Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՆՈՅԵԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐԸ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ

August 2, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան

Անդրադառնալով ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ տարեվերջ յառաջընթաց ապահովելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան վերջին յայտարարութիւններուն` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ ատիկա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ 2012-2013 թուականներուն Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ մէջ ընտրական տարիներ են:

«Իրենց ակնկալիքը, որ մինչեւ տարեվերջ բան մը պիտի ըլլայ, հիմնաւորուած չէ: Գլխաւոր պատճառը Ազրպէյճանի կեցուածքն է, եւ ուրեմն` մինչեւ տարեվերջ մենք ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի ունենանք: Ազրպէյճանի կեցուածք ըսելով` Ղարաբաղի կարգավիճակը նաեւ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս տեսնելու հաւանականութիւնը ընդունելու մասին է…», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ 24 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի բանակցութիւններէն ետք, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ յղած է ուղերձ մը , որուն նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ պատասխանած էին: Ուղերձը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատասխանները առայժմ չեն հրապարակուիր:

Այդ առնչութեամբ Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ ինք եւս տեղեակ չէ ուղերձին եւ պատասխաններու բովանդակութենէն, սակայն աւելցուց. «Եթէ տեղ մը դրական բան ըլլար երկու պարագային` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու պատասխաններուն մէջ ալ, մենք արդէն որոշ ձեւով պիտի զգայինք ռուսական կողմին արձագանգով, բայց ռուսական կողմէն ալ այսպիսի արձագանգ չկայ: Ոչ, տեղեակ չեմ Մետվետեւի ուղերձէն, բայց կը թուի, որ երկու կողմերուն պատասխաններն ալ դրական չեն եղած»:

Կիրօ Մանոյեան սխալ որակեց ղարաբաղեան բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի այժմու իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը. կը խօսուի տարածքներուն վերադարձին մասին, երբ ազրպէյճանական կողմը զիջումներու մասին լուռ կը մնայ:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, բանակցութիւններուն այս մարտավարութիւնը սխալ է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ: Ան նշեց, որ ատիկա հաւանաբար կու գայ անկէ, որ առնուազն սկիզբը Հայաստանի նախագահը օրինականութեան հարց ունէր դուրսը եւ այդ հարցը այս ընթացքին կարծես լուծած է:

Կիրօ Մանոյեան համոզում յայտնեց, որ մինչեւ Ղարաբաղի հարցը չլուծուի, հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուին:

«Անհրաժեշտ է հայ-թրքական արձանագրութիւններէն յետս կոչել Հայաստանի ստորագրութիւնը: Յապաղիլը կը նպաստէ Թուրքիոյ շահերուն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Նախորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԻԽԱՅԻԼ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.