Սուրիան Յորդանանին կապող Նասիպ անցքին վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ գերեվարուած տասը լիբանանցի վարորդներէն վեցը նախանցեալ երեկոյեան վերադարձան Լիբանան:
Մասնահի սահմանէն Լիբանան հասած են Սրաժէտտին Հատրի, Եուսեֆ Մոհամետ, Օմար Սարութ, Հայսամ Պասլիթ, Ահմետ Օսման եւ Մահմուտ Պատաուի:
Նշենք, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հանդիպելէ ետք երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է յորդանանցի իր պաշտօնակիցին հետ` քննարկելու համար լիբանանցի վարորդները ազատ արձակելու եւ անոնց Լիբանան վերադարձը դիւրացնելու մանրամասնութիւնները: