Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոհեր` Սիրոյ Տօնին Առիթով. Ազնուահոգի Տղու Մը Սիրոյ Հեքիաթը (Եղիկ Գայայեանին)

Փետրուար 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

21415_Yeghig-KayayanԽճողուած գրադարանիս դարաններէն մէկուն վրայ մնայուն ներկայութիւն է թղթածրար մը, քիչ մը հաստափոր, տժգունած էջերու դէզով, որուն վրայ գրուած է «Եղիկ Գայայեանի ձեռագիրներ»:

Մեր այս հրաշալի տղուն կողմէ մեզի մնացած իր ամէնէն թանկագին ժառանգն է ատիկա, անշուշտ, իր լուսանկարներուն եւ գեղեցիկ ու անմոռանալի յիշատակներուն առընթեր:

Յիշատակնե՜ր:

Գերազանցապէս ընկերական ու մարդկային անեղծ ապրումներով յագեցած, որոնք իրենց բնոյթով, ազդեցութեամբ եւ հնչեղութեամբ կը մնան եզակի ու անկրկնելի, պարզապէս որովհետեւ անոնք կը կրեն եղիկեան ներաշխարհին դրոշմն ու աղուորութիւնը:

Վստահաբար, վերոնշեալ տողերուն իրաւութիւնը ցարդ կ՛ապրին  բոլոր անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած են Եղիկը եւ կամ բարեկամութիւն հաստատած են Արագած թաղամասի այս բարեսիրտ տղուն հետ:

Եղիկին թղթածրարը վերջին անգամ մեր սեղանին էր, երբ անոր նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած գրքոյկ մը կը պատրաստուէր: Հոնկէ դուրս բերուած էր «Աչքերդ» խորագիրով գողտրիկ գրութիւն մը, զոր մեր այս ազնուահոգի տղան նուիրած էր իր սիրահարին` Ծովինարին:

Իրօք, քնարական շունչով եւ յուզախառն պատկերներով լիացած բանաստեղծական տողեր են անոնք, թէեւ անպաճոյճ եւ պարզ բառերով արտայայտուած, այդուամենայնիւ, անկեղծ սիրոյ ու հարազատ ապրումներու շտեմարան մըն է անիկա, եւ ձեւով մը կը խտացնէ եղիկեան ներաշխարհի հեզահամբոյր սիրոյ գրգիռները:

Սակայն, ի՛նչն էր, որ այս անգամ մեզ կը մղէր լոյսին բերելու մեր տղուն սիրոյ ապրումներուն եւ տուայտանքներուն էութիւնը, երբ արդէն սերունդ մը ամբողջ մօտէն ճանչցած է Եղիկի գաղափարական թէ ազգային ըմբռնումներուն եւ գործունէութեան իսկական պատկերը:

Հարցադրումին հիմնական դրդապատճառը նոյնինքն Եղիկին գրի առած մտորումներն են, որոնք կը վերաբերին իր սիրոյ կեանքին եւ ապրած հոգեվիճակներուն:

Իսկ մեր ուշադրութենէն չվրիպեցաւ անոր այլատեսակ խոհերու եւ ապրումներու ամբողջ խորապատկերը, երբ կրկին անգամ աչքէ կ՛անցընէինք անոր ձեռագիրները, ամիսներ առաջ, իր նահատակութեան 25-ամեակին առիթով` գրութիւն մը պատրաստելու եւ վերյիշելու մեր սքանչելի ընկերոջ կենդանագիրը:

Եւ էջ առ էջ, այդ ձեռագիր տողերու ընթերցումով աւելի կը յստականար Եղիկին բարի եւ ազնուական հոգիի պատկերը, հակառակ անոր որ քաջատեղեակ էինք անոր ազգային ու մարդկային կազմաւորումին եւ խորունկ զգացողութեան:

Բոլորիս ծանօթ Եղիկ կը յատկանշուէր իր ծայրայեղ նկարագրային յատկութեամբ: Ան կատարելապաշտ ու անզիջող էր, չէր սիրեր որեւէ թերացում եւ կամ անտարբերութիւն: Յաճախ վէճի մէջ կ՛ըլլար իր շրջապատին հետ, երբ տեսնէր թոյլ  կամ մեղկ վերաբերումներ ընկերական թէ այլ բնագաւառներու մէջ: Ան համարձակ ու կորովի տղայ ըլլալով` հարցերուն դէմ յանդիման կանգնելէ չէր խուսափեր երբեք. ատիկա ըլլայ իր անհատական թէ կուսակցական կեանքի բոլոր պարտականութիւններուն ընթացքին անխտիր:

Եղիկ Գայայեանի ներաշխարհը մօտէն ճանչցած ընկերներ (անշուշտ քիչեր) կը վկայեն, որ ան ունէր հրեշտակային բարութիւն, ազնիւ հոգի եւ մարդկային վեհանձնութիւն, երբ հարցը կը վերաբերէր մարդկային զգացումներու եւ ազնուական ապրումներու:

Փաստօրէն, երբ ան իր քսաներեքամեայ տարիքին կը սիրահարէր անուշիկ աղջկայ մը` Ծովինարին, որուն նուիրած է իր ամէնէն սիրազեղ տողերն ու ապրումները, արդէն լոյսին կու գար մեր այս խենթ տղուն նկարագրային յատկութիւնը, որուն ցարդ ծանօթ չէին նոյնիսկ իր հարազատներն ու մօտիկ ընկերները:

Հուժկու սրտով եւ անկոտրում կամքի տէր Եղիկ այս պարագային մեզի կը ներկայանար բոլորովին տարբեր կերպարային յատկութեամբ մը: Մենք ականատես էինք այլեւս այն միւս կերպարին` սիրահար Եղիկին, որուն հոգին կ՛ալեկոծէր, սիրտը կը թրթռար այնպիսի ուժգնութեամբ, զոր հազիւ թէ կարենային ըմբռնել իր մօտիկ ընկերները:

Որովհետեւ Եղիկին սէրը ուրիշ էր, ինչպէս ինք` որ ունէր եզակի եւ իւրայատուկ կազմաւորում եւ նկարագրային բարեմասնութիւններ:

Եղիկի սէրը շատ կարճ տեւեց, հազիւ երկու տարի, որովհետեւ իր սիրահարութեան գագաթին, անոր հրեշտակ սիրուհին (ինչպէս ինք անուանած է միշտ գրութիւններուն մէջ), կը ճամբորդէ  Միացեալ Նահանգներ` վերադառնալու համեստ խոստումով մը:

Եւ արդէն, տարի մը չանցած, այս մեր սիրահար տղան կը նահատակուէր 3 ապրիլ 1989-ին, այս աշխարհէն հեռանալով անհաս սիրոյ մը հեքիաթային պատմութեան մը մղձաւանջով:

Այո՛, Եղիկ հեռացաւ այս աշխարհէն սրտաբեկ ու տանջուած հոգիով` իր սրտին մէջ ամուր պահելով Ծովինարին անուշիկ պատկերը:

Ան յաճախ երազեց ու երգեց, որ պիտի կարենայ հասնիլ իր սիրահարին, դիմեց ամէն միջոցի, որպէսզի վերագտնէ իր կորուսեալ սէրը, կրկին տեսնէ Ծովինարը եւ ապրի աստուածային սիրոյ գեղեցկութիւնը, սակայն, իրեն վիճակուած կեանքի ճակատագիրը այլ բան էր դասաւորած, որուն համար ափսոսաց, տխրեցաւ, ընդվզեցաւ, պոռթկաց, անիծեց իր բախտն անգամ եւ մեր տղան ինկաւ խոր ու անդարմանելի հոգեվիճակներու յորձանուտին մէջ:

Հակառակ իր սրտակից ընկերներուն գրեթէ ամէնօրեայ աջակցութեան եւ թիկունքին, Եղիկ իր սիրոյ պայքարին մէջ մնաց անդրդուելի եւ յանձնուեցաւ ամէնէն դառն հոգեվիճակներուն:

Իր իսկ խօսքով, Եղիկ պատահաբար կը հանդիպէր Ծովինարին, երբ կ՛անցնէր Պուրճ Համուտի մէկ փողոցէն եւ մուտք կը գործէր այն գրատունը, ուր կը պաշտօնավարէր իր ապագայ սիրուհին:

Եւ անոր աչքերն էին, որ առաջին հերթին կը կախարդեն մեր տղուն հոգին, կը գրաւեն անոր ուշադրութիւնը եւ կայծը կը վառեն անոր սիրոյ տոչորումներուն: Ամբողջ ամիսներ Եղիկի համար Ծովինարի հետ հանդիպումները (գրեթէ ամէնօրեայ) կը վերածուէին սիրային արկածախնդրութիւններու, մերթ ուրախացնող, մերթ տխրեցնող, բայց այդ պահերու ազդեցութեամբ Եղիկ կարծես կը ծնէր ամէն արեւածագին:

Օրէ օր Եղիկի բարի ու վեհափառ սիրտը տարբեր կը տրոփէր, անոր ամէնօրեայ կեանքին մէջ ի յայտ եկան զարմանալի հոգեխառնուածքային արտայայտութիւններ, ան այնքան ամուր սիրոյ պահուածքով մը կապուած էր Ծովինարին, որուն ինք շատ անգամ կ՛ակնարկէր ըսելով` տղա՛ք, Ծովինարի հանդէպ իմ սէրս սովորական չէ, այլ հոգեկան բարձր ու անբացատրելի վիճակ մըն է, որ հարկ է ըմբռնել:

Յիրաւի, այդպէս էր մեր տղուն սիրոյ ամէն մէկ խայծն ու ապրումը, ապա տուայտանքներն ու անոր առթած դառն անդրադարձները:

Յայտնապէս ընդգծումներուն ամէնէն վաւերական դրսեւորումները մենք կը տեսնենք Եղիկի գրութիւններուն մէջ, ուր կը հանդիպինք ոչ միայն անմիջական տպաւորութիւններու, այլ նաեւ` անկրկնելի վսեմ ապրումներու:

Եղիկ անյագ ընթերցասէր տղայ մըն էր: Ան իր սիրահար կեանքի այլապէս թովչանքն ու գեղեցկութիւնը ապրեցաւ Դանիէլ Վարուժանի, Մեծարենցի, Պարոյր Սեւակի, Շիրազի, Վահան Տէրեանի, Վահագն Դաւթեանի եւ բազում հայ մեծասքանչ բանաստեղծներու հոգեգրաւ տողերու գրաւչութիւնը պաշտամունքի վերածելով: Ան գրեթէ անգիր գիտէր Սեւակի եւ Շիրազի սիրոյ երգերը, կ՛արտասանէր եւ նոյնիսկ յաճախ երբ քէֆը տեղն էր ձայներիզի կ՛արձանագրէր:

Մեր այս տղուն ձեռագիրներէն (շատ անգամ անընթեռնլի, խառն ու անմշակ) ի յայտ կու գան այնպիսի մտածումներ, որոնք կ՛ապշեցնեն մեզ այն հասկացողութեամբ, որ հոն կը հանդիպինք եղիկեան այնպիսի զգացողութիւններու, որոնք անյարիր են անոր, այն առումով, որ մենք Եղիկը ճանչցած ենք իբրեւ կարծր նկարագիրի տէր երիտասարդ, որուն տոկունութեան, խիզախութեան, քաջութեան, անձնազոհութեան եւ ամուր կառուցուածքին մասին աներկբայօրէն կը վկայեն բոլորը անխտիր:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ իր անմիջական ընկերները` Արշակը, Գոգոն, Վահէն եւ ուրիշներ շատ մօտէն կ՛առնչուէին Եղիկի ամէն մէկ կեանքի թաւալքին, գիտէին ու կը փորձէին թեթեւցնել անոր ցաւերը, սակայն Եղիկի սիրոյ նմանատիպ խոհերուն եւ տուայտանքներուն նուրբ եւ ազնուահոգի տրոփներուն ամէնէն հարազատ արտայայտութեան մենք կը հանդիպինք իր գրած տողերուն մէջ:

Բարացուցական է Եղիկ սա տողը. «Սէրը չի ճանչնար ո՛չ եղանակ, ո՛չ ալ ժամանակ, անիկա ամէնօրեայ ապրում է եւ կեանք»:

Այլապէս ալ Եղիկ չէր ախորժեր սիրոյ օր կոչուած տօնէն:

Ու այս տողին ընթերցումէն ետք մեր մտապատկերին կ՛ուրուագծուէր այն սիրոյ պատկերը, որով ապրեցաւ մեր տղան ու միշտ երգեց կորուսեալ սիրոյ հեքիաթը:

Եղիկ Գայայեան գաղափարական տիպարին առընթեր մեզի նաեւ ժառանգեց եզակի սիրոյ քնքշութիւնն ու ազնուահոգի ապրումներու ամէնէն վսեմ հնչեղութիւնը:

Ան Ծովինարը սիրեց ինչպէս իր հայրենիքը, պաշտեց` ինչպէս Արարարը, աղօթեց` հոգիով ծնրադիր միայն սիրոյ աստուածներուն, փառաբանեց` հրեշտակներու ներկայութիւնը եւ յուզաթաթախ իր զգացումները յանձնեց այն հովերուն, որպէսզի իր սիրոյ երգերը տանին կորուսեալ սիրոյն:

Եղիկը համակ սիրոյ շունչ էր: Անոր կարօտը հրաբուխի տարերքը կ՛ապրէր ամէն վայրկեան, երբ յիշէր Ծովինարի դիմագիծը եւ արբենար անոր պատճառած ազնիւ, սակայն դառն սիրոյն մեծութիւնը:

Բնական է, որ Եղիկի սիրոյ զեղումները ունենային զգացական երանգներ, այդուամենայնիւ գերակշռող էր մէկ ու հիմնական արժէք` ազնուական հոգիի հրայրքն ու անփոխարինելիութիւնը:

Եղիկի սիրոյ հեքիաթը կը սկսէր հոն, երբ ան կը հեռանար այս աշխարհէն, առանց սիրոյ համբոյրին:

Իր մեծահոգի ու անբիծ սէրը մնաց մաքրամաքուր, ինչպէս ինք` աննման գաղափարական տղայ եւ ազնիւ ընկեր:

Եղիկ այնքա՛ն սիրեց իր Ծովինարը, որ միշտ ինքզինք մեղաւոր նկատեց եւ անոր սպասեց մինչեւ իր կեանքի աւարտը:

Կարմիր վարդ մը շիրիմիդ քու սիրոյդ` Ծովինարին կողմէ:

Յարգանք յիշատակիդ:

 

Նախորդը

Առիթ Տանք Երիտասարդին

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 5). Ութսունհինգամեայ Անսակարկ Վաստակ Հայ Ժողովուրդի Անդաստանէն Ներս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?