Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 5). Ութսունհինգամեայ Անսակարկ Վաստակ Հայ Ժողովուրդի Անդաստանէն Ներս

Փետրուար 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

10849011_341088892762551_2520462189664155191_oՈրք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին,
Հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի`
Հովուել զհօտ նոր Իսրայէլի,
Երգով քաղցրութեան հնչմամբ զԱստուած օրհնեսցուք:

Ահաւասիկ հեղ մը եւս կը հնչէ Թարգմանչաց վարդապետներուն  նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականը` աւետելով դպրեվանքի այս անգամ ութսունհինգերորդ վերամուտը: Ի՜նչ գեղեցիկ եւ իմաստալից աւանդութիւն մը: Մերօրեայ այս  գիտութեան, կրթութեան եւ  լուսաւորութեան կեդրոնէն` դպրեվանքին, կրթական տարեշրջանի ազդը հնչեցնել` մեր պատմութեան ամէնէն իրապաշտ, խորագէտ, խիզախ եւ լուսաւոր փաղանգի յիշատակի օրուան հետ զուգահեռ, ուխտելով հաւատարիմ մնալ անոնց վաստակին եւ ազգանուէր ծառայութեան:

Բաւ է առ մի նուազ  աչք նետել դպրեվանքի ութսունհինգամեայ պատմութեան եւ համոզուիլ: Այս մարդակերտման եւ հայակերտման ատրուշանը 1930-էն առ այսօր հայ ժողովուրդի ծառայութեան բագինին նուիրաբերած  է երեսուն տասնեակէ աւելի ուսուցիչ-մտաւորականներ, հարիւր յիսունէ աւելի քահանաներ, ընդհուպ հարիւր եւ աւելի կուսակրօն քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսներու ընտրանի մը:

Սիսէն մինչեւ Անթիլիաս, ապա Պիքֆայա, բազմամեայ վաստակ ժողովուրդի ծառայութեան ասպարէզէն ներս:

Աստուածածնայ եւ Ցեղասպանութեան հրապարակներու միջեւ, ճիշդ հատման կէտին, փառաշուք խոյանքով դէպի երկինք կը սլանայ այս հոգեկերտման կաճառը, ուր քաղցու սերունդներ, ազգայինն ու քրիստոնէականը միաձուլած, «պարծանքի խաչն առնելով` կը միանան Քրիստոսի խաչակիր գունդին», ծառայելով հայ ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու դպրեվանքը եղած է ծառայութեան,  գիտութեան, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն, ուր լոյս` ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրաները:

Եւ ահա, տասնեւեօթ տարիներ յետոյ յուզմունքով կը յիշեմ այն օրը, երբ դողդոջուն քայլերով մտանք դպրեվանք, ուր հոգեմտաւոր սնունդին առընթեր ստացանք միմիայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ դպրեվանքին իւրայատուկ այն ոգին, որուն այլուր դժուար թէ հանդիպինք, որուն իսկական իմաստը կարելի է քայլերգի սա տողերուն մէջ գտնել ` «Կրօնի հուրն եւ ազգի սէր, զուգեակ իղձեր սերտ եւ սէրն»:

Այս խորհուրդով եւ գաղափարաբանութեամբ է, որ մեզ թրծեցին, կռանեցին ու կոփեցին մեր կղերական թէ աշխարհական ուսուցիչները, որոնց անմահ յիշատակը եւ հարթած ուղին մէկ ընդ միշտ իմաստը պիտի դառնայ մեր կեանքին ու գոյութեան, նոյն ոգիով, հաւատարիմ մնալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, վերանորոգ ուխտով, նոր աւիշով, կիլիկեան ուխտի հայրապետներուն աղօթքներուն ներքոյ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հանճարով, դէպի նոր նուաճումներ, նոր տարեդարձներ, անսակարկօրէն ծառայելով  ժողովուրդի անդաստանէն ներս:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հայերէնի եւ գրաբարի ուսուցիչ
դպրեվանքէն ներս

Նախորդը

Խոհեր` Սիրոյ Տօնին Առիթով. Ազնուահոգի Տղու Մը Սիրոյ Հեքիաթը (Եղիկ Գայայեանին)

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Բազմամարդ Նշում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?