ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ասպարէզի անորոշ փոփոխութիւն մը ձեզ պիտի խանգարէ եւ պիտի արգիլէ ձեզի յստակ մտածել: Համբերութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հարստացուցէք ձեր մշակոյթը այն գիրքերով, զորս կը յանձնարարեն ձեզի: Օրը ունի բազմատեսակ պարտաւորութիւններ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւատես չէք, ջանացէք իրականութիւնը նկատի առնել, հաստատեցէք ձեր դիրքը: Անորոշութեան մի՛ մատնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ անորոշ հարցեր մի՛ արծարծէք: Սահմանը մի՛ անցնիք եւ կողմնակալ մի՛ ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործերը հանդարտութեամբ դասաւորեցէք: Աճապարանքով աշխատանքը սխալ տեղ մը կ՛ունենայ, հետեւաբար իմաստութեամբ շարժեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ոմանք ձեզ հմայել կը փորձեն, բաժին մը ձգեցէք փոխադարձ հասկացողութեան: Արագ որոշում մի՛ տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանեկան ծախսերը կ՛աւելնան, առաջքը առէք առատ ծախսերու: Շահիլը աւելի դժուար է, քան ծախսելը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանկութեան աշխարհը աղբիւրը պիտի ըլլայ հետաքրքրութեան: Փոքրերը շատ բաներ ունին սորվելիք մեծերէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւնը յստակացուցէք ձեր դրամատան հետ: Այս մասին մտածեցէք եւ ժամադրութիւն առէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ի՞նչ ճարպիկութիւն պիտի իրագործէք պաշտպանելու համար ձեր անձնական շահերը: Օրը կը պահանջէ ըլլալ գործնական:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տարբերութիւն մը դրէք ձեր աշխատանքին հսկողին եւ ձեր գործունէութեան միջեւ: Ինքնավստահ եղէք, որպէսզի չձախողիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ծրագիրները յաջողութիւն պիտի գտնեն շնորհիւ այն անձերուն, որոնք կը հաւատան ձեր գործունէութեան: Ինքնավստահութիւնը ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ:
