Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ 24 Ապրիլին 120 Հոգինոց Պատուիրակութեամբ Պիտի Այցելէ Ծիծեռնակաբերդ

Մարտ 24, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսուա Հոլլանտ
Ֆրանսուա Հոլլանտ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ֆրանսան Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան պիտի մասնակցի երկրի ղեկավարի մակարդակով եւ այդ մասնակցութիւնը իր մէջ պիտի պարունակէ երեք կոչ` յիշողութիւն, յարգանքի տուրք զոհերու յիշատակին եւ պատասխանատուութիւն, որպէսզի հետագային այդպիսի սարսափելի դէպքերը այլեւս չկրկնուին:

Ան ըսած է, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը կ՛աշխատի Հոլլանտի այցելութեան կազմակերպման վրայ: «Ֆրանսուա Հոլլանտ բաւական մեծ` մօտաւորապէս 120 հոգինոց պատուիրակութեամբ պիտի հասնի Երեւան: Ստոյգ կազմի մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան: Պարզապէս կրնամ աւելցնել, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներգրաւուած պիտի ըլլան այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ», ըսաւ Շարփանթիէ:

Զուիցերիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը
Եւս Պիտի Այցելէ Երեւան

Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասեր «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին յստակ կը դառնայ, թէ Զուիցերիայէն որո՛նք ներկայ պիտի գտնուին Ծիծեռնակաբերդի արարողութեան: Ան նշած է, որ ներկայ դրութեամբ կը ճշդուի պատուիրակութեան կազմը:

«Յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին յայտնի պիտի դառնայ պաշտօնական պատուիրակութեան կազմը: Սակայն ներկայ դրութեամբ կրնամ յայտարարել, որ Զուիցերիոյ խորհրդարանը բաւական մեծ պատուիրակութեամբ ներկայ պիտի ըլլայ Ծիծեռնակաբերդի մէջ», ըսած է դեսպանը:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Կասեր ըսած է, որ ինչպէս վեց տարի առաջ, Զուիցերիան հիմա եւս պատրաստակամ է միջնորդի դեր կատարելու:

«Զուիցերիան պատրաստակամ է, եթէ կողմերը ցանկութիւն յայտնեն յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Սերտ կապի մէջ ենք թէ՛ թրքական, թէ՛ հայկական իշխանութիւններուն հետ: Իրազեկ ենք Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին որոշումին այն մասին, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ կանչուած են Ազգային ժողովէն, սակայն նոյնիսկ այդ փաստը հաշուի առնելով` կը կարծենք, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները լաւագոյն միջոցն են երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բնականոնացման համար», ըսած է դեսպանը:

Լեհաստանի Նախագահը 24 Ապրիլին
Պիտի Այցելէ Հայաստան

Երեւանի մէջ Եւրոնեսթի խորհրդարանական համախմբումի չորրորդ նիստին մասնակցելու համար Հայաստան այցելած Եւրոպական խորհրդարանի լեհ փոխնախագահ Ռիչարտ Չառնեքի «Ժողովուրդ» օրաթերթին յայտնած է, որ կը յուսայ 24 ապրիլին ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ընթացքին ներկայացնել Եւրոպական խորհրդարանը:

Պատասխանելով Լեհաստանի նախագահի այդ ձեռնարկներուն մասնակցութեան կարելիութեան վերաբերեալ հարցումի մը` ան ըսած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեհաստանի նախագահը հրաւիրած է Երեւան եւ ան այդ օր ներկայ պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Յոյներու Եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ակնարկ. Հռչակագիրները` Փոխլրացուցիչ

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In