Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՈՐՈՇ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՐԹՈՒԱԾ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

August 2, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Տը Պիզնես Եիր» պարբերաթերթի յատուկ թիւին մէջ  հրապարակուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստան եւ Ազրպէյճան յաջողած են շարք մը տարակարծութիւններ հարթել:

«Ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միջնորդութեամբ կը շարունակուին արդէն 17 տարիէ ի վեր: Անձամբ ես 2010-ի ընթացքին իմ ռուս գործընկերոջս` Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ քանի մը անգամ հանդիպած եմ հայ գործընկերոջս հետ: Բացի ատկէ, մենք մնայուն հանդիպումներու մէջ ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Այդպիսով, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յաջողած են հարթել որոշ տարակարծութիւններ», ըսած է Մամետեարով` աւելցնելով, որ «բայց եւ այնպէս, կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունին որոշ կարեւոր տարրեր, որոնք տակաւին համաձայնեցման կը սպասեն»:

Նշելէ ետք, որ Ազրպէյճան կը հաւատայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, Էլմար Մամետեարով ընդգծած է. «Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ խաղաղութիւնը կրնայ երկարատեւ ըլլալ, եթէ անիկա հիմնուի երկու համայնքներուն խաղաղ գոյակցութեան վրայ: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ մենք պատրաստ ենք երկու համայնքներուն մասնակցութեամբ ինքնավարութիւն տրամադրելու այդ շրջանին»:

 

Նախորդը

«ՔԱՆԻ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՍՊԱՌԱԾ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱԿԱՌԸ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՎԵՐՍԿՍԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՄԱՅԵԱԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յաջորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԻԽԱՅԻԼ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.