Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Հայաստանին Երկարած Մեր Ձեռքը Դարձեալ Օդին Մէջ Մնաց»

February 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_Erdogan«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ հայկական սփիւռքի ազդեցութեան պատճառով Հայաստանին երկարած իրենց ձեռքը միշտ օդը կը մնայ:

Քոլոմպիոյ մէջ կազմակերպուած «1915. Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն երկար տարին» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան յայտարարած է. «Քաղաքավարութեան կանոնները խախտելով յայտարարութիւններ կատարելով` խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ճամբան անգամ մը եւս փակեցին»:

Ան յիշեցուցած է, որ այս տարի կը նշուի «1915-ի դէպքերուն» 100-ամեակը, որ ճիշդ ձեւով` հայերու կողմէ թուրքերուն ու թուրքերու կողմէ հայերուն կատարածներուն առողջ քննարկումներով չի կատարուիր:

«100-ամեակի պատճառաբանութեամբ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայկական սփիւռքը շատ բացասական արշաւ կ՛իրականացնէ: Մենք` իբրեւ թրքական պետութիւն, քարոզչութեան ետեւէ չենք ինկած: Այդպիսի խնդիր չունինք: Մենք միշտ բաց սրտով, անկեղծօրէն փափաքած ենք, որ 1915-ի դէպքերը ճիշդ ձեւով ուսումնասիրուին եւ պատմուին», ըսած է ան եւ պնդած, որ 1915-ի արխիւները ընդլայնելու փորձ կը կատարեն եւ Հայաստանին ձեռք մեկնած են:

Էրտողան յիշեցուցած է անցեալ տարուան 23 ապրիլին յղած իր ուղերձը եւ ըսած. «Յարաբերութիւնները շտկելու, նոր էջ բանալու ջանքեր գործադրեցինք: Դժբախտաբար, նաեւ հայկական սփիւռքի ազդեցութեան պատճառով մեր երկարած ձեռքը ամէն անգամ օդը մնաց: Այս տարի, 100-ամեակին, մենք դարձեալ անկեղծօրէն եւ սրտանց կը կրկնենք` եկէ՛ք այս հարցը քաղաքական դաշտէն հանենք եւ գիտութեան ու գիտնականներուն յանձնենք», ըսած է ան:

Ակնարկելով 24 ապրիլին Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցութեան համար Հայաստանի նախագահին ուղղած իր նամակին` Էրտողան ըսած է. «Պիտի փափաքէինք, որ գային, 24 ապրիլին հանդիպէին, այդ մթնոլորտը փորձէին զգալ, հասկնալ, որ մենք ալ հազարաւոր զոհեր տուած ենք: Սակայն այդ մէկը չկատարեցին: Քաղաքավարութեան կանոնները ոտնահարող յայտարարութիւններով անգամ մը եւս փակեցին խաղաղութեան, երխօսութեան ճամբան: Մենք 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ խաղաղութեան ու երկխօսութեան ջանքերէն պիտի չհրաժարինք»:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Ռոհանին Իսլամական Յեղափոխութեան 36-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Խմբագրական. Խաղաղութեան Պարտադրանքը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.