
2015 թուականի աշնան Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկիրներու խաղաղապահ ուժերու մեծ ռազմափորձեր, լրագրողներուն յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա:
«Սեպտեմբեր-հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու մեծ վարժանքներ», ըսած է Ն. Պորտիւժա, կը յայտնէ «Ինթըրֆաքս-ԱՊՀ»-ն: Պորտիւժա նաեւ աւելցուցած է, որ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մեծ մարզումներ ծրագրուած են: ՀԱՊԿ-ին 6 երկիր կ՛անդամակցի. Ռուսիա, Հայաստան, Պիելոռուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան: