Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութեան Դէմ Չանաքքալէով (Կալիփոլիով) Կատարուած Ինքնապաշտպանութիւն»

Մարտ 17, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չանաքքալէի (Կալիփոլիի ճակատամարտ, Ա.) յաղթանակին հարիւրամեակը այս տարի 24 ապրիլին հանդիսաւոր կերպով տօնելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ընդունուած որոշումը տեղի տուած էր ու դեռ ալ կու տայ կծու հակազդեցութիւններու: Այս կարգէն է, որ ԷԹՀԱ լրատու կայքէջին վրայ հրատարակուած է Վահապ Պիչիճի ստորագրութեամբ բաւական ծանր յօդուած մը, ուր կը պնդուի, թէ «Չանաքքալէի յաղթանակը» ուղղակի 24 ապրիլին կապելու ձեռնարկը «խայտառակ սուտ մըն է»: Պիչիճի այսպէս կը գրէ.

«Չանաքքալէի պատերազմը սկսած է համաձայնական երկիրներուն կողմէ, 19 փետրուար 1915-ին կատարուած ծովային յարձակումով: Իսկ 24 ապրիլը, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ գիտակցօրէն կատարուած խեղաթիւրումի թուական է, ցամաքային շարժումի սկսած օրն է, այդ ալ 24 ապրիլ չէ, 25 ապրիլ է: Իթթիհատականներու այսօր- ւան ներկայացուցիչները արդէն նախապէս յայտարարած էին, որ ամբողջ 2015-ի ընթացքին Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրամեակի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպէին ու այս կերպով «պատասխան» մը տուած պիտի ըլլային Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն: Հրահանգը, որ տրուած է ուղղակի նախագահ Էրտողանին կողմէ, պետական դասական հակազդեցութեան օրինակ մըն է, ցեղապաշտական-մոլեռանդական նոր հոսանքով մը ցեղասպանութեան հարցի հետ երես առ երես գալու եւ հաշիւ տալու հրամայականին դէմ նոր արգելք յարուցանելու փորձ մըն է, որ նախակրթարանի թուաբանութեան մակարդակ ունի: Ասոր նշանը առաջին անգամ բեմադրուեցաւ, երբ նորակառոյց պալատին մէջ օսմանեան շրջանի զինուորական տարազներով դիմաւորուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ: Ալիեւ ու Էրտողան իրենց միասնական յայտարարութեամբ հաղորդեցին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնակէտ նկատուած 24 ապրիլին Չանաքքալէի մէջ վեհաժողով մը պիտի իրականացնէին: Մասնակցութեան առաջին խոստումն ալ եկաւ Ալիեւէն: Վերջն ալ հաղորդուեցաւ, որ 102 երկիրներու ղեկավարներուն հրաւէր ղրկուած էր: Մինչդեռ, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, Չանաքքալէի տարեդարձը չի համապատասխաներ 24 ապրիլին:

Վահապ Պիչիճի իր յօդուածին մէջ այս վերջին ձեռնարկը կը նմանցնէ ասկէ առաջ ալ կատարուած այլ խեղաթիւրումներու, որոնցմէ մէկն է 19 մայիսի տօնակատարութիւնը, որ 1938-ին ընդունուեցաւ որպէս Աթաթիւրքի Սամսոն ելլելու թուական, մինչդեռ, ըստ Պիչիճիի, 1938-ը Տէրսիմի սպանդին թուականն էր ու 19 մայիսն ալ Պոնտոսի յոյներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան յիշատակութեան թուականն էր:

«24 ապրիլ թուականը Չանաքքալէի կապելը ամէնէն թեթեւ որակումով սուտ է, 24 ապրիլը Չանաքքալէի պատերազմին մէջ սովորական թուականէ մը ուրիշ բան չէ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նմանօրինակ միջոցներով պատրաստուած կ՛ըլլայ նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Դիպուած չէ, որ 24 ապրիլի այս նախաձեռնութեան համար Ալիեւ Թուրքիա եկաւ ու յայտարարութիւնը կատարուեցաւ միասնաբար: Թուրքիա այս կերպով Հայաստանի դէմ յառաջ քշած եղաւ Ազրպէյճանի իր խաղաթուղթը», կ՛ըսէ յօդուածագիրը:

Պիչիճի դիտել կու տայ սակայն, որ նմանօրինակ օսմանեան խաղեր ո՛չ միայն չեն կրնար վարագոյր քաշել Հայոց ցեղասպանութեան գիտական ճշմարտութեան առջեւ, այլ նաեւ պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ իրենց միտքը ձերբազատեն Չանաքքալէի նման սուտերէ ու դէմ յանդիման գան մերկ ճշմարտութիւններու հետ:

Պիչիճի շատ խիստ տողերով կը դատապարտէ ձեռնարկը` դիտել տալով, որ բնաւ ալ բարոյականութեան հետ կապ չունի Չանաքքալէի մէջ իրենց արիւնը թափած տասնեակ հազարաւոր աշխատաւոր մարդոց արեան վրայ սարքուած այս խաղը:

Նախորդը

Զաւակներս Ինչո՞ւ Քրիստոնեայ Կամ Հրեայ Պիտի Ըլլան…

Յաջորդը

Արձանագրութիւնների Վերջը. Վնասներն Ընդդէմ Օգուտների. Գէորգ Պետրոսեան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?