ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
– Ես ալ չեմ գիտեր… Կը քնանամ` մտածելով, որ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հրաժարիմ նման ծրագիրէ մը, սակայն յաջորդ առաւօտ ներքին ձայն մը մէջէս կը սկսի հնչել, զիս հանգիստ չի ձգեր, կը մղէ զիս Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանուածներուն վերաբերող պաստառներու ցուցահանդէս կազմակերպելու ծրագիրս իրականութիւն դարձնելու եւ այդ ստեղծագործութիւնները հատորի մը մէջ ամփոփելու…
Փետրուար 4-ին, ժամը 6:00-ին Ժալ էլ Տիպի «Սիւրֆաս լիպր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսի կազմակերպման դրդապատճառին մասին ուղղած` «ինչո՞ւ նման ծրագիրի մը նախաձեռնեցիք» հարցումին ի պատասխան այս միտքն ու զգացումներու ամփոփումը փոխանցեց անուանի եւ վաստակաւոր գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան:
«Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նուիրուած է ո՛չ միայն գեղանկարիչին 50 տարուան ստեղծագործական կեանքին, այլ նաեւ ձօնուած է հայութեան 100-ամեայ գոյատեւման, վերապրումին, պայքարին եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ տարած յաղթանակին:
Խօսող պաստառներ, աչքերուդ մէջ երկար ու խոր նայող տիպարներ, որոնք իւրաքանչիւր անգամ կրնան այլ պատգամ փոխանցել, սակայն անպայման ըսելիք ունին, կտակելիք ունին, հինէն դէպի նորը` արհաւիրքէն վերածաղկում կամուրջի դերով հանդէս գալու պարտականութիւն ունին: Հոն կան կերպարներ («Անորոշ կինը», «Անտունի», «Խելագարներ», «Ճշմարտութեան կալանաւորները», «Հաւատացեալ կինը», «Պոռթկացող մարդը» եւ այլն), դառն կացութիւններ («Բաժանում», «Սպասում», «Ամենայն կսկիծով», «Մօր մը տառապանքը», «Ինչ որ կը մնայ», «Սոսկումէն ետք», «Եկեղեցին հայկական» եւ այլն), տարբեր երեւոյթներ` մերթ կսկիծով լի, մերթ յոյսով («Դժոխային եղանակ», «Տեղի մը յիշատակը», «Ժողովուրդի մը ժառանգութիւնը», «Ճակատագիր», «Երազանք» եւ այլն): Պաստառները դիտելով Նորիկեանի հետ` «Թափօր»-ով կը կատարես «Ճամբորդութիւն… դէպի» «Երազային յաղթանակ»` «Ամենայն կսկիծով», «Վայրի մը յիշողութեամբ», «Անվերջանալի ճամբով» եւ այն համոզումով, որ «Կեանքը թատրոն մըն է»…

«Այս ցուցահանդէսին պատրաստութիւնը զիս շատ յոգնեցուց թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ յատկապէս բարոյական իմաստով, որովհետեւ ամբողջ աշխատանքը առանձինս կատարեցի: 1966-էն մինչեւ օրս 50 տարուան նկարչութեանս ուղիով յետադարձ կատարեցի, հին պաստառներ մէջտեղ հանեցի, անոնց հետ` յիշատակներ, յոյզեր, ապրումներ: Ասոնք բոլորը Ֆրանսայի մէջ գծուած են, մաս մը արդէն փաթթուած եւ այդպէս պահպանուած էր, ուրիշներ այդպէս ձգած էի, այս բոլորը համախմբեցի, պատրաստեցի եւ նկարել տուի, որպէսզի գիրքը հրապարակուի: Այս ցուցահանդէսը պատրաստուեցաւ «Յետադարձ հայեացք» խորագիրով, անիկա ամփոփում մըն է իմ հաւաքածոյիս մէջ պահուած գործերուն, որոնք յատկանշական իմաստ ունին ինծի համար: Անիկա կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ու կը նուիրուի անոր», ըսաւ Նորիկեան` պատասխանելով այն հարցումիս, թէ որքա՞ն ժամանակ եւ ջանք պահանջեց այս զոյգ ծրագիրները կեանքի կոչելը:
Զրոյցը շարունակելով` կը յանդգնիմ հարցնել, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառներ գծելու ընթացքը ժամանակի թաւալումով փոփոխութիւն կրա՞ծ է: Քիչ մը բարկացած, սակայն յուզումով կը պատասխանէ. «Իմ գործերուս մէջ ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի, իմ գործերուս մէջ կայ տեղահանութիւն, կայ գաղթ… Զիս բռնի ուժով հանեցին տեղէ մը եւ այլ, անորոշ տեղ ղրկեցին, իմ բնակած տարածքս առին: Խորքին մէջ ես տեղահանութիւն չգծեցի, ես նկարիչ եմ, նկարչութիւն ըրի, բայց այն մշակոյթը, մտայնութիւնը, ապրումները, որոնք որպէս ժառանգ մեզի փոխանցուեցան մանկութենէս, ինքնաբերաբար կ՛արտացոլան, կը դրոշմուին պաստառին վրայ եւ անկէ արուեստասէրին կը փոխանցուին: Ա՛յս է գաղափարը, ես նկարչութիւն ըրի, Հայ դատի հետապնդում չեմ տեսներ իմ նկարչութեանս մէջ, ես նկարեցի եւ ներաշխարհէս պաստառին վրայ ցոլաց այն, ինչ որ մէջս կար փոքրուց: Ես գաղթականի մը զաւակն եմ, մենք հասակ նետեցինք` լսելով մեր երէցներուն կողմէ տեղահանումին մասին պատմութիւններ:
«Ես տեղահանութիւն չունէի մտքիս մէջ, երբ այս պաստառները գծեցի, նոյնիսկ ծաղիկ մը, պտուղ մը գծելու ատեն մէջը մեր կեանքը կը տեսնէի, կը խօսէին ինծի, կը յուշէին, որ մեծ ծնողներս ինչե՜ր ապրեցան. դժբախտութեան եղանակ մը կար մթնոլորտին մէջ, լաց ու կոծ չկար, սոսկում կար, մենք չմեռանք, մէկուկէս միլիոն կորսնցուցինք, բայց չմեռանք, մենք կեանք առինք, թշնամին շատ գէշ բան ուզեց ընել, սակայն ատիկա հայութեան համար նաեւ այլ անդրադարձ ունեցաւ, հունտը աշխարհին չորս ծագերուն նետուեցաւ, եւ մենք այսօր ամէն տեղ ներկայութիւն ենք, քաղաքականութեամբ կը զբաղինք: Պէտք չէ միայն լալով յաղթանակ տանինք, ցաւին ու տառապանքին մէջէն պէտք է զտենք գեղեցիկը եւ ըսենք, որ ասիկա լաւ էր մեզի համար, ասիկա յոյս ու ուժ տուաւ, որպէսզի գոյատեւենք: Մեծ ծնողներս Ատանայէն են, մեծ հայրս ձիուն վրայ եղած պահուն սպաննուած է, տնեցիք յաճախ կը պատմէին, թէ ինչե՜ր տեսած են, ինչերէ անցած են, այս բոլորին մէջ մենք հասակ նետեցինք, ուստի այդ բոլորը արմատ նետեցին մեր մէջ: Յատկանշական է, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին գոյատեւման խնդիրը նաեւ մեզի փոխանցուեցաւ, հայրս մտահոգ էր ինձմով, որովհետեւ կ՛ըսէր, թէ արուեստը հաց չի կերցներ, իսկ հայը պէտք է անպայման իր ապրուստի ապահովման մտահոգութեամբ ապրէր»:
Մտածումներու աշխարհին մէջ կը տարուի Նորիկեան, նաեւ` զգացումներու, անցեալի ու ներկայի համախմբուող եւ իրարու հակասող երեւոյթներով եւ իրականութիւններով. կարճ լռութենէ ետք կը շարունակէ. «Արշիլ Կորքիի գործերուն մէջ ալ մենք ատիկա տեսանք, ի՞նչը տեսանք, նկար մը տեսանք` մօր եւ իր, ատիկա իր հայրենաբաղձութիւնն էր, ատոր ընդմէջէն հին օրերը, կեանքը կը յիշէր, բայց նկարչութիւնը միւսն էր, որ կապ չունէր անպայման պաստառին իմաստին հետ, այլ կայ հմտութիւնը, արուեստի ուրույնութիւնը, վարպետութիւնը եւ այլն: Մենք է, որ կը կապենք այդ նիւթին, այս ալ մեր հիւանդութիւնն է, մենք բարդութաւորուած ենք Ցեղասպանութեամբ: Կը բաւէ ալ, 100 տարիէ ի վեր կու լանք. իմ գործերուս մէջ մեռած մարդ չկայ, լալկանութիւն չկայ, պարզապէս տեղահանութիւն կայ, կայ ընթացք դէպի այլ կեանք մը, սակայն` ոչ մահ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր գործերուն ընդմէջէն ի՞նչ կ՛ուզէ փոխանցել, Գրիգոր Նորիկեան կը նշէ. «Պատգամը պէտք է առնէ իւրաքանչիւր արուեստասէր: Ես ազգային հարցերու ետին չեմ թաքցներ գործերս, ես պատգամ փոխանցել եւ դասեր տալ չեմ միտիր, դժգոհութիւն կը յայտնեմ, ես դժգոհ եմ բնութենէն, մարդէն, կատարուածէն: Ասիկա խորքին մէջ միայն մեր պոռթկումը չէ, մեր կրած արհաւիրքը չէ լոկ, այլ մարդկութեան դէմ եղած ոճիրի մը առիթով ցասումն է: Կ՛ընդվզիմ առանց ոեւէ մէկուն հետ թշնամութեան, եթէ նոյնիսկ թշնամին դիտէ, պիտի հաւնի նկարը իբրեւ նկարչութիւն, իսկ եթէ խորանայ անոր մէջ, այն ատեն կրնայ չհաւնիլ, որովհետեւ իրեն համար անախորժ իրականութիւն մը կը ցոլացնէ: Պատմական հանգրուանի մը յաւերժացումը կը հանդիսանան այս պաստառները:
«Ըսեմ, որ ես այս ներքին զգացումը ունեցող առաջին նկարիչը չեմ, վերապրող սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ ապրածներուն մօտ ատիկա միշտ կայ, տառապանքի զգացողութիւնն է, որ ուզենք կամ չուզենք, ինքզինք կը պարտադրէ: Ասիկա եւրոպացիին համար մեծ իմաստ չունի, անցեալ է եւ աւարտեցաւ` կ՛ըսէ ու վե՛րջ, սակայն նման բան չկայ, ոչինչ կ՛աւարտի եւ վե՛րջ: Խորքին մէջ իրենք ալ պատերազմէն ետք անոր անդրադարձին վերաբերող շատ բան գծեցին, սակայն այսօր այդ բոլորը շրջանցած են:
Գրիգոր Նորիկեանի պաստառներու այս շարքը իր խորունկ իմաստով եւ ներհուն պատկերներով ունի իւրայատուկ կշիռ:

«Երբեմն ինծի կ’ըսեն. «Պարո՛ն Նորիկեան, ձեր գործերը տխուր են, հիւրասենեակին մէջ չեն դրուիր», սակայն ես արդէն իբրեւ զարդ չեմ գծած այս գործերը, անոնք յիշողութեան եւ անմոռացութեան գործեր են: Բայց հետաքրքրական է նաեւ այն, որ այդ արտայայտութիւնները ունեցողները աւելի ուշ կը գնեն գործերս, որովհետեւ անոր մէջ կ’ուզեն ապրիլ, որովհետեւ կը զգան` ի՛նչ կայ պաստառին մէջ, անոր խորքերուն մէջ: Հոն կայ փաստը, որ մենք չմեռանք, հակառակ անոր որ ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի մեր մշակոյթը ոչնչանայ, սակայն բազում փաստերու կողքին այս պաստառները եւս վկայութիւն են մեր վերապրումին, մեր մշակոյթի վերածաղկումին»:
Յատկանշական է, որ Գրիգոր Նորիկեանին ցուցահանդէսը անձնական նախաձեռնութեամբ կը կատարուի, նաեւ հովանաւոր չունի. «Եթէ դուն բան չընես, ընող չկայ, ատոր համար անձամբ կատարեցի բոլոր աշխատանքները, չուզեցի մեկենաս ունենալ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ փոխանակ մեկենաս ունենալու եւ փոխարէնը` պաստառներ նուիրելու անոր, ճիշդը պիտի ըլլայ այն, որ մարդիկ գան, պաստառները գնեն, որպէսզի արուեստագէտը բնական հունով եւ ընթացքով կարենայ շարունակել իր ստեղծագործական աշխատանքը` առանց բարերար ունեցած ըլլալու այդ իրավիճակին, շնորհակալ եւ քիչ մը ճնշուած ըլլալու կացութեան մէջ դրուելու»:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տարբեր ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին, որպէսզի նաեւ արուեստի ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող իրականութիւններ եւ երեւոյթներ փոխանցուի հանրային կարծիքին: Այս մասին գեղանկարիչը կը նշէ. «Ասիկա ամէնէն ճիշդ ճամբան է, ամէն ինչ փորձեցինք եւ ի վերջոյ պէտք է համոզուինք, որ միշտ պատերազմով ու զէնքով չէ, որ կրնանք նուաճումներ արձանագրել: Թշնամին շատ աւելի կը վախնայ մեր մշակոյթէն, մեր նկարչական աշխարհէն, քան` մեր զէնքերէն: Ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուած են նկարներ ու պաստառներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչ որ ազդու զէնք է, մեծ ուժ կը ներկայացնէ, որովհետեւ առ երեւոյթ արուեստի գործեր են, սակայն անոնք կը բովանդակեն անմարդկայնութեան դրսեւորումը, մարդկային անարդարութիւնը»:
Սերունդներ շարունակ Ցեղասպանութեան անդրադարձը կրած են իրենց վրայ, ինչ որ նաեւ դրսեւորուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ: Այս երեւոյթը արդեօք այսօր ալ զգալի՞ է հարցումիս ի պատասխան` Նորիկեան կ’ըսէ: «Ասիկա ալ յաւերժական չէ, մենք պէտք է քիչ քիչ ասկէ դուրս ելլենք, մեր ամբողջ գրականութիւնը, մշակոյթը ազգային է: Հասկնալի է, այն ատեն կարօտ ունէինք, որովհետեւ չունէինք պետութիւն, ազատութիւն: Այսօր ունինք ազատ հայրենիք, որուն արժէքը պէտք է գիտնանք: Այսօր դռները բաց են, եթէ չենք հաւնիր այդ հայրենիքն ու ազատութիւնը, պէտք է մենք երթանք անձամբ բան մը փոխելու, դուրսը նստած` պէտք չէ քննադատել, պէտք է կարելի եղածին չափ գործակցութեան կամուրջներ ստեղծել: Դժուարութիւններ կան բնականաբար, բայց այս հարցերով մենք կրնանք իրարու հետ շաղուիլ, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մշակութային առումով որոշ տարբերութիւն կայ, նկարչական գետնի վրայ եւս մեր տեսակէտները քիչ մը տարբեր են, սակայն եթէ այս բոլորը շաղուին, նոր ու մէկ միտք կ՛ունենանք: Այսօր նկարիչները այլեւս Հայաստանէն պիտի ծնին, արտասահմանի մէջ մենք մշակոյթի ղեկավար մարմին չունինք, պաշտպան չունինք, յաւիտենական գաղթական ենք մենք ու այդպէս ալ պիտի մեռնինք»:
«Բայց սփիւռքին մէջ բազմաթիւ տաղանդներ ծնունդ առած են» մատնանշումիս արձագանգելով` գեղանկարիչը կը պարզաբանէ իր գաղափարը: «Այո՛, ունինք, բայց բոլորն ալ գաղթական են, գաղթական ալ պիտի մեռնին, իրենց գործը գոնէ գաղթական չմնայ ու իր նպատակին հասնի: Ինծի երբեմն հարց կու տան, թէ գործերս Հայաստան չե՞մ ուզեր ղրկել, կը պատասխանեմ, որ այդքան նկարիչ կայ հոն, որ ինձմով չեն հետաքրքրուած: Բնականաբար, եթէ անձամբ պաստառը տանիս տաս, պիտի չմերժեն, սակայն հարցը հոն չէ, այլ կարեւոր է այն, որ իրենք գիտակցին պաստառին ներկայացուցած արժէքին ու կարեւորութեան եւ դիմեն զայն ունենալու: Այս իմաստով կազմակերպուածութիւնը տկար է մեր մէջ, յոյսով պէտք է ապրիլ, որպէսզի կարենանք այդ հանգրուանին ալ հասնիլ եւ արուեստը աւելի բարձր մակարդակի հասցնել, արժէքները ճշդուին, իւրաքանչիւրին իր տարողութիւնը տալ:
«Դժբախտութիւնը այն է, որ մենք ղեկավար չունինք արուեստի բնագաւառին մէջ, ինչպէս է պարագան, օրինակ, նուագախումբի մը, որ գեղարուեստական հիմնական ղեկավար չունի, այն ատեն այդ նուագախումբէն ի՞նչ կարելի է ակնկալել: Նկարչութիւնն ալ նոյն է, ամէն մարդ կը նկարէ, ես մէկը քննադատելու իրաւունք չունիմ, բայց պէտք է ըլլայ ղեկավար մը, որ ղեկավարէ նկարչութիւնը, դասաւորէ եւ ճշդէ արժէքները:
«Պէտք չէ նստիլ ու սպասել, որ այս բոլորը ինքնաբերաբար ըլլան, այլ մենք պիտի ընենք, միշտ պէտք է յոյսով եւ ակնկալութեամբ ապրիլ: Հայաստանի՛ մէջ պէտք է շինենք ու կառուցենք, այլեւս օտար երկիրներու մէջ պէտք չէ շինարարութիւն կատարենք, պէտք է գիտակցինք, որ սփիւռքի մէջ մաշումը սկսած է, մանաւանդ արհեստագիտութեան այս հոսանքին մէջ ձուլումը աւելի արագ կ՛ըլլայ: Հայրենիքի մէջ ամէն ինչ կայ, թող երթան եւ հոն ուսանին, հոն ընտանիք կազմեն, հիմք դնեն: Մենք հայրենիքին մասին հակաքարոզչութիւն կ՛ընենք, սակայն այս ըսելով` չեմ ուզեր ըսել, թէ աժան հայրենասիրութիւն է ըրածս, սակայն եթէ բան մը կ՛ուզես փոխել, հո՛ն պէտք է երթաս եւ անձամբ մասնակից ըլլաս փոփոխութեան եւ ոչ թէ հեռուէն քննադատենք: Հայրենիքը երիտասարդներուն կարիք ունի»:

Ի՞նչը կը ներշնչէ Նորիկեանը. «Ներշնչումը կեանքի գեղեցկութիւնն է, ինչպէս որ առտու կ’արթննաս, պէտք է սուրճ խմես, նախաճաշ ընես, կէսօրին ճաշես եւ օրուան միւս սովորութիւն դարձած բաները կատարես, այնպէս ալ ինծի համար նկարչութիւնն ու աշխատանքը պարտականութիւն ու պահանջ են: Արուեստ ընելը շատ դժուար է, դիւրին բան չէ, բայց այդ դժուարութիւնը պէտք է ընել սիրով, ապրումով եւ կիրքով: Ենթադրենք, որ պատահի այնպէս, որ քանի մը շաբաթ չկարենամ նկարել, ճամբան կարծես ծուռ եւ ընկճուած կը քալեմ, բացակայ բան մը կը զգամ կեանքիս մէջ, սակայն երբ սկսիս նկարել, պայքար մը կը սկսի վրձինով, գոյներու միջեւ, ներկապնակին հետ կապ մը: Դուն կը պայքարիս բանի մը համար, եւ հոն ծնունդ կ’առնէ գաղափարը, ներշնչումը: Այս է կեանքի ամէնէն գեղեցիկ կողմը, ինծի համար ամէնէն հաճելին այդ վայրկեաններն են, աշխատանոցը սրբավայր է ինծի համար, երբեմն չեմ ուզեր բարեկամներ յաճախ այցելեն աշխատանոց, որովհետեւ հոս ես ուրիշ աշխարհի մէջ կ’ըլլամ, անջատուած` ամէն ինչէ: Ասոնք պարզ բառեր չեն, ապրում են, գիշերը երբեմն քունս կէս ձգած` կ’ուղղուիմ դէպի պաստառ, կը խօսիմ անոր հետ: Պաստառը պէտք չէ միայն դիտել, այլ պէտք է զրուցել անոր հետ: Երբեմն ցուցահանդէսներու արուեստասէրներ կու գան եւ արագօրէն աչքով կը դիտեն միայն ու կը հեռանան, սակայն հոն արդէն չամբողջացաւ արուեստի փոխանցումը, պէտք է զրուցել պաստառին հետ, փորձ կատարել զայն հասկնալու. դուն քու մէջդ պիտի հասկնաս, պաստառին ընդմէջէն պէտք է դուն քեզ փնտռես, ըսուելիքները ընկալես»:
Հետաքրքրական զրոյցի աւարտին, այս անգամ առանց հարցում ուղղելու, Գրիգոր Նորիկեան կը բանայ պատկառելի հատորը եւ ցոյց կու տայ իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մը. «Ասիկա հայրս է, այս ալ ես եմ… երեւակայութեամբ: Ամէն ապրիլ 24-ին թաղին տղամարդիկը կը հաւաքուէին Լեւոն աղային տունը, հազիւ 7-8 տարեկան էի, երբ հայրս գրեթէ բռնի ուժով, ձեռքս սեղմած` զիս ալ իրեն հետ տարաւ: Երէցները ալ հարց տուին, թէ այս պատանին ինչո՞ւ հոս է, հայրս ըսաւ, թող մտիկ ընէ մարդուն պատմածը, հետաքրքրական է: Լեւոն աղան Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող էր, դաշոյնի հարուած ստացած է կռնակէն, կը բանար ու ցոյց կու տար, կը պատմէր իր ապրած տառապանքներուն մասին: Քիչ մը մտիկ ընելէ ետք կամացուկ մը փախուստ տուի, որովհետեւ պատանիի մը համար հաճելի չէր նման բաներ լսել, սակայն շատ բան մտաւ մէջս, տարիներ յետոյ ատիկա սկսաւ ինքզինք պարտադրել, ներկայութիւնը փաստել: Այս բոլորը կը պարտիմ հօրս, իր այն ատեն պատմածներուն, իրեն իբրեւ յարգանք` այս նկարը գծեցի»:
Կ’աւարտի զրոյցը… վերջին հաստատումով Նորիկեան ինքնաբերաբար կը պատասխանէ առաջին հարցումիս, կը պատասխանէ ոչ միայն իր կողմէ, այլ` մեծաթիւ հայութեան, պաստառներուն մէջ տողանցող կերպարներուն եւ տիպարներուն կողմէ: