Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Ներկայութիւնը` Համերաշխութեան, Խաղաղութեան Եւ Բարգաւաճման Սատարող

Մարտ 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

DSC09155-720x437Ազգերու պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` Աստուածաշունչին, կինը կը ներկայացուի որպէս խաղաղասէր, անձնուէր, աշխատասէր եւ իմաստուն անհատ: Սակայն, երբ խորը թափանցենք, կը տեսնենք, թէ նոյն կինը տակաւին չունի իր մարդկային իրաւունքները, եւ թէ` անոնց շնորհումը այր մարդէն կը սպասէ:

Նախախնամութեան պարգեւած այս հաւասարութիւնը չի գործադրուիր լման իր իմաստով: Այս մէկը յստակ է բոլոր այն ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն, որոնք վերջին տասնամեակներուն կատարուեցան միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ (ՄԱԿ), եւ հրատարակուած տեղեկագիրները ցոյց տուին այս խտրականութիւնը կնոջ հանդէպ: Միշտ արական սեռը գերադաս նկատուած է եւ իգական սեռը` ենթակայ եւ ստորադաս:

Նոյնն է պատկերը Լիբանանի մէջ. բայց ինչո՞ւ. Մարդկային իրաւունքներէ բխած, եւ լիբանանեան սահմանադրութեան համաձայն, այր եւ կին հաւասար են իրաւունքներու սահմանին մէջ, բոլոր մարզերու մէջ անխտիր: Դարձեալ, Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի  ուխտի եւ մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ` LEDAW-ի համաձայնագիրին: (Committee of elimination and descrimination against women): Յիշենք դարձեալ, թէ 2004-էն սկսեալ Լիբանան իրերայաջորդ կառավարութիւններու կողմէ հրապարակուած աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ նշուած է, որ կառավարութիւնը յանձնառու է կիներու դէմ խտրականութեան բոլոր երեւոյթներուն վերջ տալու` մշակելով համապատասխան յատուկ օրէնքներ: Սակայն դժբախտաբար այսօր`

– Լիբանանի մէջ դատապարտելի է այն դրութիւնը, որով լիբանանցի մայրը իր զաւկին չի կրնար քաղաքացիութիւն շնորհել:

– Լիբանանի մէջ ցարդ բռնաբարութեան դէմ օրէնքներ չեն մշակուած, կինը պաշտպանելու:

– Լիբանանի մէջ, հակառակ կնոջ ստացած բարձր ուսումին եւ վկայականներուն, կիներուն միայն 26 առ հարիւրը կը գործեն տղամարդոց 71 առ հարիւրին դիմաց:

– Լիբանանի մէջ աշխատող կիներուն նիւթական վարձատրութիւնները 27 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի ցած են այր մարդէն, որոնք նոյն պաշտօններու վրայ են:

– Լիբանանի մէջ կիները կը գործեն միայն որոշ մարզերէ ներս` ուսումնական, հիւանդապահութեան, դրամատնային պարզ պաշտօններով, բայց պատասխանատու պաշտօնները միշտ կը մնան այր մարդոց:

– Լիբանանի մէջ տարբեր դաւանանքներու մօտ, դատաստանական խորհուրդներուն տուած վճիռները մեծ մասամբ տղամարդոց ի նպաստ կ՛ըլլայ, եւ ոչ` կիներուն:

– Լիբանանի մէջ, պետական աղբիւրներէ քաղուած «Global Gender Gap Report»-ի համաձայն, աշխատող կնոջ տարեկան նիւթական մուտքը 7106 $ է, մինչդեռ այր մարդունը` 26,157 $:

– Լիբանանի մէջ առաջին կարգի պաշտօններուն, 8 առ հարիւր կիներ են, իսկ 92 առ հարիւրը` այր մարդիկ:

– Լիբանանի մէջ կիներուն անգործութեան համեմատութիւնը, 10 առ հարիւրէ, իսկ այր մարդոցը` 8 առ հարիւրը:

Այս բոլորը Լիբանանը կը դասեն համաշխարհային ցուցակին վերջին 8 վատ երկիրներէն մին, իսկ քաղաքական գետնի վրայ` վերջինէն մէկ առաջ, կնոջ իրաւունքներու եւ հաւասարութեան չափանիշով: Հակառակ որ Լիբանան  ընկերվարական երկիր մըն է պետական, քաղաքական, եւ հանրային պաշտօնները միշտ այր մարդոց կը տրամադրուին, ներկայիս (3 կին խորհրդարանէն ներս, 128 երեսփոխաններ), եւ (1 կին կառավարութեան մէջ) հակառակ, որ 2000 թուականին, ՄԱԿ-ի 1325-ի բանաձեւի համաձայն, կնոջ ներդրումը խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանումին մէջ յստակօրէն կը պահանջուէր:

Մարտ 8-ի առիթով ես կը շնորհաւորեմ լիբանանցի բոլոր կիները եւ մանաւանդ` լիբանանցի հայ կիները, եւ կը մաղթեմ, որ մօտիկ ապագային անոնց ներդրումը ըլլայ յստակ եւ գործնական ազգային, պետական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքէ ներս, որովհետեւ այդ մասնակցութիւնը պիտի օգնէ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման վերելքին: Թէեւ, մարտահրաւէրները շատ են, սակայն պէտք չէ տատամսիլ եւ յուսահատիլ: 1995-ին Փեքինի կնոջ համաշխարհային համագումարին բնաբանն էր, «հազար մղոնի ճամբորդութիւնը կը սկսի առաջին քայլով», մենք արդէն առինք առաջին քայլերը եւ կը շարունակենք մեր ժրաջան աշխատանքը, մեր վերելքը` դէպի իրաւունքներու հաւասարութեան:

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Կիներու ազգային խորհուրդի անդամ

Մարտ 12, 2015

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի 35-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մանուկներու Իրաւունք` 5-րդ Յօդուած Ծնողական Առաջնորդութիւն ճ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?