Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն տեղեկացուց, որ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի հազարաւոր անդամներ հասած են Սուէյտա կամ Սուրիոյ Ժապալ Տրուզ շրջանը:
Ան շեշտեց, որ զինք կը մտահոգեն այդ շրջանին մէջ գտնուող տիւրզի արաբներուն ճակատագիրը եւ անոնց սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ այս իրականութիւնը կը փաստէ, թէ առանց Իրանի սուրիական վարչակարգը վաղուց քայքայուած էր: