Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածուին. Քիւրտիստանի Համար Պէտք Է Հող Առնել Թուրքիայէն, Իրաքէն Եւ Սուրիայէն

Մարտ 13, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռենտ Փոլ
Ռենտ Փոլ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ 2016-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան հաւանական թեկնածու, հանրապետական ծերակուտական Ռենտ Փոլ «Պրէյպերթ Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ պիտի պահանջուի Թուրքիայէն հող վերցնել ապագայ Քիւրտիստանի պետութեան համար, որուն սահմանները ինք պիտի գծէ:

Նախագահութեան թեկնածուն յայտարարած է, որ քիւրտերը ունին իրենց սեփական պետութիւնը ստեղծելու իրաւունքը: «Ես Քիւրտիստանի համար նոր սահմաններ պիտի գծեմ եւ կը խոստանամ, որ անոնք պիտի ունենան իրենց երկիրը», ըսած է ան:

Փոլ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ այսօր բաւարար կերպով աջակցութիւն չեն ցուցաբերած քիւրտերուն: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ պէտք է քիւրտերը աւելի շատ զինեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

«Քիւրտերը լաւագոյն կողմերն են: Քիւրտերուն ուղարկուած զէնքը նախ կը հասնի Պաղտատ, ուր ատիկա կը մաղուի` մնացածը կը հասնի անոնց: Ատիկա անթոյլատրելի է: Զէնքերը պէտք է ուղղակիօրէն հասնին քիւրտերուն», ըսած է ան:

Ըստ անոր, ժիհատականներուն դէմ համակարգուած պայքար տանելու համար քիւրտերը պէտք է պետութիւն ունենան:

«Արմատական ժիհատականներուն դէմ կռուելու համար քիւրտերը պէտք է սեփական պետութիւն ունենան: Սակայն ես աւելի հեռու պիտի երթամ: Ես Քիւրտիստանի համար նոր սահման պիտի գծեմ եւ նոր երկիր ունենալու խօսք կու տամ անոնց: Ըսելը դիւրին է, ընելը` դժուար, որովհետեւ նոր Քիւրտիստանի սահմանները գծելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ հողեր առնել Թուրքիայէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն», նշած է ան:

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քիւրտերը զինելու վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարած են նաեւ ծերակուտական Թետ Քրուզ եւ նախագահութեան մէկ այլ թեկնածու` ծերակուտական Լինտսի Կրահամ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաստատեց Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը
Միջազգային

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաստատեց Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը

Ապրիլ 1, 2023
2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով  Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Գահիրէ
Միջազգային

2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Գահիրէ

Ապրիլ 1, 2023
Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Գործեց Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ
Միջազգային

Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Գործեց Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In