Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր Արսէն Կարապետեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով, կը յայտնէ Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը:
Արսէն Կարապետեան զոհուած է պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ` հակառակորդին կրակոցներուն պատճառով: