Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանին Նահատակուած Եւ Մահացած Հայ Մարզիկները

Փետրուար 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայ մարզիկներէն շատերը ղրկուած են կռուի դաշտ` ի խնդիր օսմանեան հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հոն քաջաբար թափած են իրենց արիւնը:

1911-1914 Նաւասարդեան խաղերը ու հանդէսները նպաստած են ազգային զարթօնքին ու մշակութային-հասարակական շարժման վերելքին:

Թուրքիոյ մէջ գործող հայ մարզիկներուն մեծամասնութիւնը բնականաբար եղած է համապատասխան հայկական ակումբներու անդամ, ինչպէս նաեւ ազգային եւ կուսակցական ղեկավարներ, յեղափոխականներ, ազգային ազատագրական շարժումի ռահվիրաներ եւ զոհուողներ:

Շաւարշ Քրիսեանը եղած է մեծ մանկավարժ, գրող, հրապարակախօս, լրագրող, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադիրներէն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ  մարզական առաջին` «Մարմնամարզ» (1911-1914) հանդէսին հիմնադիրը: «Մարմնամարզ»-ի հրատարակումով հայ մարզական կեանքը կը մտնէր նոր փուլի մէջ: Առաջին թիւով իսկ Քրիսեան կ՛արտայայտուէր. «Մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել, ու մարդեր են, որ կը պակսին մեզի»: Իսկ 1912 ապրիլ 1-ին Քրիսեան «Մարմնամարզ» պատկերազարդ հանդէսի մէջ «Հայ կնոջ զարթնումը» յօդուածով կը խօսի հայ կնոջ մարզական կեանքի մէջ ներգրաւելու մասին, քանի որ ֆիզիքական դաստիարակութիւնը կարեւոր էր առողջ սերունդ ունենալու համար:

Այս մեծ հայորդիին ջանքերով պատմութեան մէջ առաջին անգամ 1912-ի ամրան երկու հայ մարզիկներ` Վահրամ Փափազեան եւ Մկրտիչ Մկրեան, մասնակցած են Սթոքհոլմի մէջ կայացած 5-րդ Միջազգային Ողիմպիական խաղերուն` առաջին անգամ ըլլալով Օսմանեան կայսրութիւնը ներկայացնելով Ողիմպիականին: Օսմանեան պետութիւնը գումար չյատկացուց եւ երթեւիկի հետ կապուած ամբողջ ծախսը հայկական համայնքը իր վրայ վերցուց:

Շ. Քրիսեանը այդ ատեն ըսած է, որ տակաւին Թուրքիոյ ոչ մէկ ներկայացուցիչ մասնակցած է մարզական որեւէ ձեռնարկի: Թող մերինները Շուէտի մէջ վերջինը ըլլան: Կարեւորը այն է, որ մեծ ազգերու հետ ասպարէզ մտնեն հայերը, որոնք շուրջ 30 տարի Եւրոպայի մէջ յայտնի են որպէս հալածուած ազգ: Ժամանակն է, որ  արդէն հակառակը ըսեն, եւ որ քաղաքակիրթ աշխարհը իմանայ, ճանչնայ մեզ եւ մեր նուաճումները:

Սթոքհոլմի խաղերուն մասնակցած 28 երկիրներու 2541 մարզիկներու շարքին եղած են Թուրքիան ներկայացնող երկու մարզիկներ` Մկրտիչ Մկրեանը եւ Վահրամ Փափազեանը: Ողիմպիականի հետ հետաքրքրական իրողութիւն մը կայ, որ արձանագրուած է: 1909-ի Կիլիկիոյ մէջ թուրքերու կազմակերպած հայերու ջարդին պատճառով շուէտացիները մասնակցող երկիրներու դրօշակներու շարքին մէջ դիտումնաւոր չեն կախած օսմանեան դրօշը: Այս մասին անտեղեակ հայ մարզիկները բողոքած են ու կազմակերպիչները տեղադրած են Թուրքիոյ դրօշը: Արդարեւ, հայ մարզիկները այնուհետեւ զղջացած են իրենց ըրածին համար:

Արդարեւ, թրքական մամուլին մէջ յօդուածներ կը հրապարակուէին հայ մարզիկներու յաջողութեան մասին, ուր բացայայտ կ՛անհանգստանային թուրքերը, որ եթէ հայերը կը յաղթեն, կը նշանակէ անոնք ֆիզիքապէս ուժեղ են իրենցմէ:

Երիտթուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւնը բռնակալական Թուրքիոյ մշտապէս իրականացուող հայահալած գիծի անմիջական ու կատաղի շարունակութիւնն էր: Այդ քաղաքականութեան հիմքի մէջ դրուած էին այսպէս կոչուած շարժառիթ «պատճառներ», իւրատեսակ տնտեսական ու քաղաքական նկատառումներ: Թրքական բռնակալ-կառավարողները չէին հանդուրժեր, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հպատակ քրիստոնեայ ժողովուրդները, անոնց շարքին` նաեւ հայերը, կը հանդիսանային քաղաքակրթութեան, տնտեսական, մշակութային ու մարզական յառաջընթացի կրողները:

Հետեւաբար 1913-1914 երիտթրքական կառավարութիւնը մեկուսացուց հայ յաջող մարզիկները, փակեց հայկական ակումբները:

Խորաթափանց ու հեռատես, իր ժողովուրդի համար արշալոյսներ երազող մանկավարժն ու անոր համախոհ մտաւորական երիտասարդութիւնը, հակառակ այս համազգային նշանակութիւն ունեցող աշխատանքին, միաժամանակ ահ ու դողով կը զգային թրքական Գորշ գայլին մահասարսուռ ոտնաձանները:

Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ մէջ գործող հայ մարզիկները անբաժան չմնացին հայ ժողովուրդի գողգոթայէն: Ջարդարար թուրքը չխնայեց հայ մարզիկը, անոր, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Անոնք Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին համախմբօրէն դատուեցան եւ նահատակուեցան:

1915-1920 բազմաթիւ հայ մարզիկներ դարձան ցեղասպանութեան զոհեր, զոհ դարձաւ նաեւ «Մարմնամարզ»-ի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեան, որմէ ետք պարբերականը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:

Եղեռնի առաջին օրերուն երեւելի հայ մարզիկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, տարագրուեցան եւ անմարդկայնօրէն  չարչարուեցան թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն համար: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմեցին հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը եղան որպէս թրքավայել վարձատրութիւն` հանդէպ հայ մարզիկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ  Թուրքիոյ մարզական ոլորտի հիմնական սիւները:

Հայ մարզիկներուն ձերբակալութիւնները թուրք իշխանութեան կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր այնպէս, ինչպէս եղած էր հայ ժողովուրդի ընտրանիինը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդինը:

Նահատակ հայ մարզիկներու ամբողջական եւ ճշգրիտ վիճակագրութիւնները չունինք: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք հատ ու կենտ գրութիւններ, ինչպիսին է Թէոդիկի, Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանի, Յակոբ Սարգիսեանի, «Մարմնամարզ» հանդէսի, «Հայ սկաուտ» հանդէսի եւ կարգ մը այլ աղբիւրներ:

Վերոնշեալ անձերն ու հանդէսները եւ ուրիշներ, որպէս մասնակից եւ ականատես Հայոց ցեղասպանութեան ու մանաւանդ իբրեւ վերապրող, թուղթին յանձնած են  իրենց յուշերը, տեսածն ու լսածը` մարդակերպ գազան թուրքերու կատարած զազրելի ոճիրները եւ բարբարոսութիւնները: Մեծ դժուարութիւններով հաւաքած են նահատակ երեւելի անձնաւորութիւններու կենսագրութիւնները եւ` թուղթին յանձնած:

Մարզական շարժման մէջ ունեցանք հազարաւոր այլ մարզիկներ, որոնք զոհ գացին Եղեռնին, սակայն դժբախտաբար շատ վտիտ են մեզի հասած անոնց կենսագրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները:

Այժմ կը ներկայացնենք նահատակ մարզիկներուն ցանկերը եւ կենսագրութիւնները` համաձայն մեր ուսումնասիրութեան:

22815_shavarsh– ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ.- Ծնած է 22 յուլիս 1886-ին, Պոլսոյ Պէշիկթաշ արուարձանին մէջ: Յաջորդաբար յաճախած է Մաքրուհեան, Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն, Պէրպէրեան եւ Ռոպերթ քոլեճ հաստատութիւնները: 1906-ին կ՛անցնի Փարիզ եւ կը յաճախէ «Լիսէ Ժանսոն» մարմնամարզական վարժարանը` ուսուցիչ ունենալով Տեպոնէ փրոֆեսէօրը: Հազիւ վեց ամիս հետեւած դասընթացքներուն` կ՛անցնի Լոնտոն: Այս տեղափոխման մէջ կրնայ իր դերը ունեցած ըլլալ Ռոպերթ քոլեճի իր ամերիկեան կրթութիւնը: Լոնտոնի մէջ կը մնայ երկուքուկէս տարի. կ՛աշակերտէ Սանտոմի եւ վկայուելով 1909-ին` կը վերադառնայ Պոլիս: Քրիսեան Եւրոպայէն Պոլիս կը վերադառնայ բարձր կորովով եւ նոր գաղափարներով: Կ՛ուզէ նախաձեռնել մարմնակրթութեան կազմակերպման ու տարածման գործին: Կը նուիրուի գլխաւորաբար ուսուցչական ասպարէզի` դասաւանդելով մարմնամարզութիւն:

1911-ին կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»-ի հրատարակութեան: Յ. Ճ. Սիրունի (Ճոլոլեան), ոչ մարզիկ մը, սակայն` մարզական շարժման քաջալեր հանդիսացած մտաւորական մը, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինք թելադրած է Քրիսեանի` լոյս ընծայել նման հրատարակութիւն մը: Մեր ուսումնասիրութենէն կ՛ենթադրենք, որ «Նոր Դպրոցի» հիմնադիր եւ տնօրէն Յովհաննէս Թ. Հինդլեանն ալ մաս ունեցած ըլլայ այս թերթին հիմնադրութեան մէջ, որուն իր գործօն աշխատակցութիւնը չզլացաւ` ըլլա՛յ ինքնագիր յօդուածներով, ըլլա՛յ թարգմանութիւններով:

1914-ի սկիզբը Քրիսեան թիֆոյի երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով չի կրնար լոյս ընծայել իր թերթը: Չորս ամսուան ակամայ դադարէ ետք Դ. տարուան Ա. թիւը լոյս կը տեսնէ 1914-ի մայիսին: Բ. թիւէն ետք կը դադրի (յունիս):

1912-ի ապրիլին, Բ. Ողիմպիականի նախօրեակին, Քրիսեան խմբագրական ակնարկին մէջ կը գրէ. «Հայ Ողիմպիականը ո՛չ հայ աղքատին, ո՛չ հայ մտաւորականին եւ ո՛չ ալ հայ տգէտին համար է, այլ` ՀԱՆՈՒՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ: …Գաղափարական բոլոր դրօշներու տակ ապրողներ թող գան տարւոյն մէջ օր մը միանալ գեղեցիկ գաղափարի մը դրօշին տակ, ու ողջագուրուիլ` սիրտերնին միեւնոյն զգացումներով բաբախուն»:

1911 յուլիսին կ՛առաջարկէ, որ կազմուի Պոլսոյ համար ֆութպոլի հայկական լիկ մը, որովհետեւ 1911 փետրուարին եթէ հազիւ երկու-երեք ֆութպոլի խումբեր կային, անոնց թիւը 18-ի բարձրացած է եւ հետզհետէ բարձրանալու նշաններ կան: 1914-ի սկիզբը վեց ակումբներու մասնակցութեամբ կը կազմուի ֆութպոլի հայկական լիկ մը: Եղածը զինք կը խանդավառէ, սակայն չի գոհացներ: Իր իտէալը կը մնայ Պոլսոյ հայ մարմնամարզականը:

Քրիսեան Պոլսոյ մէջ ամէն տեղ է: Մարմնակրթանքի ուսուցիչ զանազան դպրոցներու մէջ, նոր ակումբներու ջանադիր` զանազան արուարձաններու մէջ, դասընթացքներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպող ու նախաձեռնող` զանազան սրահներու մէջ: Հայուհիներ հետեւելով իր մարմնամարզական դասընթացքին` Ուսումնական խորհուրդէն կը ստանան համապատասխան վկայական:

«Մարմնամարզ»-ի մէջ խմբագրականներով եւ առանձին յօդուածներով կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը ներմուծելու կամ ընդգրկելու մարմնակրթանքը դպրոցական ուսումնական ծրագիրին մէջ:

Սկաուտական շարժումը հայ կեանքի մէջ տարածելու հեռանկարով «Մարմնամարզ»-ի մէջ լոյս կ՛ընծայէ ծրագիր-կանոնագիր մը «Պոյ-սկաուտը եւ իր կեանքին նպատակը – Հայ պոյ սկաուտներ» խորագիրով, զոր ապա գրքոյկի կը վերածէ:

1912-ի ամրան սկիզբը, օգտուելով իր ամառնային արձակուրդէն, կը մեկնի Եգիպտոս: Հասած օրն իսկ ներկայ կ՛ըլլայ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան երկրորդական վարժարանի աշակերտութեան մարմնամարզական հանդէսին: Կը հրճուի իր սիրտը` ի տես պարզուած տեսարանին եւ իրագործումներուն:

Աղեքսանդրիա գտնուած շրջանին հետամուտ կ՛ըլլայ կազմելու մարմնամարզական ակումբ մը: Յատուկ կոչով մը տեղւոյն երիտասարդութիւնը խորհրդակցական նիստի մը կը հրաւիրուի: Քրիսեան իր կարգին քաջալերական ելոյթ մը կ՛ունենայ հոն, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, շուրջ 40 հոգի, իբրեւ գործօն անդամ, կ՛արձանագրուի տեղւոյն վրայ կազմուած «Կամք» մարմնամարզական ակումբին:

Քրիսեանի մեծագոյն նպատակն էր յառաջացնել հայ մարմնամարզական միութիւն մը, որ համախմբէր Պոլսոյ եւ գաւառի մարզական բոլոր ակումբները: Թէեւ այս առնչութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն չ՛իրականանար:

Պէտք է նշել, որ 1910-ին Քրիսեան միայն 25 տարեկան էր: Արդարեւ, երբ ակնարկ մը նետենք նուազ քան հինգ տարիներու ընթացքին Քրիսեանի կատարած նուաճումներուն վրայ, հոն պիտի տեսնենք. հայկական ողիմպիական առաջին խաղերու կազմակերպիչ, ֆութպոլի հայկական ախոյեանութեան առաջին մրցաշարքի հիմնադիր, «Մարմնամարզ» թերթի խմբագիր, առաջինը, Հինդլեանի եւ Յակոբեանի հետ, հայկական սկաուտական շարժումի նախաձեռնող, «Մարմնամարզ»-ի մէջ հայ սկաուտական կանոնները գրող, իգական սեռը քաջալերող, որպէսզի անոնք աթլեթիզմ կիրարկեն, Աղեքսանդրիոյ «Կամք» մարմնամարզական շարժումի ստեղծման մղիչ ուժ:

Վերոնշեալ պատճառներուն եւ շատ աւելիին համար Շաւարշ Քրիսեան կը նկատուի ՀՄԸՄ-ի տեսլականի ռահվիրան: Տպաւորիչ է այն, որ Քրիսեան շատ արագ բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրած է իր երիտասարդ տարիքին` 24-29:

24 ապրիլ 1915-ի չարաշուք գիշերուան ընթացքին առաջին ձերբակալուածներուն մէջ է: Շաւարշ Քրիսեան Պոլսոյ Կեդրոնական բանտը մտաւորական դաշնակցականներու խմբակին մէջ է Արամ Անտոնեանի, Էտկար Ակնունիի (Խաչատուր Մալեան), Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան), Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլոց կողքին:

200-է աւելի մտաւորականներու խումբը Հայտար փաշայի կայանէն շոգեկառքով ճամբայ կ՛ելլէ: Շոգեկառքը կ՛անցնի Նիկոմիդիա, Պիլեճիկ, Էսկիշեհիր քաղաքները եւ Էնկիւրիէն (Անգարա) երկու կայան առաջ կանգ կ՛առնէ: Հոսկէ կը բաժնուին Այաշի աքսորավայրը ուղարկուելիք անձերը, որոնց մէջ է Շաւարշ Քրիսեան: Կառքերով կը տարուին Այաշ, ուր կը հասնին ապրիլ 27-ի երեկոյեան մօտ: Կը բանտարկուին զօրանոցին մէջ: Այաշի բանտարկեալներէն ոմանք պատերուն վրայ ձգած են արձանագրութիւններ: Քրիսեան գրած է հետեւեալը. «Շաւարշ Քրիսեան, ապրիլ 14, 1914»: 14 ապրիլը հին տոմարով է: Նոր տոմարով կ՛ըլլայ ապրիլ 27: Արձանագրած է Այաշ հասնելու թուականը:

Այաշի բանտի եւ Շաւարշ Քրիսեանի մասին յատկապէս որոշ տեղեկութիւններ մեզի հասած են բժիշկ Անդրանիկ Նագգաշեանէն: Բժիշկը կը գրէ. «Ամէն առաւօտ մարմնամարզի դասընթացք մըն ալ ունէինք:

«Շաւարշ Քրիսեան, այդ կտրիճ եւ վառվռուն տղան, կը կառավարէր մեզ: Երեք կարգի վրայ կը շարուէինք եւ մէ՜կ, երկո՜ւ, երե՜ք… շարժումները կ՛ընէինք:

«Շաւարշ Քրիսեան կը յանդիմանէր սխալ շարժումներ ընողները, որոնցմէ ամէնէն երեւելին Շահրիկեանն էր:

«Շահրիկեա՜ն», կը պոռար անդիէն մարմնամարզի դասատուն, եւ կարող իրաւագէտը, յանցանքի մէջ բռնուած տղու մը պէս, անմիջապէս ոտքերն ուղղելու կ՛աշխատէր»:

1915-ի օգոստոսի կիսուն Այաշի աքսորականներէն մաս մը կը փոխադրուի Էնկիւրիի (Անգարա) բանտը: Կ՛ենթադրուի, որ այդ  խմբակին մէջ ըլլայ նաեւ Շաւարշ Քրիսեան: Խմբակը կը միացնեն էնկիւրիցի հայերու կարաւանի մը եւ քաղաքէն 4-5 ժամ հեռու գտնուող ձորի մը մէջ կը սպաննեն բոլորն ալ:

Քրիսեան բացառութիւն մըն էր եւ կարելի չէ կրկնօրինակել զայն, բայց ան հազիւ 20 տարիքը թեւակոխած` ատակ եղած է հայ կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ ներմուծելու, անոր նահատակութեամբ ոչ թէ հայ ժողովուրդը, այլ համայն մարդկութիւնը մեծ կորուստ ունեցաւ:

22815_haig– ՀԱՅԿ ՃՈԼՈԼԵԱՆ.- ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն Յ. Ճ. Սիրունիի եւ նշանաւոր մարմնամշակ-լուսանկարիչ Գրիգոր Ճոլոլեանի (Արաքս) կրտսեր եղբայրը:

Հայկ ծնած է 1893-ին: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Էսայեան», «Կեդրոնական» եւ «Արդի» վարժարաններուն մէջ:

Ան փոքր տարիքէն նուիրուած է մարզական կեանքին: Մասնաւորաբար հետեւած է ֆութպոլի եւ դաշտային խաղերու: Եղած է «Արաքս» եւ «Տորք» մարզական միութեանց սիւներէն մէկը: Մասնակցած է պատերազմէն առաջ տեղի ունեցած հայկական ողիմպիական խաղերուն, ուր եղած է ֆութպոլի աստղերէն:

Հայկ մեկնած է Կարին` խճուղիներու շինութեամբ զբաղող ֆրանսական ընկերութեան մէջ իբրեւ երկրաչափի օգնական:

Զօրակոչի սկիզբը զինուորագրուելով իբրեւ երկրաչափի օգնական` թրքական բանակին մէջ ծառայած է նախ Կարին, ապա Սեբաստիա:

Հայկ Ճոլոլեան 1700 հայ զինուորներու հետ միասին զոհ գնաց Սեբաստիոյ մէջ, Շար Գըշլայի կոտորածին, թրքական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուորականութեան սպանդի ժամանակ:

22815_yervant– ՄԵԼՔՈՆ.- Մասնակցած է Մուշ-Սասուն շրջանի ինքնապաշտպանութեան եւ Թարգմանչաց վանքի կռիւին, այդ օրերուն պատանի հերոս Մելքոն իր քաջարի կեցուածքով կրցած էր դրսեւորել անձնազոհութեան ճշմարիտ արժէքը: Սկաուտ Մելքոն իբրեւ սուրհանդակ երբ կը գործէր, սահմանին վրայ կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի Մուշի մէջ: Երբ Մելքոն  նահատակուեցաւ ընդհամէնը, 15 տարեկան էր:

– ԵՐՈՒԱՆԴ ՆՇԱՆԵԱՆ.- Հիմնադիր Մագրի գիւղի «Սասուն» մարմնամարզական միութեան: Իր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ «Սասուն» միութիւնը 1914-ի Պոլսոյ միջազգային լիկի մէջ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած էր:

Նահատակուած է նոյնպէս Մեծ եղեռնի օրերուն:

22815_kalousd– ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՐԽԱՆԵԱՆ(*).- Ետի Գուլէի որբանոցի սաներէն, խոնարհ նկարագիրի եւ խոնարհ ծագումի տէր երիտասարդ մը: Ան լաւ ֆութպոլիստ էր, լուռ գործունէութեամբ մարզիկ, չէր ուզեր ուրիշներէ փոխ առնուած յոյսերով ապրիլ:

Գործէն ետք Գում-Գաբուի եւ Ենի-Գաբուի աղքատ երիտասարդութիւնը կը համախմբէր եւ անոնց ֆութպոլ կը սորվեցնէր, կը քաջալերէր զանոնք` գնդակներ հայթայթելով: Վերջապէս, կարելին կ՛ընէր իր ազդեցութեան տակ հաւաքելու կարելի եղածին չափ շատ թիւով երիտասարդներ, մարզանքի մաքուր ուգին եւ խաղերու մէջ իրարու հանդէպ ազնիւ գտնուելու բնութիւնը արմատացնելու համար:

Արխանեան քաջ գիտակցելով, որ ազգի մը զօրութիւնը իր երիտասարդութեան մէջ կը կայանայ, ուստի իր կարելին կ՛ընէր, որ իր ազգին ծառայէր:

Գալուստ աղքատ երիտասարդներէ կազմած էր ֆութպոլի «Որբանոց» եւ «Արծիւ» խումբերը:

Գալուստ Արխանեան հետագային քոլեճական Վահրամ Փափազեանին հետ կազմած էր Վոսփորի «Արտաւազդ» մարմնամարզական ակումբի «Կետիկ փաշա»-ի մասնաճիւղը:

1914-ին, պատերազմի հռչակումէն ետք, երբ հայութեան ճակատագրին խոր եւ արիւնոտ փոսերը անմեղներու դիակները կը լեցնէին, թուրք ճիրաններէն չէր խուսափեր բնականաբար մարզիկ կամ որբն ալ: Արդարեւ, Գալուստ Արխանեան ալ իր ժողովուրդին ճակատագրին հետեւելով` կը ղրկուի Սուրիոյ Տէր Զօրի անապատները, անոր հետ էր նաեւ այլ հայ որբ փոքրիկ մը` Ազնիւ Գալուստը, որ շատ լաւ գիտէր` ի՛նչ ըսել է անտէր անտիրական որբ մը ըլլալ, ուստի տարագրութեան մէջ ամէն տանջանք ու տառապանք աչք առած, հակառակ անոր որ ինք արդէն ուտելու չոր հաց չունէր, ամէն միջոցի դիմելով, պատառ մը հաց կը ճարէր այդ փոքրիկին համար: Բայց ափսո՜ս, դժբախտաբար Տէր Զօրի մէջ Գալուստն ալ մարդանման գազաններու` թուրքերու կեր դարձաւ եւ նահատակուեցաւ:

– ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՐԵԱՆ (Օվիկ).- Պոլսոյ «Ռոպերթ» քոլեճի ուսանողներէն էր: Ան լաւագոյն աթլէթ եւ ֆութպոլիստ էր: Ա. Համաշխարհային պատերազմին զոհ գնաց Թիֆլիսի մէջ:

– ՎԱՐԴԵՎԱՌ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ.- Բնիկ հաճընցի: Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճի բարձրագոյն կարգի ուսանողներէն եւ նոյն ուսումնարանի մարզական ոգին: Հայ մարմնակրթական աշխարհին մէջ կարեւոր դերակատար:

Վարդեվառ, աքսորուելով. նահատակուած է Տէր Զօրի մէջ:

(Շար. 2)

 

(*) Չշփոթել հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման առաջին առիւծասիրտ նուիրեալներէն Գալուստ Արխանեանի (1860-1905, Մնձուրի Առիւծ) հետ:
Նախորդը

«Ականատեսը». Ապրում Էին Կարսում, Ինչպէս Դրախտում

Յաջորդը

«Սերժ Սարգսեան Փրոթոգոլները Չջնջեց, Պարզապէս Ետ Քաշեց»

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?