ԵՍԹԵՐ ԿԻՒԼՏԱՐԵԱՆ
9, 10 եւ 11 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին «Դող` սիրտը գող» երեք ներկայացումները: Թատրոնին բեմադրիչն էր Յակոբ Տէր Ղուկասեան, իսկ օգնական բեմադրիչ` Փաթիլ Գուլաճեան:
Հանդիսատեսին հրամցուած այս կատակերգութիւնը իր աշխուժ ընթացքով եւ զաւեշտական կացութիւններով ներկաներուն պարգեւեց հաճելի երեկոյ մը` միաժամանակ առիթ տալով անդրադառնալու ընտանեկան յարաբերութիւններու կարգ մը երեսներուն:
Բեմին վրայ Ժան Պէքէրճեան մարմնաւորեց գողի դերը, Սարին Պագգալեան` Մարիայի, Վարդան Ազնաւուրեան` Մարդուն, Անի Պարիկեան` Ժուլիային, Դալար Արսլանեան` Աննային, Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան` Անթոնիոյի, իսկ Մելիք Պետրոսեան` երկրորդ գողի: Դերակատարները իրենց խաղարկութեամբ կեանք տուին պատմութեան հերոսներուն` բեմին վրայ կենդանացնելով անոնց բնաւորութիւններն ու ապրումները:
Թատրոնը արուեստի այն ձեւերէն է, որ կրնայ ծիծաղի միջոցով բացայայտել իրականութեան երբեմն տհաճ, երբեմն ալ հակասական կողմերը: Կատակերգութիւնը, առաջին հայեացքով, ժամանցի եւ ուրախութեան միջոց մը կը թուի ըլլալ, սակայն անոր ուժը միայն հանդիսատեսը խնդացնելուն մէջ չէ: Երբ զաւեշտական կացութիւններուն ետին կը գտնուին կեանքէն առնուած երեւոյթներ, մարդկային թուլութիւններ եւ ընկերային հակասութիւններ, ծիծաղը կը վերածուի նաեւ մտածելու առիթի:
Այս իմաստով, «Դող` սիրտը գող» ներկայացումը իր զուարթ ընթացքին ընդմէջէն կը բացայայտէր մարդկային յարաբերութիւններու խճճուածութիւնը եւ անոնց մէջ տեղ գտած հակասութիւնները:
Ներկայացման գործողութիւնները կը ծաւալէին բնակարանի մը մէջ, որուն սովորական պատերը շուտով կը դառնային անսպասելի բացայայտումներու, թիւրիմացութիւններու եւ զաւեշտական իրադարձութիւններու ականատեսը: Ընտանեկան յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած խառնաշփոթը հետզհետէ կը բարդացնէր կացութիւնը` հանդիսատեսը մղելով հետեւելու, թէ ո՞վ ի՛նչ կը թաքցնէ, ո՞վ որո՛ւ հետ ինչ կապ ունի եւ ո՛ր գաղտնիքը երբ պիտի բացայայտուի:
Դռներու շարունակական բացուիլն ու գոցուիլը, կերպարներուն անակնկալ մուտքերն ու ելքերը, իրարու յաջորդող սուտերն ու անսպասելի բացայայտումները ներկայացման ընթացքը կը պահէին շարժուն եւ հետաքրքրական: Երբ կը թուէր, թէ կացութիւնը վերջապէս կը յստականայ, նոր հանգոյց մը կը յայտնուէր` անգամ մը եւս խախտելով կերպարներուն ստեղծած ժամանակաւոր անդորրը:
Բեմին վրայ ստեղծուած խառնաշփոթը նաեւ կը ցուցադրէր, թէ ինչպէ՛ս գաղտնիք մը թաքցնելու փորձը կրնայ նոր սուտերու եւ աւելի բարդ կացութիւններու դուռ բանալ: Երբ ճշմարտութիւնը կը ծածկուի, նոյնիսկ ամէնէն պարզ հարցերը կրնան վերածուիլ բարդ խնդիրներու, իսկ մարդիկ կը ստիպուին նորանոր արդարացումներ գտնել իրենց ըսածներուն եւ ըրածներուն համար:
«Դող` սիրտը գող» ներկայացման հիմնական հետաքրքրական կողմերէն մէկը այն էր, որ ընտանեկան անհաւատարմութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու անկեղծութեան պակասի նման նիւթեր կը ներկայացուէին կատակերգութեան լեզուով: Բեմին վրայ ստեղծուած կացութիւնները կրնային զաւեշտական ըլլալ, սակայն անոնց հիմքին կը գտնուէին երեւոյթներ, որոնք իրական կեանքին մէջ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Ներկայացման մէջ սուտերն ու թաքցուած իրողութիւնները յաճախ կը փորձուէին արդարացնել սովորական դարձած բացատրութիւններով: Երբեմն սխալը կը ներկայացուի իբրեւ թիւրիմացութիւն, երբեմն ալ պատասխանատուութենէն խուսափելու համար կը փնտռուին պատճառաբանութիւններ, որոնք կը փորձեն մեղմացնել կատարուածին լրջութիւնը:
Ի վերջոյ, կատակերգութեան մէջ ծիծաղելի թուացող արարքը կրնայ իրական կեանքին մէջ բոլորովին այլ հետեւանքներ ունենալ: Բեմը հնարաւորութիւն կու տայ երեւոյթները դիտելու որոշ հեռաւորութենէ, սակայն միաժամանակ կը յիշեցնէ, որ մեր կատակներուն եւ առօրեայ արդարացումներուն ետին երբեմն կը թաքնուին լուրջ մարդկային խնդիրներ:
Այս առումով, ներկայացումը միայն զաւեշտական պատմութիւն մը չէր, այլ նաեւ առիթ մը` մտածելու անկեղծութեան, հաւատարմութեան եւ այն արժէքներուն մասին, որոնցմով կը կառուցուին առողջ մարդկային յարաբերութիւնները:
Հայ թատրոնը միայն բեմ բարձրացող դերասաններուն արուեստը չէ, ան նաեւ հանդիպման վայր մըն է, ուր կը միաւորուին` լեզուն, գրականութիւնը, ստեղծագործական միտքը եւ համայնքային յիշողութիւնը:
«Դող` սիրտը գող» ներկայացումը հանդիսատեսին պարգեւեց զուարթ պահեր եւ հաճելի ժամանց` միաժամանակ բացայայտելով մարդկային յարաբերութիւններու այն հակասութիւնները, որոնք յաճախ կը դրսեւորուին ընտանեկան կեանքին մէջ: Բեմին վրայ ստեղծուած խառնաշփոթը, իրարու յաջորդող անակնկալները եւ կերպարներուն զաւեշտական արձագանգները հանդիսատեսը կը պահէին հետաքրքրութեան մէջ:
Երեկոյի աւարտին հանդիսատեսը սրահէն հեռացաւ ժպիտով` իրեն հետ տանելով հաճելի թատերական փորձառութեան մը տպաւորութիւնը, նաեւ` ընկերային-ընտանեկան կեանքին մասին մտորումներ, հարցականներ եւ խորհրդածութիւններ:



