Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ուրացման Քաղաքականութիւն…

Մարտ 20, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_ouratsoumԱնակնկալ մը չէր քալիֆորնիահայութեան «քիթին տակ» գտնուող Քարսընի մէջ թրքական անիրագործելի երազ մը… գէթ` առաջադրելու:

Թէեւ շատ բան կը բացատրէ տեղւոյն քաղաքապետական խորհուրդին կարճ ու կտրուկ դրժումը` տեղադրելու համար Աթաթուրքի արձանը, սակայն հոս տեղին է նշել եւ կարեւորել,  թէ ամէնուրեք գործի լծուած է թրքական հակահայ կառոյցը:

Ամիսներէ ի վեր գործի լծուած է այս կառոյցը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, իր «ձեռքին գործը» տանելու:

Գրեթէ միեւնոյն ժամանակաշրջանին է, որ մղոններ հեռու, տարբեր ցամաքամասէ մը` Ովկիանիոյ մէջ միեւնոյն սադրիչ աշխատանքն է,  որ կը կատարէ հակահայ քարոզչական մեքենան: Արդարեւ, Սիտնիի հանրածանօթ «Հայտ փարք»-ին մէջ տեղի ունեցած է Աթաթուրքին նուիրուած յուշատախտակի տեղադրում եւ աշխատանք կը տարուի հոն ալ յուշարձան մը տեղադրել: Ցաւալին այն է, որ այս կառոյցին տակ պիտի նշուի. «Ի յիշատակ Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակին»:

Ճակատամարտ մը, որ յատկապէս աւստրալիացիին համար ունի յատուկ եւ խոր իմաստ, նկատի ունենալով, որ ամիսներու վրայ երկարող այդ ճակատամարտին շուրջ ութ հազար եօթը հարիւր զինուորներ մահացան եւ աւելի քան 19 հազար բանակայիններ վիրաւորուեցան: Ծանօթ «Անզաք» անունով այդ սուգի օրը ուղղակիօրէն կապ ունի Կալիփոլիին եւ այդ ճակատամարտէն յաղթական դուրս եկած Աթաթուրքին հետ: Դեռ աւելի՛ն. ամենայն յանդգնութեամբ թրքական լոպին նոյնիսկ մտադրած է նմանօրինակ «ամօթի յուշարձան» մը կանգնեցնել մայրաքաղաք Քանպերայի մէկ բանուկ պարտէզներէն մէկուն մէջ:

Այս գործով գերզբաղուած կը թուի ըլլալ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն, որ դեռ անցեալ շաբաթասկիզբին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ այցելած էր ահաբեկուած թուրք դիւանագէտներու յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած` անոնց յիշատակին:

Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Օրակարգի վրայ, կարեւորագոյն հարցը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ յատկապէս հարիւրամեակի հարցը:

Տաւութօղլու ահազանգ հնչեցուցած է եւ զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կոչ ըրած է մէկ կողմ ձգել ազգային հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւնները եւ համատեղ աշխատիլ`  Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, անոր ճանաչման դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու եւ, մէկ խօսքով, զայն ուրանալու նպատակով:

Տաւութօղլու խոստացած է այս տարուան ընթացքին յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել «ահաբեկչութեան»` շեշտը դնելով թուրք դիւանագէտներու սպանութիւններուն հետ կապուած դէպքերու վրայ:

Թուրքիոյ հակահայ կառոյցի նորընտիր ղեկավար, «Կազի» համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ռեֆիք Թուրան արդէն իսկ գործի լծուած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման գծով ուսումնասիրութիւն-գիրք մը հրատարակելու, նաեւ` պատրաստելու փաստագրական ժապաւէն մը:

Արդեօք այս ամբողջ հակաքարոզչական աշխատանքը պիտի համոզէ՞ մարդիկը: Երեւոյթ մը, որ պատահեցաւ քանի մը օր առաջ եւ Քարսենի քաղաքապետական խորհուրդի օտարազգի անդամը պարզապէս շեշտեց. «Չեմ կրնար հերքել Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

 

Նախորդը

Եւրասիական Հեռանկարներ

Յաջորդը

Բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին Ծննդավայրը…

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?