Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առիթ Տանք Երիտասարդին

Փետրուար 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի երիտասարդութեան ներդրումին:

Կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը նոր աւիւն ու կեանք է: Այսինքն, բոլոր մակարդակներու վրայ անոր ազգային, հասարակական, միութենական եւ քաղաքական մասնակցութիւնը իր դրական անդրադարձը կ՛ունենայ:

Պէտք չէ վախնանք անոնց համարձակ եւ խիզախ քայլերէն: Մեր աշխատանքներու շարունակականութիւնը կրնանք ապահովել միա՛յն անոնց դրական ներդրումով:

Ժամանակին ընդհանրապէս առիթ չէր տրուեր երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք զիրենք փաստեն: Երիտասարդներուն մուտքը դժուար ու անընդունելի էր տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Այսօր ժամանակը փոխուած է: Վերապահութիւններ կան աշխատելաոճի, մակերեսայնութեան եւ շարունակականութեան պահպանման իմաստով: Սակայն միւս կողմէ աշխատանքի դաշտերը բաց են. նոյնիսկ վերոնշեալ վերապահութիւններով, աշխատանքներ վստահելու պատրաստակամութիւնը առկայ է:

Երիտասարդութիւնը պէտք է վերցնէ ձեռնոցը, պէտք է հաւատայ համայնքին ծառայելու սկզբունքին: Ամէնէն կարեւորը` պէտք է շարունակական եւ հետեւողական ըլլայ իր կատարած գործին մէջ:

Յառաջիկայ տարիներուն լիբանանահայութիւնը մարդուժի հարց պիտի ունենայ: Փաստօրէն, մամուլի, գործավարութեան, կրթական, մշակութային գործիչի եւ հայագիտական պաշարով օժտեալ մարդուժի տագնապը տարուէ տարի աւելի զգալի կը դառնայ ու պիտի դառնայ:

Աւելի՛ն. մեր բարեսիրական եւ առողջապահական միութիւններուն մէջ նորարարութեան եւ նոր աշխատելաճի  վերաբերող որոշումներ պէտք է տրուին:

Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ մեր կառոյցներուն քաշողականութեան պակասը. ինչպէս հայ աշակերտը օտար վարժարան կ՛երթայ, այդպէս ալ հայ երիտասարդը կը նախընրէ օտար հաստատութիւններու մէջ ծառայել, որովհետեւ հայկական հաստատութիւններուն մէջ անապահով կը զգայ:

Մեկնելով այն սկզբունքէն, որ երիտասարդութիւնը միշտ ալ նոր թափ կու տայ աշխատանքներուն, ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայենք, որպէսզի առաւելագոյն չափով երիտասարդականացնենք մեր կառոյցները:

Մենք ընդհանրապէս կ՛ակնկալենք ու կը սպասենք, որ երիտասարդութիւնը երբ հասակ նետէ մեր դպրոցներուն եւ մեր միութիւններու շարքերուն մէջ, անպայման վերադառնայ մեզի: Սակայն կը մոռնանք, որ երիտասարդը դպրոցական կեանքէն ետք, երբ համալսարանական կեանքի կամ ազատ ասպարէզի մէջ նետուի, առանձին կը զգայ, որովհետեւ մենք տակաւին չունինք համալսարանական ֆոնտեր կամ աշխատանքի որոնման գրասենեակներ: Կեանքի այս մաշեցնող հեւքին մէջ, երբ ան առանձինն կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները, բնականաբար կը հեռանայ միութենական եւ այլ աշխատանքներէ: Պէտք է անպայման նկատի ունենանք վերոնշեալ պարագան, որպէսզի լաւապէս հասկնանք երիտասարդներուն վերապահութիւնները:

Այս բոլորէն ետք դարձեալ կը շեշտենք, որ երիտասարդութիւնը մեծ դեր ունի ստանձնելիք մեր այսօրուան եւ վաղուան աշխատանքներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Ապրել

Յաջորդը

Խոհեր` Սիրոյ Տօնին Առիթով. Ազնուահոգի Տղու Մը Սիրոյ Հեքիաթը (Եղիկ Գայայեանին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?