Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Էմ.-13»-ի դաշտերուն վրայ սկսաւ լիբանանեան ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ եօթը խումբերու, որոնք իրարու դէմ կը մրցին մէկ անգամ:
Մրցաշարքին առաջին օրը արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
«Աուտէ» դրամատուն – «Տի. Ճի. Ճոնզ»` 84-44, Տար Հանտասա – «Պի. Էլ. Սի.»` 49-29, «Պլոմ» դրամատուն – Տար, Հանտասա` 58-53, «Պլոմ» դրամատուն – «Ի. Փի. Թի.»` 31-17 եւ «Աուտէ» դրամատուն – «Ի. Փի. Թի.» 70-35:
Ստորեւ` ժամանակաւոր դասաւորումը.
«Աուտէ» դրամատուն` 9 կէտ, «Ի. Փի. Թի.»` 5 կէտ, Տար Հանտասա` 4 կէտ, «Պլոմ» դրամատուն` 3 կէտ, Ֆիթնես Զոն` 2 կէտ եւ «Տի. Ճի. Ճոնզ»` 1 կէտ: