Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ Եգիպտոս «երկիր մըն է, զոր Աստուած ստեղծեց, որ ապրի, անիկա գոյութիւն ունի 7 հազար տարիէ ի վեր եւ ամէնուրեք քաղաքակրթութիւն տարածեց, իսկ այժմ ժամանակն է, որ Եգիպտոս ոտքի կանգնի եւ ապրի իր ժողովուրդով եւ 35 միլիոնի հասնող երիտասարդներով»:
«Վճռորոշ պահ է եւ վարչական մայրաքաղաքը կառուցելու ծրագիրը կենսական է, իսկ եթէ բարգաւաճում կ՛ուզէք, ապա պէտք է աշխատիլ գիշեր ու ցերեկ», ըսաւ Սիսի եւ ներդրողներուն կոչ ուղղեց իրենց ստանձնած ծրագիրները իրենց աւարտին հասցնելու:
«Մենք կ՛ուզենք մեր երկիրը կառուցել եւ քաղաքացիներուն իսկական յոյս տալ», ըսաւ Սիսի` աւելցնելով. «Մեր կողքին կանգնողները պիտի չմոռնանք»: