Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1965)

Ապրիլ 4, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

50-Ամեակը Լիբանանեան Մամուլին Մէջ

«Նահար»-ի Բացառիկ Թիւը

Լիբանանեան մամուլը հետզհետէ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին եւ այդ առթիւ համակրանքով կ՛արտայայտուի հայ ժողովուրդի մասին:

Լիբանանեան մեծատարած եւ ազդեցիկ օրաթերթ «Նահար» կիրակի օրուան իր բացառիկին մէջ չորս էջ յատկացուցած է հայ ժողոուրդի իրաւունքներուն առաջին էջին վրայ հրատարակելով Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գունաւոր եւ մեծադիր նկարը, չորրորդ էջին Հայաստանի քարտէսը` Ուիլսընեան սահմաններով, հինգերորդին` ահաբեկիչներ Արշաւիր Շիրակեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանի (արաբներու դահիճը Ճեմալ փաշայի ահաբեկիչներուն) նկարները, իսկ վեցերորդ էջին վրայ` Ճեմալ, Էնվեր, Թալէաթ եւ Սայիտ Հալիմ փաշաներու նկարները:

Իսկ «Լ՛Օրիան» իր երէկուան թիւով կը գրէր.-

Ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանը, Ժոզեֆ Չատերը, Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը եւ Անտրէ Թապուրեանը, որոնք եկած էին խորհրդակցելու հետը այն միթինկին ու թափօրին մասին, որ Լիբանանի հայերը կ՛ուզեն կազմակերպել ապրիլ 25-ին` ոգեկոչելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանութեան յիսնամեակը:

Ներքին գործոց նախարարը խոստացաւ հարցը ներկայացնել նախարարաց խորհուրդին (հակառակ կառավարութեան այն որոշման, թէ բոլոր տեսակի ցոյցերը արգիլուած են), երբ հայ երեսփոխանները հաւաստիք տուին, թէ յիսնամեակի ոգեկոչումը քաղաքական որեւէ բնոյթ չի կրեր եւ որեւէ պետութեան դէմ ուղղուած չէ:

 

Ուխտի Օր Անթիլիասի
Կաթողիկոսարանին Մէջ

Երէկ` կիրակի, 4 ապրիլ 1965, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աւանդական հանդիսութիւններով տօնակատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ՎԵՐԱՄՈՒՏի տօնը, որ տարիներէ ի վեր Անթիլիասի կաթողիկոսարանին ուխտի օրը հռչակուած է:

Քիչ անգամ պատահող, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւններուն, որոնց կը նախագահէր Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Պատարագիչն էր դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս: Ս. պատարագը, Եկմալեան քառաձայն եղանակով սքանչելիօրէն խմբերգուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Պատարագիչ սրբազանը իր հոգեշունչ եւ հոյակապ քարոզին մէջ ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ տեսիլքի մարդը, որ հայ ժողովուրդին տուաւ հաւատքի եւ գաղափարի այնպիսի ուժ մը, զոր դարերու ընթացքին ոչ մէկ ուրիշ ուժ կրցաւ խորտակել:

«Այն աշխարհը, զոր ան թիզ առ թիզ մշակեց հոգեւոր առաքելութեամբ եւ ամէն կողմ եկեղեցիներ բարձրացուց ու ծաղկեցուց, այսօր ամայութեան եւ աւերակի ծանր խաւի մը տակ կը մնայ:

«Իրմով եւ իր հաւատաւոր ժողովուրդով, այդ աշխարհը Աստուծոյ եւ մարդկութեան ծառայող աշխարհ էր: Հաւատքի ստեղծագործ լեզուն կը բարբառէր հոն: Իսկ հիմա` աւերակի եւ փոշիի լեզուն:

«Այդ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ Լուսաւորիչով ծաղկած իր երկիրը»:

Յաւարտ Ս. պատարագի, կազմուեցաւ մեծահանդէս թափօր: Վեհափառ հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջը, Տաճատ արքեպիսկոպոս Սեղբեստրոս հայրապետի աջը եւ Գարեգին եպիսկոպոս Նիկողոս Հայրապետի աջը իրենց ձեռքին, վարդապետներու, աբեղաներու, քահանայ հայրերու, սարկաւագներու, դպիրներու եւ երգչախումբին առաջնորդութեամբ դուրս եկան մայր տաճարէն` օրհնելով բազմահազար հաւատացեալները շրջեցան ընդարձակ բակին մէջ, ապա կրկին մտան մայր տաճար:

Սրբազան մասունքները դրուեցան խորանին վրայ, ուր եւ տեղի ունեցաւ ժամեր տեւող աջահամբոյրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ սրբազան հայրապետներու: Ապա հաւատացեալ ժողովուրդը կանոնաւոր շարքերով բարձրացաւ վեհարան, աջն ու օրհնութիւնը առաւ վեհափառ հօր եւ մեկնեցաւ կաթողիկոսարանէն` անգամ մը եւս հոգեւորապէս զօրացնելով իր հաւատքը հանդէպ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ:

 

Եղեռնի 50-Ամեակը Դամասկոսի Մէջ

Միասնակամ Հայութիւնը Մեծ Շուքով
Պիտի Ոգեկոչէ Նահատակներու Յիշատակը

Դամասկոսէն ստացանք հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.-

Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն գծով չորեքշաբթի, 17 փետրուար 1965-ի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երեք համայնքները ներկայացնող խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ներկայ էին երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերն ու ազգային իշխանութիւնները ներկայացնող ազգայիններ:

Յիշեալ հանդիպումին որոշուեցաւ Դամասկոսի շրջանին մէջ տեղի ունենալիք յիսնամեակի յիշատակի հանդիսութիւնները կատարել միջյարանուանական եւ համազգային բնոյթով:

Յարմար տեսնուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ դիմումները կատարուին Սուրիական Արաբական բարեխնամ կառավարութեան պատկան մարմիններուն` խնդրելով անոնց թոյլատուութիւնը եւ օժանդակութիւնը:

Ի գիտութիւն հայ ժողովուրդին` ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ մեր խնդրանքին աւելիով ընթացք տրուած է:

Յետ խորհրդակցութեան կազմուած է յիսնամեակի հանդիսութեանց յատուկ Կեդրոնական մարմին մը, որ իր հանդիպումներուն ընթացքին մշակած է հետեւեալ յայտագիրը.

Շաբաթ, 24 ապրիլ

Ա. Առաւօտեան պատարագ եւ հոգեհանգիստ` եկեղեցիներուն մէջ:

Բ. Կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին երեք յարանուանութեանց հոգեւոր դասու, սկաուտներու, նուագախումբի, աշակերտութեան, ազգային, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ համայն հայ ժողովուրդին մասնակցութեամբ թափօրով մեկնում դէպի ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ յիսնամեակի առթիւ կառուցուած Նահատակաց յուշարձանին բացումը:

Կիրակի, 25 ապրիլ

Կէսօրէ ետք համազգային հրապարակային յուշահանդէս` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Ելոյթ կ՛ունենան երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ արաբ բանախօս մը: Կը գործադրուի աւուր պատշաճի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:

ԾԱՆՕԹ.- Հայ կաթողիկէ համայնքն ալ պիտի կատարէ նոյն նպատակին համար կառուցուած յուշարձանի մը բացումը, որուն թուականը պիտի հաղորդենք մեր յաջորդ հաղորդագրութիւններուն մէջ:

ԴԻՒԱՆ
ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ

Ատենապետ
Տոքթ. Կարպիս Գարակէօզեան

Ատենադպիր
Տիրան Ակինեան

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Զատիկը Աշխարհին Շուրջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?