ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր կարծիքը պիտի տաք աշխատանքային հարցերու մասին: Նոր կարգադրութիւններ պիտի կատարէք այդ կապակցութեամբ: Ապրի՛ք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շրջանակէն դուրս ելլելու եւ աւելի լուսաւոր վայրեր տեսնելու ձեր փափաքը կ՛աճի: Կարիքը ունիք նոր հորիզոններ տեսնելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բախտին աստղերը այսօր ձեզի պիտի շնորհեն աւելի ջերմութիւն, ազատութիւն եւ հանգստութիւն: Երանի՜ ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յանձինս ձեր մէկ գործակիցին հիանալի օգնական մը պիտի ունենաք: Երկուքով պիտի կարենաք լաւագոյն ձեւով իրագործել ծրագիրները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի կանոնաւոր կշռոյթի մը հետեւելով` պիտի յաջողիք կատարել օրուան աշխատանքները լաւագոյն ձեւով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ տուէք, որ ձեր վիպային կեանքը տիրէ ձեր վրայ: Կարիքը ունիք զգացական փոփոխութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակի ընթացքին պիտի փոխուի ձեր կեանքը դրական ընթացքով: Ասիկա լաւ արդիւնք մը պիտի տայ, որ հաշուի կ՛առնուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դիւանագէտ եղէք եւ արտայայտեցէք ձեր տեսակէտը` առանց նկատի առնելու որեւէ բան: Այս ձեւը լաւագոյն ընտրանքն է, ուրեմն գործադրեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը յարմար է ձեր բոլոր մտադրածները իրագործելու: Գործնական եղէք, ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր հմայքը պիտի ազդէ ձեր շուրջիններուն վրայ` զօրաւոր սիրոյ նման: Օրուան ընթացքին պիտի կարենաք իրագործել ձեր փափաքները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արգելքները բնաւ ձեզ պիտի չխրտչեցնեն: Ապրի՛ք, ինքնավստահ ըլլալը արդէն զօրութիւն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք հանդարտութեան մէջ նեղել տօնական օր մը: Այս պարագային պիտի կարենաք ձեր բոլոր կարողութիւնները արտայայտել: