Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին` Իսլամական յեղափոխութեան 36-ամեակին առիթով: Այդ մասին կը յայտնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: