Ս. Զատկուան տօնին առիթով Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շարունակեց իր ընդունելութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ երէկ Պքերքէ այցելեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի անունով իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Ռայի պատրիարքին:
Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ խմբագիրներու եւ մամլոյ սենտիքաներու նախագահներ Էլիաս Աուն եւ Աունի Քաաքի:
Ռայի պատրիարքը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն: