Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային այցելութեամբ երէկ հասաւ Վիեննա, ուր խօսք մը պիտի արտասանէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը: