Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտին համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ Հայաստանի նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին` համաձայն նախագահին 4 սեպտեմբեր 2013-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումների մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելու մասին» թիւ 207 հրամանագիրի 4-րդ կէտին:
Նախագահ Սարգսեանի որոշման համաձայն, նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ պիտի կազմակերպէ եւ պիտի կատարէ քննարկումներ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին մէջ ամրագրուած մօտեցումներու կենսագործման վերաբերեալ եւ պիտի ամփոփէ կուսակցութիւններուն ներկայացուցած առաջարկներն ու դիտողութիւնները: