Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԻԽԱՅԻԼ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ

August 2, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Սահակաշվիլի

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով «Տը Պիզնըս Եիր» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճանի թշնամին նաեւ Վրաստանի թշնամին է:

«Երկու երկիրներն ալ լուրջ խնդիրներ ունին` կապուած անլոյծ տագնապներու հետ, եւ Ազրպէյճանի ու Վրաստանի իւրաքանչիւր ընդդիմախօս մեր երկու երկիրներուն թշնամին է: Մեր ուժը միասնականութեան մէջ է, եւ ատիկա միայն խօսք չէ, այլ` իրականութիւն», նշած է Սահակաշվիլի:

Վրաստանի նախագահին համաձայն, անոնք, որոնք կը ձգտին քակտել Ազրպէյճանի ու Վրաստանի միասնականութիւնը, դէմ են ռազմավարական երկկողմանի գործընկերութեամբ ամրապնդուած` երկու երկիրներու ազգային շահերուն:

«Վրաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նեցուկ կանգնին իրարու` հաշուի առնելով մեր աշխարհագրական դիրքն ու ընդհանուր պատմութիւնը: Մենք ընդհանուր հայեացքներ կը կիսենք, ամուր կապեր ունինք: Ես համոզուած եմ, որ շնորհիւ մեր միասնականութեան ու լաւ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ջանքերով արձանագրուած յաջողութիւններուն, մեր երկիրները պիտի կարենան լաւագոյն ապագան կերտել», ըսած է Սահակաշվիլի:

Խօսելով միացեալ նախագիծերու յաջող իրականացման մասին` Սահակաշվիլի յատուկ կերպով ընդգծած է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի կառուցման նշանակութիւնը: Ըստ անոր, այս նախագիծը կը վկայէ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոխակերպումին մասին:

«Ըստ էութեան, «Մետաքսի ճամբուն» ժամանակակից տարբերակը կը ստեղծուի», աւելցուցած է Վրաստանի նախագահը:

Նախորդը

«ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՈՐՈՇ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՐԹՈՒԱԾ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

Յաջորդը

ՄԱՆՈՅԵԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐԸ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.