Լեռնային Ղարաբաղի տրամադրութեան տակ եղած չճշդուած տեղեկութիւններով, ազրպէյճանական խումբը, որ հինգշաբթի առաւօտեան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք թափանցելու փորձ կատարած էր, ունեցած է 14 մարդու կորուստ: Այս մասին Tert.am կայքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
«Ցաւօք, մենք ստիպուած արձանագրած ենք, որ հակառակ սահմանագիծի սադրանքներէն զերծ մնալու միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, Ազրպէյճան կը շարունակէ նոյն քաղաքականութիւնը: Ասիկա ապակառուցողական մօտեցում է, եւ արդէն անցած է ողջախոհութեան բոլոր սահմանները», ըսած է Կարէն Միրզոյեան, ըստ որուն, նման գործելակերպը արդէն իսկ մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան բոլոր խաղաղարար ձեռնարկներուն:
«Պարոն Թարասիւք ճիշդ չէ», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան` մեկնաբանելով Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին համանախագահ Պորիս Թարասիւքի յայտարարութիւնը, թէ «Ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ Հայաստան ճիշդ չէ»:
Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ, որ Թարասիւք հայ լրագրողներուն իր այս դիտարկումը ըրած էր` աւելցնելով, որ ասիկա Ուքրանիոյ պաշտօնական տեսակէտն է, Կարէն Միրզոյեան ըսած է. «Կը խորհիմ, որ այս հարցումը պէտք է ուղղուի ուքրանական կողմին»: