Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին Ծննդավայրը…

Մարտ 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

3-20-15_arapkir3-20-15_1-ArapgirՎահագն Դաւթեանի նշանաւոր բանաստեղծութիւններէն մէկն ու մէկը կրնաք յիշել ապահովաբար, բայց կրնա՞ք մտաբերել իր ծննդավայրին անունը…

1922-ին իր աչքերը ո՞ր երկնքին տակ բացած էր բանաստեղծը:

Անմիջապէս պատասխանեմ` ԱՐԱԲԿԻՐ:

Արաբկիրը յիշեցի, որովհետեւ այսօր իմ ձեռքին տակ է Արաբկիրի եւ յարակից գիւղերու հայր. միութեան «Ծրագիր-կանոնագիր»-ը (տեսնել կցուած նկարը): Այս պրակը Մարսէյի մասնաճիւղին հրատարակութիւնն է (1926), եւ հաւանաբար նմանօրինակ պրակներ ունեցած են նաեւ Ամերիկայի, Արժանթինի ու Միջին Արեւելքի արաբկիրցիներն ալ:

Ո՞ւր կը գտնուի Արաբկիրը:

Խարբերդէն դէպի արեւմուտք եւ Մալաթիայէն 30 քմ դէպի հիւսիս, Ակն գիւղաքաղաքին բաւական մօտիկ: Այս շրջանը, աւելի լայն գօտիով, պատմականօրէն կը կոչուէր Փոքր Հայք, որ թէեւ մաս չէր կազմեր բուն Հայաստանին («Մեծ Հայք»), սակայն հայաբնակ էր լայն համեմատութիւններով:

Արաբկիրի գաւառակին հայութեան թիւը Եղեռնի նախօրէին կը գնահատուէր 18,000-ով: Այս թիւին աւելի քան 11,000-ը կ՛ապրէր բուն իսկ Արաբկիր քաղաքին մէջ եւ կը կազմէր նոյն քաղաքին բնակչութեան ընդհանուր թիւին կէսը: Գաւառակը ունէր 15-ի չափ զուտ հայաբնակ գիւղեր ալ, ինչպէս` Մաշկերտը, Վանքը (ուր ծնած է ամերիկահայ գրող Թորգոմ Փոսթաճեան), Ծագը, Շեփիկը, Ամպրկան, Սաղմկան, Անջրդին (ուրկէ կը սերէին Հալէպի համբաւաւոր «Օթել Պարոն»-ին տէրերը` Մազլումեան եղբայրները)…:

Արաբկիր նշանաւոր էր իր թութով ու խաղողով: Ունէր իր սեփական բարբառը:

Արաբկիրցիներ աշխարհի ամբողջ տարածքին ունեցեր են հայրենակցական միութիւններ եւ համապատասխան աշխուժ գործունէութիւն:

1925-էն սկսեալ Ամերիկայի մէջ կանոնաւոր կերպով լոյս ընծայեր են «Նոր Արաբկիր» տեղեկատու պարբերականը, թերեւս մինչեւ 70-ականներ: Պէյրութի ու Հալէպի մասնաճիւղերն ալ 1940-ական թուականներուն հրատարակեր են «Ոսկեգետակ» տարեգիրքի քանի մը թիւեր` Սարգիս Բախտիկեանի խմբագրութեամբ: Բախտիկեան, որ յետոյ կիլիկեան ուխտի միաբաններէն դարձաւ` վերակոչուելով Ներսէս վրդ., հմուտ էր իր հայրենի երկրին պատմութեան ու հեղինակած էր շրջանի գիւղերուն, աշուղներուն եւ հեքիաթներուն վերաբերեալ առանձին ուսումնասիրութիւններ:

Եւ վերջապէս, 1969-ին Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած է «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի» ծաւալուն հատորը` Անդրանիկ Փոլատեանի աշխատասիրութեամբ:

Սա՛ պահուն, յամի տեառն 2015, Արաբկիրէն ի՞նչ մնացած է մեզի:

Քաղաքն ու գիւղերը հայաթափուած են դար մը առաջ, բարբառը մոռցուած է, հայրենակցական միութեան մասնաճիւղերը լուծարուած են գրեթէ ամբողջովին…

Բարեբախտութիւն է, որ դեռ կը գոյատեւէ Երեւանի մերձակայ Նոր Արաբկիր աւանը… Տխո՜ւր պատմութիւն…

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ուրացման Քաղաքականութիւն…

Յաջորդը

17 Մարտ 1905. Քրիստափորի Գերագոյն Զոհաբերութեան Գաղափարական Կտակը

RelatedPosts

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?