Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Ընդդիմութիւն Ըսելով` Իրենք Ո՞վ Նկատի Ունին»

Փետրուար 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_aghvanՀՅԴ-ի երկու տարբերակները` ընդդիմութեան եւ կառավարման ճգնաժամէն դուրս գալու համար ընդդիմութիւնը ճգնաժամի մէջ է, ընդդիմութիւնը հիւանդ է, ընդդիմութիւնը կը կաղայ նոյնիսկ երեք ոտքէն, ընդդիմութիւն չկայ, ընդդիմութիւնը պէտք է հեռանայ. արդէն երկու օր է Հայաստանի մէջ  կառավարման ճգնաժամի մասին յայտարարութեան քննարկումները Ազգային ժողովին մէջ վերածուած են ընդդիմութեան դատավարութեան քննարկման, գրած է «Առաւօտ» թերթը, որ հարցազրոյց մը ունեցած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի հետ: Հարցումին, թէ համաձա՞յն է այն քննադատութիւններուն, որ ընդդիմութիւնը ճգնաժամի մէջ է, խնդիրներ ունի, Վարդանեան չէ հերքած, որ խնդիրներ կան, բայց ճշդում մը ըրած է. «Գիտէք, խորհրդարանին մէջ ես իմ տեղէս երէկ քանի մը անգամ զգուշացուցի խօսք առնողներուն, որ նախ ճշդեն` ընդդիմութիւն ըսելով իրենք ի՞նչ նկատի ունին, ո՞վ նկատի ունին: Դաշնակցութեան պարագային մենք ընդդիմութիւն ենք եւ մեր տեսակէտները յստակ են, առանց ոեւէ մէկէն քաշուելու, կը ներկայացնենք: Այն, որ երկրին մէջ խնդիրները չեն լուծուիր, ակնյայտ է: Այն, որ մենք կրցանք նաեւ մեր յամառ ջանքերով, խուսափիլ անկանխատեսելի զարգացումներէ, լաւ է: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ այլեւս հարցեր գոյութիւն չունին: Բոլոր խնդիրները այսօր օրակարգի վրայ են, եւ բնակչութեան համատարած դժգոհութեան, անվստահութեան, ընկերային, տնտեսական, արդիւնաւէտ կառավարման խնդիրները բոլորը այսօր օրակարգի վրայ են, եւ շատ կարեւոր է, թէ  հետեւութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ»:

Աղուան Վարդանեան աւելցուցած է. « Երկու  տարբերակ կայ: Մէկ տարբերակը այն է, որ իշխանութիւնը շատ հանգիստ է, ոչ մէկ խնդիր  ունի, այն ուժը կամ ուժերու միաւորումը, որ  պատրաստ էր առճակատման երթալու եւ փոխադարձ առճակատման, հիմա այլեւս նահանջած է, ուրեմն իր ձեռքերը ազատ են, ուրեմն ինք ինչ կ՛ուզէ` կրնայ ընել: Ասիկա ընդհակառակն` երկիրը կը տանի աւելի խոր ճգնաժամի: Երկրորդ տարբերակը այն է, որ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յայտնի ելոյթին մէջ, որուն 80 առ հարիւրը յատկացուած էր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ անոր  ղեկավար Ծառուկեանին, եթէ մենք այդ մասը հանենք եւ կարդանք ինչ որ կայ, ուրեմն իսկապէս կը դրուին հիմնարար խնդիրներ, արմատական բարեփոխումներ կատարելու, երկիրը այս վիճակէն հանելու համար: Ասիկա պիտի դառնայ գործունէութեան առանցքային ելք` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան համար: Մենք պիտի պահանջենք շեշտը դնել այդ խնդիրներուն վրայ: Կը յաջողինք ատիկա ընել` ուրեմն փառք ու պատիւ բոլորիս»:

Աղուան Վարդանեան վստահեցուցած է, որ ՀՅԴ-ի պարագային ճգնաժամ իսկապէս գոյութիւն չունի. «Ընդհակառակն` մենք այսօր շատ աշխուժ  կ՛աշխատինք իրարու հետ ոչ միայն ՀՅԴ-ի մէջ, այլ նաեւ խորհրդարանին մէջ, մեր կուսակցութեան մէջ եւ կուսակցութենէն դուրս»:

Ինչո՞ւ Համար Է Այս Շտապողականութիւնը

Ազգային ժողովի երեքշաբթի օրուան նիստին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան  առաջարկած է «Շահութահարկի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը ընդունիլ 48 ժամուան ընթացքին: Այս ձեւով հարցը քննարկելուն դէմ էին Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն եւ Հայ ազգային քոնկրեսը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Չանդրադառնամ նախագիծին  բովանդակութեան, որուն վերաբերեալ մենք ներկայացուցած ենք մեր առաջարկները, բայց այդ 48 ժամը ինչո՞ւ համար է: Կը պատրաստուիք 50 երկիլիոն արտահանել, եւ եթէ 48 ժամուան մէջ չընդունինք, կ՛ուշանանք, հա՞: Հանգիստ, բնականոն ձգեցէք քննարկենք, յառաջանանք, ինչո՞ւ համար է այս շտապողականութիւնը: Եթէ մէկը կը շտապէ, ըսէք` գիտնանք: Եթէ ամիս մը ետք այս օրէնքը ընդունուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ»:

Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է. «Մենք աշխատանքի համար ունինք այսօր եւ վաղը, ատիկա կը նշանակէ, որ արագացուած կշռոյթ կը տրուի: Կ՛առաջարկեմ քննարկել հարցը: Արտակարգ նիստ հրաւիրենք: Ինչո՞ւ կը  մտցնէք այս լարուածութիւնը, աւելի՛ն, գործող օրէնքի նկատմամբ խնդիրներ կան»:

Գալուստ Սահակեան արձագանգած է. «Լարուածութիւն չկայ, պարզապէս կարծիքներ կան, իւրաքանչիւրը իր կարծիքը յառաջ կը տանի»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները 24 Ապրիլին Պիտի Այցելեն Ծիծեռնակաբերդ

Յաջորդը

Ակնարկ. Լիազօրուած Եւ Ֆինանսաւորուած Ցեղային Զտումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?