Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Մարտ 9, 2015
| Հայկական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Ուսուցչութիւնը, այլ ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու նման, կը գտնուի շարունակական փոփոխութեան մէջ: Անոր սահմանումն ալ, միւս ասպարէզներուն նման, փոխուած է ժամանակի ընթացքին: Մշակութային պատմութեան իւրաքանչիւր շրջանի եւ տարբեր ժամանակներու մէջ ուսուցչութիւնը ունեցած է տարբեր սահմանում եւ իմաստ: Ուսուցչութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբեմն նոյն ժամանակին մէջ, բայց տարբեր երկիրներու եւ տարբեր պայմաններու տակ, ուսուցչութիւնը կը բացատրուի եւ կը սահմանուի տարբեր ձեւերով: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի կլիմայական, աշխարհագրական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական տարբեր պայմաններ, ապրելու տարբեր միջավայր, մտածելակերպի, հոգեբանական ու տրամաբանելու տարբեր մօտեցումներ եւ ըմբռնումներ: Ներկայիս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ նահանգներ ունին իրարմէ տարբեր կրթական քաղաքականութիւններ այն աստիճան, որ երբեմն  իւրաքանչիւր նահանգի համալսարան աւարտելու պայմանները իրարմէ բաւականաչափ կը տարբերին: Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, ուսուցչութիւնը բոլոր երկիրներուն մէջ ալ հաւասարապէս ունի հասարակաց կէտեր` մարդկային ընկերութեան զանազան մարզերու յառաջդիմութեան նպաստող իր բարիքներով: Իրողութիւնը այն է, որ ուսուցչութիւնը ասպարէզ մըն է, որ կը սորվեցնէ բոլոր ասպարէզները:

Կը հաստատենք, առանց որեւէ շեփորահարումի եւ ծայրայեղութեան, որ ուսուցչութիւնը աշխարհի դժուարագոյն ասպարէզներէն մէկն է, իսկ ինծի համար` դժուարագոյնը: Միայն իրաւ ուսուցիչն է, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցչութիւն ընել:

***

Սակայն ո՞վ է ուսուցիչը: Ի՞նչ է ուսուցչութիւնը:

Դժուար է արագ ու կարճ սահմանում մը տալ վերոյիշեալ եզրերուն: Բառացի իմաստով, ուսուցիչ ըլլալ` կը նշանակէ ուսուցանել, սորվեցնել, դաստիարակել: Բայց սահմանումը այս եզրերէն աւելի տարածք ունի եւ աւելի հեռաւոր տեղեր կ՛առաջնորդէ մեզ:

Այսպէս, ուսուցչութիւնը`

ա. Գիտութիւն է
բ. Փիլիսոփայութիւն է եւ
գ. Արուեստ է

Առնենք իւրաքանչիւրը առանձնաբար:

Առաջին` ուսուցչութիւնը գիտութիւն է:

Դպրոցին մէջ կատարուող առաջին աշխատանքը երեխային միտքին մշակումը կամ մարզումն է. մշակել անոր երեւակայութիւնը, բանականութիւնը, յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը, դատողութիւնը: Ուսուցչութիւնը կ՛անցընէ այս բոլորին փորձառական շրջանը, եւ ուսուցիչը կը զարգացնէ երեխային մօտ միտքի մեքենային կարողութիւնները:

Մտային զարգացման վերոյիշեալ կարողութիւններէն կարեւորագոյնը երեւակայութիւնն է: Պէտք է զարգացնել երեւակայական աշխարհը երեխային մէջ: Երբ միտքի հետ գործ ունիք, անմիջապէս կը զգաք, թէ երեւակայութիւնը չի զուգադիպիր իրականութեան հետ, երեխան կապ չունի իրականութեան հետ: Ուսուցչութիւնը կը սորվեցնէ կապը երեւակայութեան եւ իրականութեան. գիտնալ, թէ ո՛ւր կը սկսի իրականութիւնը եւ ո՛ւր կը վերջանայ: Ասիկա բանականութեան սկիզբն է: Միտքը հրաշալի մեքենայ մըն է, որուն մէջ կան գոյն, ձայն, շօշափելիութիւն:

Երեխան պէտք է լուրջի առնէ բառերը, որոնցմով աշխարհ մը կը շինէ: Երեխային երեւակայութիւնը զարգացնել` կը նշանակէ զարգացնել բառին նշանակութիւնը: Բառը միայն բառով կը բացատրէ ինքզինք, ինչ որ որեւէ տեղ չի հասցներ մեզ: Հետեւաբար բախում մը կը ստեղծուի երեւակայութեան եւ իրականութեան միջեւ: Երեւակայութեան զարգացման փոքր օրինակ է հետեւեալը. ամէն մարդ մահկանացու է, Սմբատը մարդ է, ուրեմն Սմբատը մահկանացու է: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ ես կամ, որովհետեւ ոչինչ վստահ կայ աշխարհին մէջ: Ամէն ինչ խախուտ է, բայց չենք զգար ատիկա:

Հրաշք մը պէտք է որ տեղի ունենայ մանուկին ուղեղին մէջ տեղաւորելու համար տրամաբանութիւնը: Պէտք է հասկցնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդը: Ո՞վ է մարդը: Պէտք է մշակել երեխային միտքը, միեւնոյն ատեն զարգացնել անոր քննական կարողութիւնը: Պէտք չէ կարծիք պարտադրել կամ սկիզբէն եզրակացութիւններ հանել: Լաւ աշակերտը ա՛ն է, որ ամբողջութեամբ չ՛ընդունիր ուսուցիչին ըսածը, անոր յայտնած տեսակէտներն ու կարծիքները: Եւ արդէն ասիկա է հիմնական նպատակը դպրոցներու մէջ ջամբուող ուսման. պատրաստել մարդիկ, որոնք կարողութիւնը պիտի ունենան նոր բաներ պատրաստելու, ոչ թէ պարզապէս կրկնեն ինչ որ իրենց ուսուցիչները արտայայտած կամ կատարած են:

***

Երկրորդ` ուսուցչութիւնը փիլիսոփայութիւն է:

Դպրոցներու մէջ մարդու (իմա՛ մարդկային նկարագիրի) պատրաստութեան ընթացքին պէտք է նկատի առնել համադրական ընթացքը: Օրէնքները պէտք է բացատրել երեխային, միեւնոյն ատեն պէտք է հասկցնել, թէ ի՛նչ է օրէնքը: Երեխան յանձնուած է դպրոց, որպէսզի պատրաստուի անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը: Կարելի չէ խաբել երեխան սուտ ու սխալ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոր: Պէտք է պատրաստել անոր միտքը, մինչեւ որ երեխան հասնի բարձրագոյն ուսման: Ուսուցիչը պէտք է մղէ աշակերտը, որ հարցումներ ուղղէ, շատ հարցումներ տայ: Ուսուցիչին պարտաւորութիւնն է պատասխանատուութեան զգացումը արթնցնել աշակերտին մէջ: Անոր մէջ պէտք է տեղաւորել ըմբոստացումի, սրբազան բարկութեան եւ պոռթկումի զգացումը: Ուսուցիչը պէտք է բացատրէ, թէ ըմբոստացման այդ զգացումը հիմքն է մշակոյթին: Եւ ի՞նչ է արդէն մշակոյթը, եթէ ոչ` ձգտումը աւելի բարձրին, նորին, ստեղծագործ աշխատանքին: Անհեթեթ է կեանքը, իսկ գիտակցութիւնը` թակարդ: «Մի՛ ընդունիք ինչ որ կ՛ըսեմ»: Շատ ահաւոր, բայց միեւնոյն ատեն գեղեցիկ բան է մարդ ըլլալը: Կեանքի այս տրամադրութիւնները պէտք է բացատրել պատանի աշակերտներուն:

Վերոյիշեալ տրամադրութիւնները կ՛ենթադրեն, որ ճշմարտութեան մանրէն պէտք է ներարկել աշակերտին արիւնին մէջ: Բանա՛լ անոր աչքերը: Շատ կարեւոր է աշակերտին փիլիսոփայական զարթնումը: Գիտութեան կասկածը պէտք է դնել աշակերտին մէջ: Անոր առջեւ պէտք է բանալ դժոխքին դուռերը` հասկցնելով, թէ շատ թշուառ  բան է մարդ ըլլալը, միեւնոյն ատեն բացատրել, թէ ի՛նչ լաւ բաներ են` սէրը, երջանկութիւնը, հաւատքը, կեանքին գեղեցկութիւնները: Մէկ խօսքով, պէտք է որդեգրել հաւասարակշռութեան սկզբունքը:

***

Երրորդ` ուսուցչութիւնը արուեստ է:

Ուսուցչութիւնը դերասանութեան բան մը ունի իր մէջ. աչքի յօնքի, ձայնի խաղեր կ՛ենթադրէ, որոնց մէջ անխուսափելիօրէն կայ արուեստի հասկացողութիւն մը: Սակայն դերասանութիւնը վտանգաւոր երեւոյթի մը կը վերածուի, երբ կը խաղաս խաբելու սիրոյն: Նիւթը, որուն մասին կը խօսի ուսուցիչը, կը պահանջէ դերասանութիւն: Դերասանութիւնը արուեստ է, բայց խաբող է: Ուսուցչութիւնը դերասանութիւն է, բայց երբեք խաբող չէ: Երբ աշակերտին առջեւ բան մը կը բացատրէք` առանց վստահ ըլլալու անոր, ասիկա խաղ կ՛ըլլայ, խաբող բան մը կ՛ունենայ իր մէջ, որմէ պէտք չէ տարուիլ երբեք:

Եթէ ուրիշ ձեւով ուզենք ներկայացնել հարցը, ուսուցչութեան սահմանումին մէջ կը մտնէ գեղեցիկին ճաշակը (իմա՛ արուեստի ճաշակը): Գեղեցիկը նաեւ ճշմարիտ է: Ճշմարտութիւնը գեղեցիկն է, եւ գեղեցիկն է, որ ճշմարիտ է: Ճշմարտութիւնը իրականութեան հաստատումն է մարդկային միտքին կողմէ: Գեղեցկութեան ապրում մը կայ, որ տանելի կը դարձնէ կեանքը: Երեխան պէտք է սորվի գնահատել գեղեցիկը: Փիքասոն գեղեցի՞կ է. դասական ըմբռնումով` ոչ: Ասիկա գեղեցկութեան նոր սահմանումն է: Պէտք է տալ նախ գեղեցկութեան դասական սահմանումը. պատանի աշակերտին տարիքը կարելիութիւնը չունի ընկալելու գեղեցկութեան արդի սահմանումը եւ հասկացողութիւնը: Գեղեցկութիւնը կամ արուեստը աշակերտին մէջ կը մտնէ բացուելու ձեւով: Պէտք է բանալ աշակերտին միտքի հորիզոնը: Պէտք է բացատրել բնութեան անսահման ըլլալու հարցը: Հսկայ տարածութեան մէջ կը կորսուի մտերմութիւնը:

Մեր իրականութեան մէջ հայը պէտք է հայուն դպչի, որ հայ ըլլայ: Յառաջապահ ժողովուրդ մը եղած ենք մենք: Այսօր ալ պէտք է արթուն ըլլանք եւ առջեւէն քալենք: Վտանգաւոր է հայուն կեանքը այսօր: Եթէ մեծ ժողովուրդներ կրնան դանդաղ քալել (թէեւ այդպէս չեն), մենք չենք կրնար դանդաղ քալել:

 ***

Ներկայացնելէ ետք ուսուցչութեան ասպարէզը, հարց կու տանք` ո՞վ է ուսուցիչը, որո՞նք են տիպար ուսուցիչին առանձնայատկութիւնները:

Եթէ քրիստոնէութեան հիմքը ամբողջ աշխարհի մէջ սէրն է` հակառակ բազում համայնքներու եւ քրիստոնէական հասկացողութիւններու գոյութեան եւ տարբերութեան, նոյն ձեւով հակառակ բազմատեսակ դպրոցներու, կրթական-ուսումնական ծրագիրներու եւ գաղափարական տարբեր հոսանքներու գոյութեան, սէ՛րն է հիմքը ուսուցչութեան` աշխարհի տարբեր-տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ:

Տիպար ուսուցիչին գլխաւոր առանձնայատկութիւնները կը դասաւորուին հետեւեալ ձեւով. ուսուցիչը`

Ա. Կը սիրէ իր ասպարէզը` ուսուցչութիւնը
Բ. Կը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը
Գ. Կը տիրապետէ իր դասաւանդած նիւթին վրայ
Դ. Կը սիրէ իր աշակերտները

Կարելի է շատ բան աւելցնել այս բոլորին վրայ: Այսպէս, ուսուցիչը կը ջանայ բարձր պահել աշակերտներուն եւ իր դասարանին տրամադրութիւնը, ունի նախաձեռնող եւ ստեղծագործ ոգի, կ՛ազդէ աշակերտներուն վրայ, ունի կեանքի ուրոյն փիլիսոփայութիւն, կ՛օժանդակէ աշակերտական ձեռնարկներու, եւ այլն:

Տեսնենք տիպար ուսուցիչին առանձնայատկութիւնները առանձնաբար:

Առաջին. ուսուցիչը կը սիրէ իր ասպարէզը` ուսուցչութիւնը:

Յաջողութեան գլխաւոր բանալին. սիրե՛լ ուսուցչութիւնը, սիրե՛լ ուսուցիչ ըլլալ: Որեւէ ասպարէզի նման, երբ անհատը չսիրէ այն գործը, զոր ընդգրկած է ինք, այդ ասպարէզը պիտի դառնայ ձանձրացուցիչ, անհատը պիտի չտայ անհրաժեշտ արդիւնքը, որովհետեւ սէրն է, որ միշտ աշխուժ ու զուարթ կը պահէ ոեւէ անհատ` իր ասպարէզին մէջ:

Իսկ ուսուցիչին պարագային` աւելիով, որովհետեւ այլ ասպարէզներու պարագային, առանց սիրելու աշխատելէն` կը վնասուի միայն անհատ մը, իր բերելիք արտադրողականութիւնը հաստատութեան մը մէջ, մինչդեռ ուսուցչութեան պարագային` կը տուժէ ամբողջ սերունդ մը:

Ուսուցիչը լաւ արդիւնք չի տար, եթէ առանց սիրելու ընդգրկած է իր ասպարէզը եւ ընդգրկած է զայն միայն իբրեւ ապրուստի միջոց: Այդպիսի պարագաներու, ուսուցիչը ջղային կը դառնայ, անիմաստ կերպով կը բարկանայ աշակերտներուն վրայ, կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնն ու ուրախութիւնը, չի բացատրեր խանդավառութեամբ, կը ձանձրանայ, յաճախ ժամացոյցին կը նայի` սպասելով պահին վերջաւորութեան, իսկ իր այս հոգեվիճակն ու տրամադրութիւնը կը փոխանցէ իր աշակերտներուն, կամայ-ակամայ: Անհատ մը, որ երկար ժամեր կրնայ աշխատիլ սիրոյ մէջ թաթխուած էութեամբ, յոգնութիւն պիտի չզգայ, իսկ հակառակ պարագային` պիտի սպառի քիչ աշխատանքէ ետք:

«Առաքելութիւն» կամ «կոչում» անունները կու տանք բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք սիրով կը կատարեն իրենց գործը: Մեր եւ այլ ժողովուրդներու իրականութեան մէջ քիչ չէ թիւը այն ուսուցիչներուն, որոնք առանց սիրելու կը կատարեն իրենց ասպարէզը: Անոնցմէ շատեր հաւանաբար ուսուցչութեան կրնան եկած ըլլալ, որովհետեւ այլ ասպարէզներու մէջ գործ չեն կրցած գտնել, ուրիշներ կրնան հրապուրուած ըլլալ արձակուրդներով, յատկապէս` ամառնային, որոնք այլապէս խաբուսիկ են իրաւ ուսուցիչին համար: Վստահաբար կան նաեւ այլ պատճառներ: Այսպիսի պարագաներու, լաւ պիտի ըլլայ, որ այդ «ուսուցիչները» լքեն ուսուցչութիւնը, որովհետեւ ամբողջ սերունդ մըն է, որ կը տուժէ անոնց պատճառով:

Ուսուցիչի այս առանձնայատկութեան համար կարելի է տալ խմբավար Թոսքանինիի կեանքին հետ կապուած հետեւեալ դրուագը: Շրջապտոյտի մը ընթացքին Թոսքանինի կը ժամանէ նոր քաղաք մը եւ կը ձեռնարկէ նուագախումբի մը կազմութեան: Իբրեւ սկիզբ` նորակազմ նուագախումբին կը թելադրէ նուագել դիւրին կտոր մը: Քանի մը վայրկեան նուագելէ ետք Թոսքանինի կը նշմարէ, թէ նուագախումբին առաջին ջութակահարը առած է տարօրինակ երեւոյթ մը: Թէեւ լաւ կը նուագէր ան, բայց անոր դէմքի արտայայտութիւնը լաւ տպաւորութիւն չի թողուր Թոսքանինիին վրայ: Էջ մը դարձնելէ ետք, երբ նոր բաժին մը պիտի սկսէին նուագել, ջութակահարին դէմքը աւելի կը խոժոռի, աւելի կը ծամածռի եւ աւելի կը մռայլի: Թոսքանինիի գութը կը շարժի անոր վրայ, կ՛ենթադրէ, որ մեծ ցաւէ կը տառապի ջութակահարը, առ այդ, կը դադրեցնէ նուագը եւ կ՛ըսէ ջութակահարին.

– Հիւա՞նդ ես: Բանէ մը կը տառապի՞ս:

Ջութակահարին դէմքը շուտով բնականոն կը դառնայ:

– Ո՛չ, շնորհակալ եմ, բան մը չունիմ,- կը պատասխանէ ջութակահարը,- բաւական լաւ եմ: Հաճեցէք շարունակել նուագը:

– Շատ լաւ, եթէ վստահ ես, թէ պիտի կրնաս նուագել, կը շարունակենք նուագը,- կ՛ըսէ Թոսքանինի եւ կը հրահանգէ սկսիլ նոր բաժինէն:

Նուագախումբը կը սկսի իր ելեւէջներուն: Թոսքանինի իր նայուածքը դարձեալ կ՛ուղղէ առաջին ջութակահարին վրայ եւ կը տեսնէ, թէ նախկինէն աւելի գէշ արտայայտութիւն մը ստացած է անիկա: Անոր դէմքը մէկ կողմ քաշուած էր, շուրթերը կախուած էին վար, ակռաները դուրս ցցուած էին գայլի ատամներուն նման, կզակը արտառոց երեւոյթ մը ստացած էր, քրտնաթոր էր ան եւ դժուարութեամբ կը շնչէր:

– Հաճեցէք վայրկեանի մը համար դադրեցնել նուագը,- կ՛ըսէ Թոսքանինի:- Առաջին ջութակահար, դուք իսկապէս հիւանդ կ՛երեւիք, կ՛ուզէ՞ք տուն երթալ:

– Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, պարո՛ն Թոսքանինի, հաճեցէք շարունակել,- կը պատասխանէ առաջին ջութակահարը:

– Կը կրկնեմ,- կ՛ըսէ Թոսքանինի,- տագնապի մէջ էք դուք, կ՛ուզէ՞ք արդեօք քիչ մը հանգչիլ:

– Ո՛չ, հիւանդ չեմ,- կը պատասխանէ ջութակահարը:

– Լա՛ւ, ուրեմն, ի՞նչ ունիք, ի՞նչ է հարցը: Ահռելի երեւոյթ մը ունիք, ձեր դէմքը արտառոց ձեւեր կ՛առնէ նուագելու ատեն: Յստակ է, որ կը տառապիք բանէ մը:

– Կ՛ուզեմ անկեղծ ըլլալ,- կ՛ըսէ առաջին ջութակահարը վերջապէս:- Ես կ՛ատեմ երաժշտութիւնը:

Թոսքանինիի առաջին ջութակահարին նման քիչ չեն այն «ուսուցիչները», որոնք առանց սիրելու կը կատարեն իրենց գործը, որ սրբազան ըլլալու բոլոր տուեալները ունի իր մէջ անտարակոյս: Անոնք դասարան կը մտնեն ձանձրացած երեւոյթով: Իրենց գործը կը կատարեն ակամայ: Ո՛չ հաճոյք կ՛առնեն ուսուցչութենէն, ոչ ալ զուարթ մթնոլորտ կը փոխանցեն աշակերտներուն: Այս հոգեվիճակը վարակիչ կերպով կը փոխանցուի աշակերտներուն, որոնք գլխաւոր վնասուողները կ՛ըլլան այս դրութենէն:

Տիպար ուսուցիչը Թոսքանինիի ղեկավարած նուագախումբի առաջին ջութակահարին հակապատկերն է անկասկած:

 

(Շար. 1)

 

 

Նախորդը

«Անբաղձալի» Ասպարէզի Մը Հետքերով (Ուսուցչաց Տօն)

Յաջորդը

Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» Ցուցահանդէսի Բացումը` Արուեստի Լիբանանեան Ակադեմիային Մէջ

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Comments 1

  1. Vahe H. Apelian says:
    8 years ago

    ԱՆՅՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԵՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

    Ուսուցչութեան փիլիսոփայութիւնը կը խտանայ աշակերտ անհատին հետ դրական մտածողութեւամբ գործակցիլ գիտնալուն մէջ: Աշակերտ եւ ուսոցիչ զիրար կ՝ամբողջացնեն, եթէ չկայ աշակերտ չկայ նաեւ ուոսւցիչ:

    Աշակերտ անհատը ընդհանրապէս անթափանց մնալու հակում ունի, խիստ թաքուն: Իր չարութիւնները ընհանրապէս կը ծառայեն ցինքը անծանօթ պհելու իր ուսուցիչէն: Այս պարագան մերթ ուսուցիչը անկարող կը դարձնէ ուսուցչութեան արուեստը կիրարկելով՝ մշակելու աշակերտ անհատէն ապագայ տիպար հայը, օրինապահ քաղաքացին, առաքինի կինը, մեծ գիտարարը կամ պարկեշտ արհեստաւորը:

    Մերթ ուսուցիչը ենթարկուելու է աշակերտին քմահաճութեան որպէսցի առիթներ ստեղծէ թափանցելու անոր աշխարհին: Ընդհանրապէս չար չէ աշակերտը այլ՝ չարացած է ցինքը ճանչնալու անատակ եղողներուն դէմ, ըլլան անոնք ծնողք, ուսուցիչ թէ դասընկեր: Աշակերտը, ըլլայ ընդունակ կամ անընդունակ կ՝ուցէ իր տեղը ունենալ ուսուցիչին ուշադրութեան մէջ: Փաստօրէն, յետագային, աշակերտներ աւելի պատուած են իրենց ոււուցիչը, քան ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն:

    Ուսուցիչը անմատչելի ըլլալու չէ աշակերտին. այսուհանդերձ ան ստեղծելու է այն մտնոլորտը որ աշակերտը իրեն մօտենայ յարգանքի, ակնածանքի ու սիրոյ ուղէիին ընթացքով:

    Խիստ խուցարկող է աշակերտ անհատը: Ան կը դիտէ, կը պեղէ: Մեծագոյն դատաւորն է ան: Շուտ կը ճանչնայ, արագ կը վճռէ: Ուսուցիչը խիստ ցգոյշ ըլլալու է իր կենցաղին, արտահայտութեան մէջ. ունենալու է խնամուած արտաքին, պարց ու գրաւիչ ՝փոքրերու մօտ: Իսկ հասուն աշակերտին մօտ հետցհետէ մշակելու է «մարդը» արտաքինէն չդատելու «Ծերենցեան» հոգեբանութիւնը: Եւ վերջապէս, աշակերտը սպասելու է ուսուցիչին ժամանման, ոչ թէ երջանիկ ցգալու անոր բացակայութեամբ

    Շատ դժուար արուեստ է ուսուցչութիւնը: Որպէս պատահական ասպարէց անոր մօտեցող ուսուցիչը ձախողած է ուշ թէ կանուխ: Յաջողած ուսուցիչը համբերած եւ տառապած է այդ կալուածի առթած ցաւերով. ինքցինք դիտած է աշակերտին ակնոցէն. ինքնամշակում ըրած է. ինքնաքննադատութիւն ըրած է. իր կենցաղին ու մտածելակերպին մէջ բարեփոխումներ կատարած է: Չանացած է ըլլալ ցուսպ, անաչառ, անկողմնակալ, ուղիղ, վստահելի եւ գաղտնապահ:

    Եւ վերջապէս իրաւ ուսուցիչը (Ոշականեան իմացումով) կերտուած է իր եւ իր աշակերտին համագործակցական մշակումով:

    Զուարթ Աբէլեւան
    «Ես եւ Ուսուցթչութիւնը»
    Մ.Ն, 2007

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In