Սոյն յօդուածի հեղինակ Օրհան Քեմալ Ճենկիզ աշխատակից է Թուրքիոյ «Ռատիքալ» եւ «Զաման» օրաթերթերուն, նաեւ ան փաստաբան է ու լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով: Իր այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»-ի փետրուար 12, 2015-ի
համարին մէջ: Յօդուածը թարգմանեց Յարութիւն Մսըրլեան:
Բաւական ուշ հայր դարձայ: 47 տարեկան եմ: Անդրանիկ զաւակս` Ճեմը երկու տարեկան է: Իսկ կրտսեր զաւակս, Ճանը դեռ 40 օրուան է…
Երբ մարդահամարի գրասենեակը գացի զաւակներուս ինքնութեան թուղթերը առնելու, պաշտօնեան հարցուց, թէ զաւակներս ո՞ր մէկ կրօնին կը պատկանին: «Այդ հարցումին պատասխանը պարապ ձգէ ինքնութեան թուղթին վրայ», ըսի: Երբ այս կ՛ըսէի, մտքիս մէջ քանի մը այլ հարցեր ալ կային: Արդար ըլլալու համար նախ խոստովանիմ, որ ես կրօնասէր մէկը չեմ: Ինքզինքս իբրեւ իսլամ չեմ ներկայացներ ուրիշներուն, թէեւ իսլամական հաւատքն ունեցող ընտանիքի մը մէջ ծնած եմ:
Նոյնիսկ եթէ յստակ ձեւով մը ինքզինքս ճշդած ըլլայի ուրիշներուն, դեռ պիտի նախընտրէի, որ զաւակներուս ինքնութեան թուղթերուն կրօնական այդ բաժինը պարապ ձգուէր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ կրօնական կամ ոչկրօնական հատուածի մը պատկանելութեան նախընտրութիւնը անոնց զաւակներո՛ւս կը պատկանի:
Սակայն այլ պատճառ մըն ալ կար, որ կը մղէր զիս կարեւորութիւն տալու զաւակներուս ինքնութեան թուղթերուն կրօնական բաժնին մէջ «պարապութիւն» մը ձգելու հարցին: Կը յուսայի, երբ անոնք դպրոց յաճախելու տարիքին հասնին, որ ձեւով մը գոնէ կարենամ խնայել զանոնք կրօնի դասերու հետեւելու պարտադրանքէն: Մտածեցի, որ եթէ ինքնութեան թուղթերուն մէջ չյիշուի անոնց իսլամ ըլլալը, ուրեմն ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ստիպել, որ անոնք կրօնի դասերու հետեւին: Բայց սխալ էի:
Մեր դպրոցներուն մէջ կրօնական պարտադիր դասեր առնելու հարցը բաւական խրթին պատմութիւն մըն է: Ասիկա պարտադիր դարձաւ Թուրքիոյ բանակին սեպտեմբեր 12, 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք: Թէեւ 1980-ական թուականներուն հարցի մը շուրջ բացառութիւն շնորհելու գործընթացը շատ աւելի պարզ էր, քան այն, ինչ որ է այսօր: Օրինակի համար, դիւրութեամբ բացառութիւն շնորհուած էր ինծի կրօնի դասեր չառնելու համար, երբ ես երկրորդական վարժարանի աշակերտ էի: Ծնողքս պարզապէս աղերսագիր մը ներկայացուցած էին, եւ ոչ ոք չէր հարցուցած, թէ ինչո՞ւ, կամ` ի՞նչ հիման վրայ նման բացառութիւն մը կը խնդրուի:
Սակայն ներկայիս, մասնաւորաբար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխն անցնելէն ետք, բաւական դժուարացած է կրօնի պարտադիր դասեր առնելէ բացառուիլը: Օրինակի համար, ալեւի աշակերտները չեն կրնար բացառուիլ, որովհետեւ ԱԲԿ կուսակցութիւնը իսլամ կը համարէ զանոնք եւ չի ճանչնար անոնց տարբեր աղանդ մը ըլլալը: Այս պատճառով Թուրքիոյ ալեւի քաղաքացիները երկու տարբեր առիթներով (2007-ին եւ 2014-ին) դիմած են Մարդկային իրաւանց Եւրոպայի դատարանին (ՄԻԵԴ) : ՄԻԵԴ-ը դատապարտած է Թուրքիան` եզրակացնելով, որ կրօնի այդպիսի դասերը անկողմնակալ դասեր չեն, այլ անոնք կը գործածուին իբրեւ գործիք` սիւննի իսլամական կրօնը ուսուցանելու համար:
Վերջին դատապարտութենէն ետք, երկրին թէ՛ նախագահ Ռեճիպ Էրտողանը, թէ՛ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն դժկամութիւն ցուցաբերեցին Թուրքիոյ ուսումնական ծրագրին մէջէն այդ դասերուն զեղչման հարցի մասին: Զանոնք պարտադիր դասեր ըլլալու փոխարէն` ընտրական դասերու փոխելն իսկ անընդունելի գտան:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթէն տեղեկացայ, որ կրթական նախարարութիւնը վերջերս նոր շրջաբերական մը յղած է երկրի բոլոր դպրոցներուն, որուն մէջ յաւելեալ հրահանգներ տրուած են ճշդելու, թէ ովքե՛ր ենթակայ են կրօնի պարտադիր դասեր առնելու: Շրջաբերականին մէջ նախարարութիւնը կը շեշտէ նաեւ, որ ինքնութեան թուղթերուն կրօնական բաժինը պարապ ձգուած ըլլալու պարագային, անոնց տէրերը ստիպուած են արձանագրուիլ կրօնի դասեր առնելու: Շրջաբերականին մէջ յաւելեալ տեղեկութիւն մը եւս կայ, ուր կ՛ըսուի, թէ բացի հրեաներէն ու քրիստոնեաներէն, ամէն մէկ քաղաքացի ստիպուած է արձանագրուիլ կրօնի այդ դասերը առնելու:
Հարցաքննութիւն մը կատարեցի եւ տեղեկացայ որ, ան որ իր զաւակին հրեայ կամ քրիստոնեայ կրօնին պատկանելութիւնը կը հռչակէ, ան ստիպուած է իր եկեղեցիէն կամ հրէից սինակոկէն փաստաթուղթ մը ներկայացնել այդ առնչութեամբ:
Հետեւաբար, հիմնուելով կրթական այսպիսի ֆաշական հասկացողութեան վրայ, ուր նոյնիսկ ծնողական իրաւունքներն ու նախընտրութիւնները կ՛անտեսուին ու կը ստորադասուին, ես ստպուած պիտի ըլլամ, երբ զաւակներս դպրոց մը արձանագրելու ժամանակը հասնի, եկեղեցիէ մը կամ հրէից սինակոկէ մը զաւակներուս համար փաստաթուղթեր ձեռք ձգելու…
Զաւակներս, գէթ թուղթի վրայ, «քրիստոնեայ» կամ «հրեայ» պէտք է ըլլան, որ կարենան խուսափիլ երկրին այս քարոզչական մեքենայէն…
Կը յուսամ, որ պիտի կարենամ օգնութիւն ստանալ իմ ոչիսլամ բարեկամներէս` Թուրքիոյ կեղեքիչ արգելքներէն գոնէ ա՛յս մէկը յաղթահարելու: