամերիկեան առաջին ռմբակոծումները ահագին աղմուկ բարձրացուցին համայն աշխարհի մէջ: Շատ հասկնալի կերպով առաջին դէմ արտայայտուողները եղան ընկերվարական կոչուած երկիրները, որոնք ամերիկեան վճռականութեան մէջ կը տեսնէին վախճանը իրենց տիրապետութեան երազներուն:

Աստիճանաբար, սակայն, այդ ռմբակոծումները դարձան ընթացիկ երեւոյթներ, ամէնօրեայ գործողութիւններ, որոնք մաս կազմեցին վիեթնամեան ողբերգութեան ընդհանուր տեսարանին:

Արդարեւ, ողբերգութիւն մըն է այն, ինչ որ կը պատահի տարիներէ ի վեր հնդկաչինեան թերակղզիին մէջ, որ ատենօք կը հանդիսանար Ֆրանսայի ամէնէն բարգաւաճ գաղութներէն մէկը: Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք Հնդկաչին թատր հանդիսացաւ քաղաքացիական պատերազմի մը, որ հետագային պիտի վերածուէր  ծանր բախումի մը ազատագրական բանակին եւ Ֆրանսայի միջեւ: Ծանօթ է, որ ինչպէս վերջացաւ այս պատերազմը: Աշխարհ տակաւին չէ մոռցած Տիէն Պիէն Ֆուի աղէտը, որ այսօր տակաւին վէճի նիւթ կը դառնայ ֆրանսական մամուլին եւ հանրային կարծիքին մէջ` պատասխանատուները ճշդելու ձգտումով:

Ժընեւի 1954-ի խորհրդաժողովէն ետք երկիրը երկուքի բաժնուեցաւ, եւ համայնավարներ իրենց տիրապետութեան տակ առին հիւսիսային շրջանը` հարաւը ձգելով ազատ աշխարհի ազդեցութեան ներքեւ:

Միացեալ Նահանգները, որոնք կը մտահոգուէին Ծայրագոյն Արեւելքի իրենց շահերու պաշտպանութեամբ, իրենց գործնական հոգատարութեան տակ առին այս երկրամասը` պարտադրելով կաթողիկէ պետ մը ութսուն տոկոսով պուտտայական բնակչութեան մը:

Հետզհետէ սակայն համայնավարները խզեցին զինադադարը եւ հրոսակային կռիւներ կազմակերպեցին Հարաւային Վիեթնամի մէջ` հիմնական նպատակ ունենալով համայնավարական տիրապետութեան հաստատումը ամբողջ հնդկաչինեան թերակղզիին վրայ: Այս նպատակին համար կազմուած Ազգային ազատագրութեան բանակը աստիճանաբար զօրացաւ` վայելելով Հիւսիսային Վիեթնամի օժանդակութիւնը, որ իր կարգին ուժ կը ստանար համայնավար Չինաստանէն: Այս պատերազմին իբրեւ անմիջական հետեւանք` Սայկոնի վարչակարգը ստացաւ անկայուն բնոյթ մը պետական հարուածներու ծիծաղելի յաջորդականութեամբ մը:

Ամերիկացիք զգացին, թէ կացութիւնը օրէ օր վտանգաւր պիտի դառնայ, եթէ վճռական միջոցներու չդիմեն: Այսօր, փաստօրէն, Հարաւային Վիեթնամին կէսէն աւելին կը գտնուի Վիեթքոնկի հակակշռին ներքեւ ու ինքն իր բախտին ձգուած Վիեթնամ մը քանի մը օր չանցած կրնայ ողողուիլ համայնավարական ալիքին ներքեւ:

Ամերիկեան վճռականութիւնը Վիեթնամի մէջ հիմնական նպատակ ունի համոզել համայնավարները, թէ պիտի չկրնան նախայարձակումներով տարածուիլ ամբողջ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ: Նոյն առթիւ` պատուար մը քաշել համայնավարներու առաջխաղացքին առջեւ, որ անդիմադրելիօէն կրնայ կուլ տալ ամբողջ շրջանը, եթէ Հանոյ ու Փեքին զգաստութեան չգան, սպառնալիքի տակ տեսնելով իրենց տասնամեայ իրագործումները, ամերիկեան ահաւոր ուժին շեշտակի հարուածներուն ներքեւ:

Ուաշինկթըն որքան յառաջ գնաց իր վճռականութեան մէջ, այնքան աւելի շեշտուեցաւ Մոսկուայի եւ Փեքինի ներքին պայքարը: Խորհրդային Միութիւնը, Չինաստանի անխորհուրդ քայլերուն բերումով, վտանգուած կը տեսնէր խաղաղ գոյակցութեան իր քաղաքականութիւնը, որուն հիմը դրաւ Խրուշչեւ, եւ որ հիմա կը շարունակուի խորհրդային երբեմնի ղեկավարին յաջորդներու կողմէ: Մոսկուա միայն բերանացի ու գրաւոր բողոքներ բարձրացուց ամերիկեան ռմբակոծումներուն առիթով, բայց երբեք չառաւ վտանգաւոր քայլը` ուղղակի միջամտելու պատերազմի մը, որ կրնայ երրորդ աշխարհամարտի մը նախաքայլը հանդիսանալ:

Նախագահ Ճոնսընի վերջին յայտարարութիւնները Վիեթնամի կացութեան մասին, մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ Ուաշինկթըն կ՛ընդունի առանց նախապայմանի նստիլ բանակցութեան սեղանին առջեւ, կոչուած են ոչ միայն երկընտրանքի մը առջեւ դնելու Հանոյն ու Փեքինը, այլ նաեւ` վերացնելու այն առարկութիւնը, որ ունին արեւմտեան կարգ մը երկիրներ ու Երրորդ Աշխարհը` Սպիտակ տան քաղաքականութեան հանդէպ:

 

Հայութեան Յոյսը
Կը Զօրանայ Իր Դատին Հանդէպ

Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ մեր ժողովուրդին ցոյց տուած խոր հետաքրքրութիւնն ու մեր հողերու վերադարձին շուրջ յայտնած պահանջը կը զօրանայ օրէ օր, եւ դարձած է համաժողովրդական արտայայտութիւն` առանց կուսակցական կամ գաղափարական խտրութեան: Հայութեան բոլոր խաւերը կ՛անդրադառնան մեր ժողովուրդին վրայ կատարուած անլուր ցեղասպանութեան, կը յարգեն նահատակներու յիշատակը եւ կը պահանջեն արդար հատուցումը մեր իրաւունքներուն:

Արդարութեան հետապնդումը ժամանակի հարց չէ եւ չի կրնար ըլլալ. ե՞րբ «ժամանակ ունեցեր են» արդեօք պետութիւնները` յայտարարելու համար մեզի. «Ահա՛, հիմա ժամանակն է, որ ձեր հարցով ալ զբաղինք. ներկայացուցէ՛ք ձեր պահանջները»:

Վեց դարերու մեր գերութեան ընթացքին այդ ժամանակը չեկա՜ւ երբեք, եւ մեր պայքարի թէ համակերպութեան երկարատեւ տարիներու ընթացքին հազիւ յաջողեցանք տեսնել նպաստաւոր դաշնագիր մը` Սեւրի դաշնագիրը, զոր սակայն հետագային անտեսեցին նոյն մեծերը եւ իրենց իսկ անունները նախատեցին` տեղի տալով բռնութեան եւ անարդարութեան առջեւ:

Մենք անտեսած չենք սակայն այդ դաշնագիրը, կը պահենք զայն մասունքի պէս, մեր ձեռքին եւ մեր հոգիներուն մէջ: Այս օրերուն, որեւէ ժամանակէ ի վեր, մեր նուիրական իրաւունքները խորհրդանշող այդ դաշնագիրը դարձեալ ուշադրութեան առարկան է բոլոր հայերուն, աշխարհի որ կողմն ալ գտնուին անոնք:

Մի քանի օր առաջ հրատարակեցինք պատճէնը այդ միջազգային մուրհակին, որուն ներքեւ կան ստորագրութիւնները եւրոպական  մեծ պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ:

Այդ դաշնագրով թրքական կառավարութիւնը կը հրաժարէր հայկական հողերէն եւ կ՛ընդունէր անոնց մասին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութիւնը:

Պիտի յիշե՛նք արդարութեան տխուր վիժումը, որով հետագային անարժէք կը դառնար պատմութեան արձանագրած թերեւս ամէնէն մարդկայնական այդ դաշնագիրը:

Անարժէք` ոչ սակայն ընդմիշտ, այլ` այն օրերուն համար միայն, երբ անբարոյ քաղաքականութիւն մը տիրապետող գիծը դարձաւ ե՛ւ Խ. Միութեան, ե՛ւ եւրոպական մեծ պետութեանց: Դժբախտաբար կը շարունակուի այդ սեւ գիծը տակաւին, եւ պետական մարդիկ շահ կը փնտռեն, արդարութենէ առաջ, քաջ գիտնալով հանդերձ, որ մարդկութիւնը շահով չէ, որ պիտի փրկուի ի վերջոյ, այլ բարոյական սկզբունքներու յաղթանակով` անբարոյութեան վրայ:

Ա՛յդ է, որ կը հետապնդեն այսօր բազմաթիւ երկիրներ, եւ մենք միակ չենք: Ինչի՞ կը ծառայէ ՄԱԿ-ը, եթէ ոչ` արդարութեան…

Անհրաժեշտ է ամուր պահել մեր հաւատքը, մեր խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը Հայ դատին հանդէպ, եւ ահա թէ ինչո՞ւ մեր ժողովուրդին ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը այս օրերուն կը յուսադրէ ամէնքը` արդարութեան յաղթանակի մասին:

Բազմաթիւ հայրենակիցներ ամէն օր գրած իրենց նամակներով, յիշատակի հաւաքոյթներով եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեամբ կը շեշտեն, թէ մեր համբերութիւնը շատ փորձուած է, եւ այլեւս ժամանակն է, որ մեծ պետութիւնները անդրադառնան մեր Դատին եւ փրկեն թէ՛ իրենց համբաւը իբրեւ արդարութեան ախոյեաններու, եւ թէ՛ սրբեն այն ահաւոր արատը, որ Լոզանի դաշնագիր անունով կը ներկայացնէ պատմութեան ամէնէն տխրանուն ոճիրը` արդարութեան դէմ:

Արդարեւ, ի՜նչ արժէք ունին պետական մարդոց յաճախ գործածած` «արդարութիւն, ժողովուրդներու իրաւունք, ազատութիւն» բառերը, երբ ամէնէն աւելի անիրաւուած հայ ժողովուրդը կը մնայ կարօտ` արդարութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան:

Մեր հաւատքը կը զօրանայ սակայն ամէն օր, մեր ժողովուրդը կը մերժէ յուսալքումը եւ չի դադրիր հաւատալէ իր նուիրական իրաւունքին վերստացման: Կը պահանջէ իր հայրենի հողերը, կը պահանջէ` դարեր շարունակ իր քրտինքով ու արիւնով  ոռոգած հայրենի դաշտերը, լեռները…

Յիսուն տարիներ անցած են, եւ սակայն աւելի՛ զօրաւոր է այսօր մեր մէջ ոչ միայն վիշտը մեր մէկուկէս միլիոնէ աւելի նահատակներուն կորուստին, այլեւ կարօտը` հայրենի հողերուն, ուր անոնց ոսկորներն ու արիւնը կը մնան իբրեւ անկորնչելի ու նուիրական դրոշմը` այդ հողերուն հայկականութեան: Մեր նահատակներուն արիւնն ու ոսկորները երբեք պիտի չկրնան հեռացնել հայրենի հողերէն:

Հայաստան այցելող եւ վերադարձող հայրենակիցներ կը պատմեն, թէ հայրենիքի մեր ժողովուրդը եւս անօրինակ ապրումով կ՛ոգեկոչէ յիսնամեակը, եւ թէ` սրտերու խռովքը շատ աւելի է, քան որ կը զգացուի զանազան տեղեկութիւններու մէջ:

Հայրենի ժողովուրդն է, որ պարտադրած է երկրի ղեկավարներուն` դիւրացնել ապրիլեան Եղեռնի խորհուրդն ու պատգամը, ու ձեռնարկներ կատարել` յաւերժացնելու համար հայրենիքին համար զոհուածներու յիշատակը:

Այս ձեռնարկը բնականօրէն կ՛առաջնորդէ նաեւ հետապնդմանը մեր քաղաքական դատին, սակայն մենք կը փափաքինք, որ ազատ աշխարհը կանխէ բոլոր հաւանականութիւնները եւ հարկադրէ Թուրքիան, որպէսզի մեր հայրենի հողերը վերադարձնէ հայութեան:

Նման ձեռնարկ մը հսկայական առաւելութիւն պիտի ապահովէր ազատութեան դատին, եւ անտարակոյս, ամէն քարոզչութենէ աւելի պիտի քաջալերէր այն ժողովուրդները, որոնք արդար ակնկալութիւններ ունին ազատ աշխարհի ղեկավարութենէն:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Միսթիք Ժամեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?