Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Յոյներու Եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւնը

Մարտ 24, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-23-15_armenԱզգային ժողովին մէջ երէկ սկսած է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-1923 թուականներուն իրականացուած յոյներու եւ ասորիներու  ցեղասպանութիւնը դատապարտելու մասին յայտարարութեան քննարկումը: Յայտարարութիւնը հեղինակած են 15 պատգամաւորներ` խորհրդարանական բոլոր 6 խմբակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ  անկախ պատգամաւորներ:

Քուէարկութիւնը այսօր տեղի կ՛ունենայ:

Ազգային  ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ նախագիծը ռազմավարական նշանակութիւն ունի ՀՅԴ-ի համար:

«Մենք հետեւողական ջատագովը եղած ենք  այսպիսի նախաձեռնութիւններու իրականացման: Տակաւին նախորդ նստաշրջաններուն մէջ  այսպիսի նախաձեռնութիւնները լիովին կը տեղաւորուին Դաշնակցութեան կողմէ  ժամանակին շրջանառութեան դրուած օրէնքի նախագիծի տրամաբանութեան մէջ, որ կը կոչուէր  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային  ճանաչման եւ դատապարտման պետական հիմնական դրոյթներու մասին օրէնք», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, այս նախագիծը իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ: Խօսելով նախաձեռնութեան ռազմավարական նշանակութեան մասին` պատգամաւորը նշած է, որ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ նոյն ժամանակաշրջանին  հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը բնականաբար իր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնէ միւս ազգերուն, որոնց նկատմամբ եւս իրականացուած է պատմականօրէն փաստուած նման ցեղասպանութիւն:

«Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը եղած է տեւական եւ ունեցած  է զանգուածային բնոյթ: Ասով ամրապնդուած է մեղադրանքը` ուղղուած օսմանեան Թուրքիոյ  իրաւայաջորդ ներկայացող Թուրքիոյ  Հանրապետութեան, քանի տակաւին վերջինս կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ասիկա իրաւագիտական, ամէնէն ծանրակշիռ փաստերէն է, որ ցեղասպանութիւնը ուղղուած չէ միայն ազգի մը դէմ, այլեւ յանցագործութիւն է` կատարուած քաղաքակիրթ ազգերուն եւ համայն մարդկութեան դէմ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն միջազգային օրակարգի հարց է: Ցեղասպանութիւնը ըլլալով մարդկութեան դէմ յանցանք, միշտ անժամանցելի  է, չի կրնար վերաբերիլ անցեալին կամ պատմաբաններուն: Չդատապարտուած ոճիրը միշտ մարդկութեան  ուղղուած անխուսափելի վտանգ կը պարունակէ, նորանոր յանցանքներ: Խօսելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան  մասին` Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ ժխտողականութիւնը դատապարտելը պատահական չէ , որ յառաջադէմ մարդկութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որովհետեւ ատոր ետին  պահուըտած է յանցագործութեան պարտկումը: Այդ է պատճառը, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ  ատիկա քրէականացուած է, ուրեմն  ժխտողականութիւնը ոչ այնքան կապուած է խօսքի ազատութեան սահմանափակման, որքան դարձած  է հիմնական միջոցը` խուսափելու պատիժէն, այսինքն չկայ յանցանք, չկայ եւ պատիժ, չխոստովանին յանցանքը, որ պատիժէն ալ խուսափին:

«Ատիկա կը նշանակէ գլխիվայր ընել  արդարադատութեան համակարգը: Այս է խնդիրը, որ ժխտողականութեան հակառակող գաղափարախօսութիւնը պահանջատիրութիւնն է: Նոյնն  է, եթէ դատարանը փորձէ նկատել, թէ  բաւարար է մարդասպանին կողմէ իր մեղքին  խոստովանութիւնը եւ պատիժ չսահմանէ: Ասիկա է անհեթեթը: Թուրքիա շատ լաւ գիտէ, որ եթէ  ճանչցաւ, մնացեալ քայլերը անխուսափելի պիտի  ըլլան», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Դաշնակցութեան Որեւէ Մէկը Չէ Հրաւիրած Համաձայնական Կառավարութեան, Դաշնակցութիւնը Որեւէ Մէկուն Դիմած Չէ Համաձայնական Կառավարութեան Մէջ Մտնելու Համար»

Յաջորդը

Հոլլանտ 24 Ապրիլին 120 Հոգինոց Պատուիրակութեամբ Պիտի Այցելէ Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In