Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մանուկներու Իրաւունք` 5-րդ Յօդուած Ծնողական Առաջնորդութիւն ճ

Մարտ 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-19-15_UN-children's-rightsՄԱԿ-ի կողմէ մշակուած մանուկներու իրաւունքներուն մասին բանաձեւուած 5-րդ յօդուածը կը շեշտէ մանուկներու խնամքին եւ պաշտպանութեան համար ծնողներուն եւ ընտանիքին ունեցած առաջնային դերը: Այս դերը կը վերաբերի ծնողներուն կողմէ ցուցաբերուած ուղղութիւններուն, որոնք երեխային կարողութիւններու զարգացման պիտի նպաստեն:

Մեծ է թիւը ա՛յն մանուկներուն, որոնք իրենց շատ փոքր տարիքէն (երբեմն` միայն քանի մը ամսու) խնամք կը ստանան իրենց ընտանեկան յարկէն դուրս, մանկամսուրի մը մէջ: Այս պարագային, երեխային ստացած խնամքին փորձառութիւնը բոլորովին տարբեր կ՛ըլլայ տան մէջ ունենալիք փորձառութենէն. արդեօք որքանո՞վ մանուկը թիւ 5 յօդուածին համապատասխանող իր իրաւունքը կը ստանայ:

Երկարատեւ զանազան ուսումնասիրութիւններ կատարուած են երեխաներու ստացած խնամքի փորձառութիւններուն վերաբերեալ: Մասնագէտներ գործածած են տարբեր եղանակներ եւ չափած են երեխաներու զարգացման տարբեր երեսները` ֆիզիքական առողջութիւն, իմացական-մտային զարգացում եւ ընկերա-զգացական զարգացում: Հետեւեալները Միացեալ Նահանգներու  մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը* ներկայացուցած արդիւնքներն են, որոնք կը վերաբերին փոքր տարիքին մանկամսուրներու խնամքին յանձնուած երեխաներուն:

Խնամքի Որակ

Գնահատումը կատարուած է` նկատի ունենալով մանկամսուրին մէջ խնամքի ենթակայ երեխաներու եւ խնամատարներու թիւի համեմատութիւնը, մանկամսուրին ֆիզիքական միջավայրը եւ խնամատարին յատկանիշները (ուսում, փորձառութիւն, երեխաներու հետ վարմունք): Ահազանգային եզրակացութիւնը եղած է այն, որ մանկամսուրներուՆ մեծամասնութիւնը ունեցած է անընդունելիօրէն ցած որակ: Այս եզրակացութեան կողքին, ի յայտ եկած է նաեւ, որ բարձրորակ խնամքի պարագային, երեխաները աւելի՛ լաւ արդիւնք տուած են մտային եւ լեզուական աշխատանքներու ընթացքին, խաղի ժամանակ աւելի՛ գործակցած են խնամատարին եւ այլ փոքրիկներու հետ: Մանկամսուրի բարձրորակ խնամքը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ տունէն ներս երեխային եւ մօր միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան որակին վրայ: Աւելի՛ն. մանկամսուրի մէջ լաւորակ խնամքի արժանացած երեխաները ապագային, իրենց մանկապարտէզի տարիներու վերջաւորութեան, աւելի՛ լաւ յիշողութեան ունակութիւն ունեցած են, իսկ 15 տարեկանին անոնց իմացական կարողութիւնը աւելի՛ բարձր եղած է, վարմունքային խնդրայարոյց երեւոյթներն ալ` նուազ:

Խնամքի Տեւողութիւն

Մանկամսուրներու մէջ շատ ժամանակ անցուցած երեխաները նուազ յարաբերութիւններ ունեցած են իրենց մօր հետ. նաեւ իրենց վարմունքային հարցեր դրսեւորելու եւ հիւանդանալու համեմատութիւնը աւելի բարձր եղած է: Ընդհանուր առմամբ, շաբաթը 30 ժամէն աւելի մանկամսուրին մէջ ժամանակ անցուցած երեխաներուն զարգացումը սպասուածէն պակաս եղած է:

Ընտանիքի Եւ Ծնողական Ազդեցութիւն

Ընտանիքներուն եւ ծնողներուն ազդեցութիւնը չէ տկարացած մանկամսուրի խնամքին պատճառով: Ծնողներ նշանակալից դեր խաղացած են իրենց զաւակներուն զգացումները կանոնաւորելու կապակցութեամբ: Յատկապէս կարեւոր ծնողական ազդեցութիւններ նկատուած են երեխաներու կարիքներուն դրական հակազդեցութիւն ունենալը եւ անոնց իմացական գրգիռ տալը: Օրինակ, մանկամսուրի խնամքի որակին եւ տեւողութեան ոչ դրական ազդեցութիւնները ի զօրու եղած են միայն ա՛յն պարագային, երբ մայրերը տունէն ներս ոչ դրական հակազդեցութիւն ցուցաբերած են: Այս երկարատեւ ուսումնասիրութեան շա՛տ կարեւոր մէկ եզրակացութիւնը այն է, թէ արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ընտանեկան ազդակները նկատելիօրէն աւելի՛ ազդու են եւ աւելի՛ հաստատ նախագուշակներ են երեխաներու զանազան վարմունքներու համար, քան` մանկամսուրի մէջ երեխաներուն ունեցած փորձառութիւնները (որակ, տեւողութիւն): Իմացական, ընկերա-զգացական եւ Ֆիզիքական զարգացումին վերաբերեալ ամէնէն վատ արդիւնքները կը դրսեւորուին, երբ թէ՛ տան եւ թէ՛ մանկամսուրի խնամատարութեան պայմանները վատորակ ըլլան:

Այս ուսումնասիրութիւնը կը հաստատեն այլ հետազօտողներու եզրակացութիւնները: Այսպէս, երեխային ստացած խնամքին տեւողութիւնը այնքան կարեւոր չէ, որքան` այդ խնամքին որակը: Աւելի՛ն. կը շեշտուի այն դրական ազդեցութիւնը, որ ծնողներն ու ընտանիքը ընդհանրապէս կ՛ունենան իրենց տեւական եւ անմիջական գուրգուրանքին ենթակայ, կամ` մանկամսուրներու մէջ խնամք ստացող երեխաներու զարգացման վրայ: Հետեւաբար, մանկամսուր յաճախող երեխան, իր ընտանիքին եւ ծնողքին հետ ունեցած յարաբերութիւններուն ընթացքին, եթէ ստանայ բարձրորակ խնամք, այսինքն` գուրգուրանք եւ զգացական, ընկերային ու մտային որակաւոր առաջնորդութիւն, ինքնաբերաբար կը տիրանայ  5-րդ յօդուածով բնորոշուող մանուկներու իրաւունքին:

Ս.Ե.

 

*NICHD (National Institute of Child Health & Human Development) Early Child Care Network, 2010

Նախորդը

Կիներու Ներկայութիւնը` Համերաշխութեան, Խաղաղութեան Եւ Բարգաւաճման Սատարող

Յաջորդը

Գաղութէ- Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?