Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Դասախօսական Ձեռնարկ. «Ակնարկ Հայ Հին
Բանաստեղծութեան Զարգացման Եւ
Ներսէս Շնորհալի Բանաստեղծ»-ին
Հրաւէրով Հալէպի մշակոյթի տնօրէնութեան եւ Հալէպի ազգային մատենադարանին, շաբաթ, 28 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հալէպի «Թըշրին» գեղարուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` նուիրուած հայ-արաբական մշակութային յարաբերութիւններու առաւել խորացման, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ մշակութասէր ու գրասէր ընտրանիի մը:
Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ գրող, թարգմանող, լրագրող եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտոր Հուրի Ազեզեան, որ հանգամանօրէն եւ ակադեմական մօտեցումով ներկայացուց դասախօսութեան նիւթը` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով բոլորին մօտ:
Բանաստեղծ Մոհամետ Հիճազի իր բացման խօսքով ընդգծեց նմանօրինակ ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնը հայ-արաբական դարարմատ բարեկամութեան շրջագիծէն ներս, յատկապէս` Մեծ եղեռնի նախօրեակին, ապա ան ներկայացուց դասախօսուհին` վեր առնելով անոր ողջունելի ներդրումը մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ արաբական երկիրներու հայկական գաղթօճախներու, Հայոց ցեղասպանութեան, արաբական զարթօնքի ուսումնասիրութեանց եւ հայ-արաբական մշակութային կապերու ամրապնդման պարագային եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:
Դոկտոր Հուրի Ազեզեան նախաբանին մէջ հակիրճ կերպով նշեց, թէ հայ քնարերգութիւնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, որուն անդրանիկ նմուշները մեզի հասած են հնագոյն դարաշրջաններէն:
Ապա յաճախակի մէջբերումներով դասախօսութեան առաջին բաժինով խօսեցաւ հայ հին անգիր (բանաւոր) բանաստեղծութեան մասին, որուն պատառիկները միայն հասած էին մեզի` շնորհիւ մեր պատմիչներուն ու պատմագիրներուն, եւ որոնք տակաւին անգերազանցելի կը մնային իրենց գունագեղութեամբ, գեղարուեստական խօսքի արտակարգ պարզութեամբ ու հմայիչ ոճով, եւ պարզեց անոնց բանաստեղծական ձեւերուն հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը: Հ. Ազեզեան ներկայացուց Մովսէս Խորենացիի կողմէ յիշուած «Վահագնի ծնունդը» բանաստեղծութիւնը, որ կը հանդիսանայ մեր քնարերգութեան ամէնէն հին նմուշը, ձօնուած` արքայազն Վահագնին, տպաւորիչ կերպով պատմելով արեւի, լոյսի, հերոսութեան Աստուած Վահագնի ծնունդին ու քաջագործութիւններուն մասին: Հուսկ յաջորդաբար անդրադարձաւ «Վարդգէս մանուկ»-ի հինգ տողանի պատառիկին եւ «Գողթան երգեր»-ու մասին, երբ այդ երգերը կը պատմէին հայոց Արտաշէս Ա. թագաւորի մարդկային բարձր արժանիքներուն, անխարդախ հայրենասիրութեան եւ բազում հերոսութիւններուն մասին, լուսարձակի տակ առնելով զանոնք բնորոշող պարզ ու գեղեցիկ լեզուամտածողութիւնը եւ գուսաններուն հանճարեղ կարողութիւնն ու գեղագիտական վսեմ սկզբունքները:
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով դոկտոր Հ. Ազեզեան ներկայացուց հայ գրաւոր բանաստեղծութեան զարգացումը, երբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումով (301թ.), Հայաստանի բաժանումով (387թ.) եւ հայ գիրերու գիւտով (404թ.) հայ ժողովուրդը բախտորոշ հանգրուան մը թեւակոխած էր, եւ Ե. դարուն սկիզբ դրուած էր հայ նոր քնարերգութեան, որուն յառաջապահներէն էին Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի, Յովհան Մանդակունի կաթողիկոս: Անոնք յաջողած էին իրենց ստեղծագործութիւնները ներդաշնակել ժամանակի պահանջներուն հետ` միաժամանակ շարունակելով նախաքրիստոնէական եւ ժողովրդային հարուստ աւանդները, ուր նշանակալից էին մանաւանդ անոնց «շարականները», երբ աշխարհիկ մտքերն ու զգացումները արտայայտուած էին կրօնական նիւթերու եւ քրիստոնէական գաղափարներու հետ համաձուլուած ու մինչեւ այսօր կ՛օգտագործուին եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին: Ան յիշեց Յ. Մանդակունիի ստեղծագործ շարականներուն գրական արժէքը, որոնք նաեւ պատմահայրենասիրական ու ազգային բնոյթ ունէին: Իսկ աւելի վերջ, Կոմիտաս կաթողիկոս (Է. դար) փայլած էր իբրեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ` կատարեալ բանաստեղծականութեամբ մը նոր սլացք տալով հայ քնարերգութեան («Անձինք նուիրեալք»), մինչ Ը. դարու տիրական դէմքերէն հանդիսացած էին` Խոսրովիդուխտ Գողթանացին, երբ շարունակած էր Յ. Մանդակունիի եւ Կոմիտաս կաթողիկոսին աւանդները, եւ Սահակդուխտ Սիւնեցի, որ շարունակած էր հոգեւոր երգասացութիւնը` յօրինելով «Սրբուհի Մարիամ» գողտրիկ բանաստեղծութիւնը: Ուստի, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ը. դար հայ քնարերգութիւնը կտակած էր մեծարժէք գործեր, որոնց արգաւանդ հողին վրայ միջնադարուն բարձրացած էին Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի նման իրա՛ւ մեծութիւններ, որոնք հայ բանաստեղծութիւնը բարձրացուցած էին աննախընթաց բարձունքի:
Դասախօսութեան երրորդ բաժինով դոկտոր Հուրի Ազեզեան ներկայացուց Ներսէս Շնորհալի բանաստեղծին կեանքն ու վաստակը, որպէս իր ժամանակի (ԺԲ. դար) ամէնէն տաղանդաւոր ու զարգացած ստեղծագործողներէն մէկը, որուն ստեղծագործութիւնները նոր որակ բերած էին հայ բանաստեղծութեան զարգացման ճանապարհին: Դասախօսուհին շեշտեց, թէ Ն. Շնորհալին ըլլալով մեծ հոգեւորական, հայրենասէր ազգային գործիչ, միջեկեղեցական յարաբերութեանց մարդ, իրատես դիւանագէտ` ունեցած էր բանաստեղծական ճոխ ու բազմաբնոյթ վաստակ` քառատող հանելուկներէն սկսեալ, մինչեւ` գողտրիկ շարական երգեր, երկարաշունչ գանձեր ու բանաստեղծութիւններ, որոնք կ՛արտայայտէին Շնորհալի բանաստեղծին յոյզերու եւ հետաքրքրութիւններու զարմանալիօրէն հարուստ աշխարհը, անոր բնութենապաշտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, իսկ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ու հզօրաշունչ փառաբանութիւնը հանդիսացող «Ողբ Եդեսիոյ» պոէմը կը դրսեւորէր Ն. Շնորհալիի մեծ տաղանդը, մտքին ու հոգիին ամբողջ հարստութիւնն ու ջերմութիւնը:
Աւարտին, Հալէպի Մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Հասան Ասի Շէյխ իր սրտի խօսքով շնորհաւորեց եւ բարձրօրէն գնահատեց դոկտոր Հուրի Ազեզեանն ու ներկայացուցած օգտաշատ դասախօսութիւնը եւ ներկաները հրաւիրեց, դասախօսուհիին հետեւողութեամբ, իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը բերելու հայ-արաբական մշակութային կապերու ամրապնդման:
Իրան
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
Յաւերժացնող Յուշարձան Իրանի Մէջ
Իրանի հայ համայնքներէն մէկուն` Ռաշթ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան:
Յուշարձանը ունի 1915 սմ. բարձրութիւն, որ կը խորհրդանշէ 1915 թուականը: Անիկա կը խորհրդանշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Յունաստան
Կոմիտասին Նուիրուած Երեկոյ
Յունաստանի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ Քսանթիի հայ գաղութը կազմակերպեց իր առաջին ձեռնարկը` ձօնուած Կոմիտասին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 6 մարտԻՆ: Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ ՊարԵտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ Ատրիկ Ստեփանեան, տեղական կառոյցներու ներկայացուցիչներ. եկած էին նաեւ դրացի քաղաքներէն եւ բազմաթիւ յոյներ ու հայեր:
Բացումը կատարեց Մարալ Պետրոսեան` փոքր ներածական մը ընելով Ցեղասպանութեան շուրջ եւ անդրադառնալով 100-ամեակի նշանակութեան: Ապա ան հրաւիրեց երգչուհի Հռիփսիմէ Դանիէլեանը, որ ընկերակցութեամբ Լարա Քելեսիտուի (դաշնակ) եւ Մարինա Փաւլուի (ջութակ), ներկայացուց 13 ծանօթ երգեր, ինչպէս` «Կռունկ», «Ծիրանի ծառ»ը, «Քելէ-քելէ», «Անտունի», «Հով արեք»ը, եւ այլն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Հայաստան» երգով` երգչուհիին եւ Քսանթիի քաղաքապետական երաժշտանոցի երկսեռ երգչախումբին մասնակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով
Հոգեհանգիստ, Յուշակոթողի Բացում
Եւ Ծառատնկում
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 12 մարտին «Արարատ տուն»-ի Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ արարողութիւն, որպէսզի տարեց սերունդի ներկայացուցիչները մասնակից դառնան մեր նահատակներուն մատուցուած յարգանքին եւ պահանջատիրութեան վերահաստատման:
Մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Աւարտին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներուն յիշատակը, ապա յատուկ աղօթք տեղի ունեցաւ մատրան մէջ տեղադրուած նահատակաց աճիւններուն մօտ:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ նոր կանգնած յուշակոթողին բացում, որուն յաջորդեց տարեցներու ձեռամբ ծառատնկում` համալիրի պարտէզին մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ աւանդի փոխանցման եւ մեր ժողովուրդի վերածաղկումին:
«Շնորհակալ Ենք, Ամերիկա՛»
Ցուցահանդէսի Բացում
Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանի, 6 մարտին Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացում Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին: Հայ դատի «Շնորհակալ ենք, Ամերիկա՛» յանձնախումբին կազմակերպած ցուցահանդէսը երկու ամիս բաց պիտի ըլլայ գրադարան այցելողներուն առջեւ, ապա նահանգի այլ գրադարաններուն մէջ պիտի ցուցադրուի տարուան ընթացքին:
Ցուցահանդէսին նպատակը, Ցեղասպանութեան նահատակները ոգեկոչելու կողքին, երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է «Նիր իսթ ռլիֆ» կազմակերպութեան, որ Ցեղասպանութեան ու յաջորդող տարիներուն, 1915-1930, մեծ նպաստ տրամադրած էր Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն:
Առաջնորդ Մարտիրոսեան Դասախօսեց
Ցեղասպանութեան Նահատակներու
Սրբադասութեան Մասին
Ընդառաջելով Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին, 22 փետրուարին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. պատարագին, եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Մեծ պահքի կիրակիներուն, անոնցմէ իւրաքանչիւրի իմաստին եւ հոգեւոր պատգամին:
Աւարտին, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ սրբազան հայրը, որպէս սրբադասման յանձնախումբի անդամ, տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հարցին մասին: Ան կարճ բացատրական ընթերցումով մը ցոյց տուաւ, որ սրբադասման հարցը, ազգային եւ եկեղեցական տեսանկիւններէն դիտուած, դարձած էր հրամայական: Ան նկատել տուաւ, որ սրբադասման յանձնախումբը, երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, որդեգրած է մեր նահատակները հաւաքական սրբադասութեան արժանացնելու որոշումը, աւելցնելով, որ յանձնախումբը մշակած է նաեւ այս մասին հռչակագիրը, վկայաբանութիւնն ու արարողակարգը, որոնք ներկայացուած են Եպիսկոպոսաց ժողովին եւ` որդեգրուած: Առ այդ, յառաջիկայ 23 ապրիլին պիտի կատարուի նահատակներու հաւաքական սրբադասումը:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասման համար անհրաժեշտ նկատուող հիմնական պայմաններուն:
Փարիզ
100- Ամեակի Ծիրին Մէջ` Ցուցահանդէս
Մարտ 10-ին Լիոնի մէջ «Յիշատակ եւ արդարութիւն» խորագրով սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Արդարեւ, «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեանի «Հալէպ 1915…» ցուցահանդէսի բացումը հովանաւորութեամբ Լիոն քաղաքի քաղաքապետարանին, աջակցութեամբ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիոնի քաղաքային գրադարանին, «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին եւ Տեսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին:
Ցուցահանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Լիոնի առաջին փոխքաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան, Լիոնի պատմական ժառանգութեան, յիշողութեան եւ նախկին ռազմիկներու հարցերու փոխքաղաքապետ Ժան-Տոմինիք Տիւրան, «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամի նախագահ Ժան-Փիեռ Գլաւըրան, Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան:
Ցեղասպանութենէն վերապրած իր հօր պատմութեամբ ոգեշնչուած լիոնահայ լուսանկարիչին աշխատանքները կը պատկերեն Հալէպը` միաժամանակ ներկայացնելով տարբեր փիլիսոփաներու եւ պատմաբաններու միտքեր:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ մայիս 16:
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նուիրուած
Աննա Մայիլեանին Համերգը
Փարիզի մէջ, հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքի ծիրին մէջ, 3 մարտին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգ մը` կազմակերպութեամբ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան` գլխաւոր մասնակցութեամբ փարիզեան շրջանի «Նայիրի» հնգեակին, ղեկավարութեամբ Հայկ Դաւթեանի եւ մեցցօ-սոփրանօ Աննա Մայիլեանի:
Ռեմոն Գէորգեանի Եւ Իվ Թեռնոնի
«Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակարան»
Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ, 6 մարտին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօս եւ պատմաբան փրոֆ. Ռեմոն Գէորգեանի եւ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու մասնագէտ Իվ Թեռնոնի միացեալ աշխատութեամբ լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակարան» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին, Կապոյտ խաչին եւ «Նոր սերունդ»-ին:
Սեդա Սերենկիւլեան իր բացման խօսքին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Դաշնակցութեան ընտանիքի հետագայ ծրագիրներուն մասին, որոնք կլոր սեղաններու, ժապաւէններու ցուցադրութեան, բանախօսութեանց կամ ցուցահանդէսներու միջոցով պիտի ներկայացուին հանրութեան ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներու վերականգնման, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման:
Ռեմոն Գէորգեան խօսք առնելով` յայտնեց, թէ 100-ամեակին առիթով ցարդ շուրջ 35 գիրք հրատարակուած է զանազան բովանդակութեամբ` պատմութիւն, գրականութիւն, թարգմանութիւն եւ այլն: Ինչ կը վերաբերի արխիւները ուսումնասիրելու եւ հետազօտելու իր մասնագիտութեան, ան յայտնեց, թէ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին այս ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է: Պատմաբանը անդրադարձաւ նաեւ իրաւաբանական մարզէն ներս կատարուած աշխատանքի կարեւորութեան` շեշտելով, թէ պէտք է դատապարտել ոչ միայն պատերազմի ոճրագործները, այլեւ անոնք, որոնք 1915-ի ընթացքին պարզ քաղաքացիները աքսորեցին, ջարդի ենթարկեցին եւ անոնց ունեցուածքը իւրացուցին: Ան շեշտեց, որ 1919-21-ին ամերիկացի, անգլիացի եւ ֆրանսացի բազմաթիւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ պաշտօնի վրայ էին, սակայն պատասխանատուութիւն չստանձնեցին միջազգային արդարադատութիւն ապահովելու: Հետեւաբար յառաջիկայ տարիներուն մենք պիտի փորձենք միջազգային հետազօտողներու եւ պատմաբաններու ուշադրութիւնը հրաւիրել յատկապէս այս հարցին վրայ:
Հատորին մէջ տեղ գտած է նաեւ քարտէսագրութիւնը, ուր նշուած են տեղահանութեան ու ջարդի ենթարկուած հայերուն ապրած բնակավայրերը:
«Արմէն Լիվր»-ի Գիրքերու
10-րդ Տօնավաճառին Բացումը
Մարտ 3-ին Ալֆորվիլի «Փոլ քիւլթիւրել» սրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը «Արմէն Լիվր»-ի գիրքերու 10-րդ տօնավաճառին: Բացման խօսք արտասանեցին Յասմիկ Գեւոնեան եւ Արշալոյս Սարգիսեան, որոնցմէ ետք պատմաբան Ծովինար Գեւոնեան անդրադարձաւ տօնավաճառի գործունէութեան: Այնուհետեւ խօսք առին Ալֆորվիլի յաջորդական քաղաքապետներ` Ռընէ Ռուքէ եւ Լիւք Քարվունաս, որմէ ետք կարդացուեցաւ Անահիտ Տէր Մինասեանին նամակը, որ անցնող ինը տարիներուն ընթացքին հանդիսացած է «Արմէն Լիվր»-ի «կնքամայրը»:
Այս տարուան գիրքերու տօնավաճառը դեկտեմբեր ամիսէն տեղափոխուեցաւ մարտ ամիս` յատուկ կերպով նշելու համար Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Շուրջ 6000 գիրքերու ցուցադրութեան կողքին, կազմակերպուած էր նաեւ նկարիչ Ժան-Փիեռ Սեֆերեանի «Անապատ» խորագիրով փորագրութիւններու ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած են նաեւ 24 ապրիլ 1915-ի նահատակ գրող-մտաւորականներու լուսանկարներ, որոնք Հրանդ Տինք հիմնարկին կողմէ տրամադրուած էին Հայ մշակոյթի տան:
Իտալիա
Պերկամոյի Սուրբ Աննայի Տաճարին Մէջ
Յիշատակուած Են
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը
Իտալական Պերկամոյի Սուրբ Աննայի տաճարին մէջ յիշատակուած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը: Այս մասին գրած է տեղական «Լ՛էքօ տը Պերկամօ» պարբերականը:
«Առայժմ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են 20 պետութիւններ, որոնց կարգին` Իտալիան», գրած է պարբերականը:
«Մենք մեծապէս զգացուած ենք, որ նաեւ բազմաթիւ իտալացիներ հաւաքուած են հոս` մեզի հետ միասնաբար յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը», ըսած է արարողութեան մասնակից հայերէն մէկը: